ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Հայ-թրքական արձանագրութիւններու գործընթացը փակուղիի առջեւ է եւ, կարծես, այլեւս որեւէ տեղ չունի երթալու: Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովին կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւին ընդունումը իսկական մահավճիռը դարձաւ նշեալ արձանագրութիւններուն:
Ղարաբաղեան հարցի առնչութեամբ հայկական կողմէն զիջողական կեցուածք չգտնելով՝ Թուրքիան արդէն իսկ արձանագրութիւնները ձախողցնելու ճամբայ փնտռելու ելած էր, սակայն Հայաստանի ղեկավարներու յարատեւութեան ու անհասկնալի յամառութեան դէմ յանդիման գալով՝ ան խաղը շարունակելու տրամադրութիւն դրսեւորելու պարտաւորութեան տակ կը գտնուէր:
Հիմա այդ պարտաւորութենէն ազատուած կը գտնէ ինքզինք Թուրքիան: Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւի հրապարակ դրուիլը արդէն իսկ բաւարար նեղացնող հանգամանք էր Թուրքիոյ համար, ո՛ւր մնաց՝ անոր վաւերացումը Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յանձնաժողովի նման բարձր մակարդակի քաղաքական մարմինի մը կողմէ:
Հիմա, արդէն, Թուրքիոյ ղեկավարները չեն կրնար անտեսել թուրք զանգուածներու ընդվզումը, եւ իրենց տեղական ընտրական հաշիւներով պարտաւորուած պիտի ըլլան չափազանց կարծր կեցուածք ցուցաբերելու բանաձեւին հետ առնչուող բոլոր կողմերուն հանդէպ, ներառեալ՝ բանաձեւի յաջողութեան համար մատը մատի չզարկած Հայաստանին ու իրենց ակնկալութիւններուն համապատասխան բանաձեւին դէմ չաշխատած ամերիկեան իշխանութիւններուն:
Յաչս Թուրքիոյ, Ամերիկան այլեւս բարոյական իրաւունքը կորսնցուցած է Հայ-թրքական արձանագրութեանց վաւերացման գործընթացին ի նպաստ միջնորդութիւն կատարելու: Հայաստանն ալ չկրցաւ Սփիւռքը սանձել, ուրեմն՝ ան ալ իրաւունք չունի Թուրքիայէն ակնկալել, որ սահմանները բանայ ու առանց նախապայմաններու գործընթացը շարունակէ:
Գործընթացը ուրեմն պիտի չշարունակուի, եթէ անշուշտ, Թուրքիան, վախնալով, որ Ցեղասպանութեան 95րդ տարելիցին կրնայ առաւել անհաճոյ անակնկալներու առաջ գտնել ինքզինք՝ վերստին դիմէ արձանագրութիւններու գործընթացը վերակենդանացնելու ճարպիկութեան: Յուսանք, որ Հայաստանի իշխանութիւնները մասնակից չըլլան այդ խաղին: