ՅՈՎԱՆ ԹԱՇՃԵԱՆ
Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման պայքարի ճամբուն վրայ հայ ժողովուրդը ճակատամարտ մը եւս շահեցաւ։ Այսուամենայնիւ, սա տակաւին արդարութեան վերջնական յաղթանակը չէ։
Հինգշաբթի, Մարտ 4, 2010ին գումարուած ԱՄՆի Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նիստին ընթացքին, կարելի եղաւ մէկ քուէ առաւելութեամբ )23 թեր, 22 դէմ( ապահովել Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գծով ներկայացուած թիւ 252 բանաձեւին վաւերացումը։
Առաջին անգամ չէր, որ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գծով բանաձեւ մը կը ներկայացուէր Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովին մէջ։ Այս անգամ, սակայն, տարբեր էր միջավայրը, տարբեր էր մթնոլորտը, տարբեր եղաւ նաեւ պայքարի ոճն ու արդիւնքը:
Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ ստորագրուած արձանագրութիւնները, Սպիտակ տան եւ Պետական քարտուղարութեան մետասաներորդ ժամուն կատարած միջամտութիւններն ու ճնշումները, թրքական սպառնալիքներն ու ազդարարութիւնները, պաշտպանութեան ճարտարարուեստի մարզին եւ Թուրքիոյ դաշնակիցներուն բանեցուցած լծակները պահ մը լրջօրէն վտանգեցին բանաձեւին վաւերացումը։
Պէտք է խոստովանիլ, որ դիւրին չեղաւ այս իրագործումը։ Բազմաթիւ ազդակներ ուղղակի եւ անուղղակի կերպով ժխտական իրենց ազդեցութիւնը ունեցան այս գործընթացին վրայ։ Եղան ընկրկումի եւ յուսահատութեան ծանր պահեր։ Արձանագրութիւններու ճամբով Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործընթացին հասցուած ներքին հարուածէն ետք, ԱՄՆ իշխանութիւնները, իրենց կարգին, չյարգեցին ձեռնպահ մնալու իրենց խոստումը։ Այսուամենայնիւ, արդարութեան հանդէպ հաւատքը, մեր նահատակներու յիշատակին նկատմամբ պարտքի գիտակցութիւնն ու պայքարի վճռակամութիւնը պատնեշի վրայ պահեցին ամերիկահայութիւնը, մանաւանդ՝ Հայ դատի պայքարը առաջնորդող պատասխանատուներն ու գործիչները։
Յանձնաժողովին մէջ բանաձեւին վաւերացումը Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումէն շատ աւելի հեռուն հասնող անդրադարձներ պիտի ունենայ։
Ամերիկահայութիւնը իր յստակ պատգամները հասցուց Ուաշինկթընէն մինչեւ Երեւան, մինչեւ Անգարա եւ արձանագրութիւններու խաղին մէջ դերակատար աշխարհի բոլոր ոստանները։ Պատգամը յստակ էր ու մեկին։ Հայաստանի իշխանութիւնները կրնան լքել Հայ դատի պայքարի մարտադաշտը, սակայն, ակնյայտ դարձաւ բոլորին, որ սփիւռքահայութիւնը եւ առհասարակ հայութիւնը պայքարի այդ մարտադաշտէն նահանջելու տրամադրութիւն չունին բնա՛ւ:
Յանձնաժողովի այս նիստը լաւագոյն փորձութիւնն էր հաւանաբար, լիարժէք կերպով կարենալ չափելու համար այդ արձանագրութիւններուն ժխտական անդրադարձին տարողութիւնը։
Որքան ալ ցաւոտ հնչէ, այսուամենայնիւ, յանձնաժողովի կարգ մը անդամներուն ունեցած արտայայտութիւնները անգամ մը եւս հաստատեցին բացայայտ այն իրողութիւնը, որ Հայաստանի իշխանութիւնները սպասուածէն շատ աւելի ծանր վնաս հասցուցած են Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործընթացին։ Մենք բոլորս յստակօրէն լսեցինք, թէ ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու տան անդամները ինչպէ՛ս կ՛ընկալեն ու կը հասկնան այդ արձանագրութիւններուն բովանդակութիւնը։ ՀՀ իշխանութիւնները ի զուր կը յոգնին տարհամոզել հայութիւնը։ Փաստը կը մնայ այն, որ Հայոց Ցեղասպանութեան պատմական իրողութեան ուրացման գծով բազմիցս հնչած կարծիքներուն եւ տեսակէտներուն վրայ գումարուեցաւ նոր երանգ մը, Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ ստորագրուած արձանագրութիւններուն մռայլ ստուերը, որ պատրուակ ծառայեց կարգ մը ներկայացուցիչներու, առարկելու համար, որ հակառակ ցեղասպանութեան պատմական փաստին, ժամանակը չէ նման բանաձեւով մը վշտացնելու դաշնակից Թուրքիան։ Իսկ ուրիշներ խորհուրդ տուին, նման բանաձեւով չխանգարել Թուրքիոյ եւ Հայաստանի մէջ սկսած հաշտութեան գործընթացը։
Այդ արձանագրութիւններուն «հերոս»ը թէեւ անձնապէս ժողովասրահին մէջ չէր գտնուեր, այսուամենայնիւ բանաձեւին դէմ կատարած իր առարկութիւններուն ընթացքին յանձնաժողովի անդամ ներկայացուցիչ Պիլ Տելահանթ արժանին մատուցեց ՀՀ նախագահին, Քոնկրեսի տոմարներուն մէջ «անմահացնելով» անոր անունը։ Տելահանթ, անդրադառնալէ ետք արձանագրութիւններուն՝ յիշեցուց, որ «Արձանագրութիւններուն համաձայնութիւնը յայտարարուելէ ետք նախագահ Սարգսեանը ձեռնարկեց Սփիւռք ուղեւորութեան մը, որուն ընթացքին այցելեց Փարիզ, Նիւ Եորք եւ Լոս Անճելըս, համոզելու համար Սփիւռքի հայերը, եւ ըսաւ.- կը մէջբերեմ նախագահին բառերը-, «Արձանագրութիւնները չեն վնասեր հայկական պետականութեան եւ ազգային շահերուն, այլ ընդհակառակը, նոր հնարաւորութիւններ կ՛ընծայեն լուծելու համար այս երկու երկիրներուն միջեւ դարերու անցեալ ունեցող վէճերը»։
Հիմա կը հասկնանք, թէ ցեղասպան թուրքին եւ եւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ուրացող քոնկրեսականներուն «ի՞նչ հնարաւորութիւններ կ՛ընծայեն» այդ արձանագրութիւնները։ Ճակատագրի ի՜նչ դառն հեգնանք։ ՀՀ նախագահին խօսքերը լաւագոյնս կ՛օգտագործուին Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գծով ներկայացուած բանաձեւին դէմ։ ՀՀ նախագահն ու արձանագրութիւնները պաշտպանող անհատներն ու կազմակերպութիւնները հիմա կը հասկնա՞ն, թէ ինչքա՜ն վնաս հասցուցին Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացին եւ ընդհանրապէս հայ ժողովուրդին։ Վստահաբար պատմութիւնը չի՛ մոռնար զիրենք:
Իսկ սփիւռքահայու մեր յիշողութեան մէջ տակաւին կոտտացող ցաւի նման կը համենայ Սերժ Սարգսեանի սփիւռքեան ուղեւորութեան թողած դառն տպաւորութիւնը։ Ներկայացուցիչներու տան անդամ Պիլ Տելահանթ չի գիտեր, սակայն, թէ սփիւռքահայերը ինչպէ՛ս ընդունեցին նախագահ Սարգսեանը… Ինչպիսի՛ խօսքեր հնչեցին Սփիւռքի հայկական համայնքներու ներկայացուցիչներուն հետ փակ դռներու ետին անոր ունեցած հանդիպումներուն ընթացքին, բողոքի ու ընդվզումի ինչպիսի՛ խռովայոյզ ալիքներ փոթորկեցան՝ անոր ականջներուն հասցնելու համար մեր բիւրաւոր նահատակներուն ձայնը։
Այդ հանդիպումներէն մէկուն ընթացքին )Պեվըրլի Հիլզի մէջ(, երբ սփիւռքահայ մասնակիցի մը կողմէ հարց տրուեցաւ նախագահ Սարգսեանին, թէ՝ ինչո՞ւ 2009 թուականի Ապրիլ 24ի նախօրեակին, իբրեւ ՀՀ նախագահ՝ նամակով մը չդիմեց ԱՄՆ նախագահ Պարաք Օպամային, զայն մղելով, որ յարգէ ընտրապայքարի ընթացքին կատարած խոստումը եւ ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, ան անթաքոյց կերպով իր զարմանքը յայտնեց հարցումին համար եւ ըսաւ. «Նախագահ Օպաման ձեզ է խոստում տուել եւ ոչ թէ ինձ։ Ինչո՞ւ ինձանից նման նամակ էիք ակնկալում։ Ես ԱՄՆ քաղաքացի չեմ»։ Այս բառերը տակաւին դառն ու ցաւոտ կշռոյթով կ՛արձագանգեն սփիւռքահայու մեր ականջներուն մէջ։
Հայոց Ցեղասպանութեան պայքարը քաղաքացիութեա՞մբ կը պայմանաւորուի։ Թուրքիոյ նախագահ Կիւլը, վարչապետ Էրտողանը, արտաքին գործոց նախարար Տաւութօղլուն եւ միւս բոլոր թուրք պաշտօնատարներն ու դիւանագէտները ԱՄՆ քաղաքացինե՞ր են արդեօք։ Դիւանագիտական բոլոր չափանիշերն ու նրբութիւնները ոտնահարելով՝ անոնք յանդգնութիւնը ունեցան ոչ միայն դիմելու ԱՄՆ նախագահին եւ վարչակազմի միւս պաշտօնատարներուն, որպէսզի առաջքը առնեն Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովին մէջ այս բանաձեւի վաւերացման, այլ բարձրագոչ սպառնալիքներով եւ ազդարարութիւններով իրենց կամքը փորձեցին պարտադրել Ուաշինկթընի մէջ։ Եւ այդ ձայնը պահ մը նոյնիսկ վտանգի ենթարկեց բանաձեւին վաւերացումը։
Ազգային միասնականութեան կոչերով հանդէս եկող նախագահը հարկ է, որ նախ այդ միասնականութեան խորհրդանիշին վերածուի ի՛նք։
Ազգային միասնականութիւն կը նշանակէ պայքարի միեւնոյն խրամատին մէջ միասնաբար դիմագրաւել թշնամիին գրոհը։ Ազգային միասնականութիւնը կը թելադրէ շրջանցել քաղաքացիական բոլոր տեսակի արուեստական սահմանափակումները։ Հայաստանի, ԱՄՆի, Գանատայի, Իրանի, Լիբանանի եւ այլ երկիրներու քաղաքացիութիւնները երբե՛ք ալ չխանգարեցին, որ Արցախի խրամատներուն մէջ կողք կողքի ազերի թուրքին դէմ մարտնչին մեր աննման ազատամարտիկները։ Մինչ Սերժ Սարգսեան զլացաւ նամակով մ՛իսկ իր մասնակցութիւնը բերել Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման պայքարին։ Ինչո՞ւ։ Որովհետեւ, ինչպէս ի՛նք կ՛ըսէ, «Նախագահ Օպաման ձե՛զ է խոստում տուել եւ ոչ թէ ինձ։ Ինչո՞ւ ինձանից նման նամակ էիք ակնկալում»։ Հաւանաբար ճիշդ է ան։ Պէտք չէ՛ ակնկալէինք։ Իսկ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գծով նամակ գրելու համար խոստումի կարիքը կա՞յ արդեօք, նոյնիսկ եթէ Պարաք Օպաման նման խոստում կատարած չըլլար բնաւ։ Նամակը՝ ոչինչ, գէթ յարգանք ցուցաբերուեր մեր անթաղ նահատակներու յիշատակին հանդէպ ու Ապրիլ 24ի նախօրեակին չհրապարակէր այդ անիծեալ ճանապարհային քարտէսը։ Գէ՛թ՝ այդքանը։ Մէկը, ի վերջոյ, պէտք է նախագահին բացատրէ, որ ամերիկահայութեան տրուած խոստումը՝ խոստում է ամբողջ սփիւռքահայութեան, խոստում է ամբողջ հայրենի ժողովուրդին, խոստում է ամբողջ հայութեան, խոստում է մեր նահատակներուն, անշուշտ, եթէ ականջ ունինք լսելու նահատակներուն կտակը։
Ամերիկահայութեան համար խրախուսող երեւոյթ էր Ուաշինկթընի մէջ վկայել ՀՀ Ազգային ժողովի անդամներ Վահան Յովհաննիսեանի )ՀՅԴ(, Արտակ Զաքարեանի )ՀՀԿ(, Արմէն Մելիքեանի )ԲՀԿ( եւ Կորիւն Նահապետեանի )անկախ( ներկայութիւնը։ Այս երեւոյթը բազմաթիւ մտորումներու առիթ կու տայ։ Փոխանակ հեռուէն դիտելու Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գծով մղուող քաղաքական պայքարին այս արարը, անոնք նախընտրեցին իրենց ձայնը եւ կամքը միացնել ամերիկահայ իրենց հայրենակիցներու մղած այս պայքարին եւ եկան Ուաշինկթըն։
Եզրակացութիւն։ Հայկական Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման ուղին կ՛անցնի ՀՀ իշխանութիւններու հեռացման ճանապարհով, որպէսզի կարելի ըլլայ իշխանական համակարգէն արմատախիլ ընել թրքական արեւելումին թողած ծանր վէրքերն ու տխուր հետքերը։
Մինչ այդ, ամերիկահայութիւնը միասնական ճիգերով կը թեւակոխէ պայքարի յաջորդ հանգրուանը՝ Ներկայացուցիչներու տան լիագումար նիստին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան թիւ 252 բանաձեւը վաւերացնելու աւելի վճռական հանգրուանը։ Սպիտակ տունը, Պետական քարտուղարութիւնը, Թուրքերն ու իրենց դաշնակիցները, բնականաբար, պիտի խանգարեն այդ գործընթացը։ Բաւարար է միայն յուսալ եւ աղօթել, որ դժուարին ու վճռական այդ հանգրուանին՝ ՀՀ իշխանութիւնները ճանապարհային նոր քարտէսներով, Թուրքիոյ հետ նոր արձանագրութիւններու ստորագրումով կամ նման չնախատեսուած անակնկալներով մեզ չեն դներ հինգերորդ զօրասիւնը եւս դիմագրաւելու մարտահրաւէրին առջեւ։