ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Երեքշաբթի, Մարտ 9ի երեկոյեան, «Հապերթիւրք» պատկերասփիւռի կայանի «Թէքէ Թէք» յայտագիրին մէջ իրարու դէմ ճակատեցան լեզուագէտ ու զբօսաշրջային նիւթերու մասնագէտ Սեւան Նշանեան ու պատմաբան, Թուրքիոյ պատմութեան կաճառի նախկին նախագահ Եուսուֆ Հալաճօղլու։
Հալաճօղլու, ինչպէս յայտնի է, Ցեղասպանութեան մասին Թուրքիոյ պաշտօնական տեսակէտին տեսաբաններէն է: Նշանեան անօրինակ խստութեամբ ու ծանր արտայայտութիւններով դէմ եկաւ Հալաճօղլուի տեսակէտներուն, ինչպէս նաեւ անոր ներկայացուցած փաստաթուղթերուն, զորս «շինծու եւ խեղաթիւրեալ» որակեց: Ան նաեւ ծանր ոճով քննադատեց Թուրքիոյ պաշտօնական քաղաքականութիւնը։ Քննարկաման գլխաւոր նիւթն էր Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւը. այդ կապակցութեամբ սեղանի վրայ դրուեցան 1915ի նախորդող կամ յաջորդող պատահարները։ Նշանեան կողմնակից չեղաւ Ներկայացուցիչներու տան յանձնախումբին կողմէ բանաձեւին վաւերացման եւ ըսաւ, որ այսպիսի մարմին մը պէտք չէ իրաւարար ըլլայ պատմութեան համար, բայց ատոր փոխարէն, ան դատապարտեց Թուրքիոյ այժմու քաղաքականութիւնը եւ ըսաւ, որ թուրքերու ու հայերու միջեւ որեւէ հարց պիտի չմնայ, եթէ Թուրքիա հրաժարի այսօրուան սխալ քաղաքականութենէն ու պատահարները ընդունելով՝ ներողութիւն խնդրէ հայերէն։
Հալաճօղլու կրկնեց, որ թրքական կողմը պատրաստ է պատմութիւնը քննարկելու, մինչդեռ դիմացի կողմը շարունակ կը խուսափի այդ քննարկումէն:
Նշանեան ըսաւ, որ Քոնկրեսին մօտ վաւերացուած բանաձեւը կը վերաբերի իրականութեան մէջ ո՛չ թէ 1915ի պատահարներուն, այլ այսօրուան կացութեան. «Ասիկա այսօրուան հարցն է, սպանդներ աշխարհի ամէն կողմը կատարուած են, ոչ մէկ ազգ մաքուր է այս տեսակէտէն, սակայն ինչ որ մարդս խենթացնելու չափ կը բարկացնէ, այն է, որ Թուրքիա այս խնդիրին մէջ սուտի անամօթ քաղաքականութիւն մը կը շարունակէ վարել։ Թուրքիան է, որ կը կրէ ասոր վնասը։ Ո՛չ Ամերիկա կը կրէ զայն, ո՛չ ալ հայերը, այլ Թուրքիան է, որ կը վնասուի», ըսաւ ան։
Յիշեցնելով մէկ քուէի տարբերութիւնը՝ հաղորդավարը հարց տուաւ, թէ մէկ հոգիի քուէն պատմութիւնը պիտի փոխէ՞ր։ Այս հարցումին պատասխանելով՝ Նշանեան ըսաւ, որ սխալ է մէկ քուէի տարբերութիւնը չափէն աւելի կարեւոր նկատել, որովհետեւ հոն քուէարկող 45 երեսփոխանները կը հաւատան, որ ցեղասպանութիւն կատարուած է, սակայն անոնց մէկ մասը պարզապէս կ՛ըսէ, թէ հիմա ասոր մասին խօսելու ժամանակը չէ։