ԼԻՈՆ.- Չորեքշաբթի, Մարտ 3ի յետմիջօրէին, Ֆրանսայի Լիոն քաղաքի բնակիչ տասնեակ հայեր, անտեսելով ցուրտ եւ անձրեւոտ եղանակը՝ հաւաքուեցան «Եուրոնիուզ» կայանի կեդրոնատեղիին դիմաց, իրենց բողոքը արտայայտելու համար վրացական իշխանութեան կողմէ ջաւախքահայութեան նկատմամբ իրականացող խտրական քաղաքականութեան դէմ:
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Ֆրանսայի Ռոն Ալփ նահանգի կոմիտէի ներկայացուցիչ ու Վիլլերպան քաղաքի քաղաքապետի խորհրդական Մովսէս Նիսանեան, ինչպէս նաեւ ելոյթ ունեցող այլ անձնաւորութիւններ դատապարտեցին ջաւախքահայութեան տարրական իրաւունքները ոտնակոխելու վրացական քաղաքականութիւնը՝ պահանջելով Եւրոմիութենէն, որ անմիջական քայլերու դիմէ՝ Վրաստանի հայ փոքրամասնութեան առջեւ ծառացած հիմնախնդիրները լուծելու եւ յատկապէս ջաւախքահայ քաղաքական գործիչ Վահագն Չախալեանի արդար դատավարութեան իրաւունքը ապահովելու ուղղութեամբ:
Ցոյցի աւարտին, ցուցարարներէն կազմուած պատուիրակութիւն մը հանդիպում ունեցաւ վերոնշեալ պատկերասփիւռի ընկերութեան պաշտօնատարներուն հետ, եւ անոնց փոխանցեց ցոյցին նպատակը եւ պահանջներու բնոյթին վերաբերեալ մամլոյ հաղորդագրութիւնը:
Ի պաշտպանութիւն ջաւախքահայութեան իրաւունքներուն, Լիոնի հայութիւնը որոշած է դիմել շարք մը այլ միջոցառումներու, որոնցմէ մէկն է Ապրիլ 3ին կայանալիք այլ ցոյց մը, այս անգամ ֆրանսական «FRANCE 3» պատկերասփիւռի ընկերութեան կեդրոնատեղիին առջեւ: