Վարդանանք իրենց կեանքի սկզբունքներով, հայ ժողովուրդի եւ եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ ապահոված են բացառիկ արժեւորում։ Նահատակներուն մէջ Վարդանը արդէն խորհրդանիշ դարձած է քաջութեան, համբերութեան, հայրենասիրութեան՝ անշեղ հաւատքի։ Այս առիթով է, որ «Փիլիպոս»ի մանկապարտէզէն մինչեւ երկրորդ կարգի աշակերտները, հագած Վարդանի սաղավարտները՝ Երեքշաբթի, Փետրուար 9ին այցելեցին Ս. Կարապետ եկեղեցին՝ յարգելու համար ազգային եւ կրօնական գաղափարապաշտ հերոսներուն յիշատակը։
Աշակերտները իրենց ուսուցչուհիներուն ընկերակցութեամբ աղօթեցին, ապա ոտանաւորներ արտասանեցին ի պատիւ Վարդան Մամիկոնեանի։
Չորեքշաբթի, Փետրուար 10ին, «Փիլիպոս»ի մարզադաշտին մէջ կը տիրէր խանդավառ մթնոլորտ մը։ Մանկամսուրի, առաջին եւ երկրորդ կարգի աշակերտները, երկու ժամուան տեւողութեամբ վայելեցին մարզական խաղեր՝ գործադրելով Բարեկենդանի նպատակը, որ հին ժամանակ կը զուգադիպէր Նաւասարդին, երբ ժողովուրդը կը համախմբուէր բացօդեայ վայրեր, տօնական խաղեր կ՛իրագործէր, կ՛երգէր, կը պարէր ու մարզական մրցումներ կը կատարէր։
Մրցումները աւարտելէ ետք աշակերտները ծպտուեցան իրենց պատրաստած եւ գունաւորած խոշոր շապիկներով, ապա դիմակներ դրած իրենց դէմքերուն՝ տողանցեցին, նուագեցին եւ պարեցին վարժարանի շրջափակէն ներս, երգելով Բարեկենդանի երգերը։
Այսպէս, մեր աշակերտները Փետրուար ամսուն հարազատօրէն վառ պահեցին մեր հայկական աւանդութիւնները։