ՊԵՏՐՈՍ ԱԼԱՀԱՅՏՈՅԵԱՆ
Համայն հայութիւնը անխառն ցնծութեամբ դիմաւորեց 2009ի հայկական հիմնադրամի (Լոս Անճելըս) 16 միլիոն տոլարէ աւելի գոյացումը որ պիտի յատկացուի առաւելաբար կամ ամբողջութեամբ Շուշիի վերակառուցման։
Համայն հայութիւնը պիտի տրտմի եւ ափսոսայ երբ իմանայ որ Շուշիի դպրութեան գոհարը եղող Դանիէլ Ղազարեանի (1883-1958) անուան երաժշտական-ակադեմական համալիր դպրոցին նոյնիսկ 100.000 մը չէ յատկացուած։
Շուշին, Արցախի սիրտը, ունեցած է մշակութային փառաւոր անցեալ, մանաւանդ ԺԹրդ դարու 20ական թուականներէն մինչեւ Մարտ 23, 1920, երբ թրքա-ազերի խուժանը քաղաքը հրոյ ճարակ ըրաւ, մինչ նոյն այդ 1920 տարին Ստալինը Արցախը կը յանձնէր Ատրպէճանին։ Այսօր, թէեւ Շուշին եւ Արցախը վերագտած են իրենց հայկական դիմագիծը, բայց աւերի ու քանդումի հետքերը կը շարունակեն մեզ յիշեցնել Վիքտոր Հիւկոյին պատմական խօսքը՝ «Թուրքերը անցած են այդտեղերէն»։
Շուշիի մշակութային անցեալը մտասեւեռումը եղած է արժանաւոր հայ քանի մը մտաւորականներու, որոնք գրագէտ Մուրացանի, պատմագէտ Լէոյի, երգահան Դանիէլ Ղազարեանի ծննդավայրը վերածաղկած տեսնելու տենչանքով ձեռնարկեցին կառուցողական վեհ գործի։ Այդ մեծ իտեալով սնուած մտաւորական երաժիշտ, երգիչ եւ գեղանկարիչ Կարեն Ղարիպեան 1993ին այցելելէ ետք Շուշի, ի տես անոր աւերակներուն, կ՛ուխտէ ի գին ամէն զոհողութեան, հիմնել երաժշտանոց-ուսումնարան։ Առ այդ, կը կազմէ իր նման յուսալքութիւն չճանչցող տղաներով կոմիտէ մը որուն նպատակն էր վերականգնել Շուշիի հին փառքը, սկսելով անոր փոքրիկներուն մատակարարել երգ-երաժշութիւն-արուեստ-դպրութիւն։
Շուշիի քաղաքապետը կը յօժարի Կարենի եւ, իր նման յանդուգն, Արա Եահինեանի գլխաւորութեամբ այս խումբին տրամադրել կիսափուլ 3 կառոյցներ։ Գլխաւոր կառոյցը կրնար ունենալ 34 դասարաններ, մէկ համերգասրահ եւ յարակից յարմարութիւններ։ Միւս երկու կառոյցները պիտի ծառայէին պատսպարելու 200է ոչ պակաս գիշերօթիկներ։ Ղարիպեանի այցելութենէն երկու տարի ետք, 1995ին, ծայր կ՛առնեն սկզբնական պատրաստութիւնները «անծայրածիր եւ ամէն ինչ պակսող դժուարութիւններով», կը պատմէ Ղարիպեան։ «Հայաստանի հետ միակ կապը հանդիսացող Լաչինի ճամբան գործնականապէս բանի չէր նմաներ եւ յարատեւ ռմբահարման ենթակայ էր. ելեքտրականութիւն չկար, վառելանիւթը՝ հազուագիւտ եւ չափազանց թանկ։ Քաղաքը կը գտնուէր բարձունքի վրայ. մեր տրամադրութեան տակ ունէինք միայն մէկ փոխադրակառք եւ բեռնաբարձ մեքենայ մը։ Մեր առաջին գործը եղաւ Հայաստանէն բերել կրափոշի 4 բեռնակառք լեցուն։ Այդ օրերուն Երեւանէն դէպի Շուշի 10 ժամ կը տեւէր, սակայն բեռնակառքերուն երեք հատը ամբողջ երեք օր յատկացուցին մինչեւ Շուշի, իսկ չորրորդը աւելի ուշացաւ ռմբակոծումի պատճառաւ։ Շուշին ունէր այդ սեւ օրերուն միայն 3 հազար բնակիչ՝ կիներ, ծերեր, մանուկներ, վիրաւոր մարտիկներ։ Ստիպուեցանք աշխատող ձեռքեր որոնել մօտակայ քաղաքներէն, Գորիս, Սիսիան, Եղէգնաձոր։ Վարձեալները միայն մէկ ամիս յօժար էին աշխատիլ։ Ամէն բան ձեռքով կը կատարուէր, աւազ եւ չիմենտ կռնակի վրայ պէտք էր կրել մինչեւ երրորդ յարկ»։ Շուշիին ծաղկումին համար ամէն ոք յօժար էր տաժանակիր աշխատանքի լծուիլ առանց տրտնջալու։ Սակայն Շուշին ունէր ձմեռնային դաժան ամիսները, ուստի դպրոցին վերակառուցումի այդ աշխատանքները տեղի կ՛ունենային Ապրիլէն Հոկտեմբեր երկարող ամիսներուն միայն։
Հակառակ այս անհաւատալի պայմաններուն, Երաժշտանոցը հերոսական վերելքով կը կառուցուէր։ 1995ի ձմեռուայ նախօրեակին գլխաւոր կառոյցին երեք տանիքները վերանորոգուած էին, սակայն ուրախութիւնը կիսատ մնաց։ Հաւաքուած գումարները սպառելու մօտ էին իսկ թարմ նուիրատուութիւններ չէին հասներ։ Միւս կողմէ ինֆլէյշընը պատճառ կը դառնար ապրանքներու սղաճին։ «Ստիպուած եղանք քանիցս կեցնել եւ ընդհատել շինութիւնը մինչեւ նոր դրամահաւաք. շինանիւթերու պակասը ուրիշ լուրջ հարցերէն էր», կը շարունակէ պատմել Կարենը մեզի ցոյց տալով գեղեցկօրէն դրուած, թէեւ անաւարտ, գլխաւոր սրահին մուտքին նկարները։ «1997ին մեծ դժուարութեամբ Իրանէն բերել տուինք, Մեղրիի կամուրջէն անցնելով, ապակիէ պատուհանները. գինը՝ $3,000»։ Հայկական Միացեալ ֆոնտը Լոս Անճելըսէն օգնութեան կը փութայ մօտ 21,000 տոլլարով։ «1997ի Սեպտեմբերին յաջողած էինք մեր տրամադրութեան տակ ունենալ 16 դասարան»։ Այսպէս, ի գին գերմարդկային ճիգերու, Սեպտեմբեր 7, 1997ին Շուշիի Դանիէլ Ղազարեան Երաժշտական դպրոցը իր դռները կը բանայ 35 երկսեռ աշակերտներով։ Բացման արարողութիւնը կը կատարուի, առաջին անգամ ըլլալով, Արցախի Հանրապետութեան սեփական նոր դրօշի տակ, տեղւոյն եւ Հայաստանի պետական այրերու ներկայութեան։
Այսօր, Շուշիի երկճիւղ, երաժշտական-ակադեմական Դանիէլ Ղազարեան դպրոցը ունի 13 տարուայ հերոսական անցեալ եւ մօտ 150ի հասնող աշակերտութիւն։ Դպրոցին 11 կարգերը կը յաճախեն նաեւ շրջանի գիւղ-քաղաքներէն մեծ թիւով ուսումնատենչ փոքրիկներ։ Մեր տրամադրութեան տակ դրուած է ցանկը վերջին երեք տարիներու շրջանաւարտներուն, ապա՝ Ստեփանակերտի թէ Երեւանի երաժշտանոցներուն եւ քոլէճներուն մէջ իրենց ուսումը շարունակող աշակերտներուն ցանկը։ Նաեւ դպրոցէն ներս կը գործէ Էտվին Իսաղօլեանի անուան արուեստի աշխատանոցը ուր աշակերտները կը զարգացնեն իրենց նկարչական կամ այլ արուեստի հակումները։ Դ. Ղ. անուան դպրոցի աշակերտներէն ոմանք մասնակցած են զանազան փառատօներու (օրինակ 2009ի Առնօ Պապաջանեանի անուան մրցոյթ-փառատօնին) եւ գրաւած պատուաւոր պատուանդան։ Տնօրէն Կարեն Ղարիպեան առաջին օրերէն մինչեւ օրս ճիգ չէ խնայած այս դպրոցին առաւելագոյնը պարգեւելու համար։ Իր մենահամերգներուն հասոյթները ամբողջութեամբ նուիրած է իր փայփայած դպրոցին. կազմակերպուած են դրամահաւաքի ճաշկերոյթներ։ Դ.Ղ.Դպրոցին սատար կանգնող Քալիֆորնիոյ կազմակերպութիւնը ճանչցուած է իբրեւ ոչ շահաբեր կազմակերպութիւն մը.
Shushi Music School Society Inc. A Non-Profit Organisation
A468463, FTB # 1752546 SM5SS, Tax ID 95-4514194
2415 CANADA Blvd, CA 91208
Annual Sponsorship per Student։
$500
Musical Instruments $700-$7000
Website: www.shushischool.org
Contact person:
Miss Selma Hovsepian 818-577 8480
Այժմ Դ.Ղ. անուան դպրոցը կը դիմագրաւէ չափազանց լուրջ նիւթական դժուարութիւններ։ Մենք, այս դպրոցին բարգաւաճումին սատարողներս, հայ մշակոյթի ծառայող արուեստագէտներու եւ հայ դպրութեան հետամուտ խմբակը կը յայտնենք մեր խոր մտահոգութիւնը այս հոյակապ կեդրոնին առնչութեամբ։ 2009 Նոյեմբերին, Գոհաբանութեան օրը, համահայկական ճիգերով գոյացաւ աւելի քան 16 միլիոն տոլար։ Արդեօք, Շուշիին համար հանգանակուած այս հսկայ գումարէն փշրանք մը չի կրնա՞ր հասնիլ այսքան զոհողութեամբ եւ դժուարութիւններով գոյացած Դ.Ղ. դպրոցին։ Տարազ մը չկա՞յ որու խողովակով հիմնադրամի ղեկավար այրերը, եթէ ուզեն, կարենան այս դպրոցն ալ, իբրեւ կենսական հիմնարկ, մաս կազմել տալ նախաձեռնուած Շուշիին վերելքին սատարող շինարարութիւններուն։ «Ըսէ ինծի ինչպէս եւ ինչ բանի կը գործածես դրամդ եւ մարմինդ, ըսեմ քեզի դուն ով ես»։
Փետրուար 2010, Կլենտէյլ