ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Չորեքշաբթի, Մարտ 31ին, երեկոյեան ժամը 7էն սկսեալ, Կլենտէյլի հանրային գրադարանին մէջ դասախօսութեամբ մը հանդէս պիտի գայ դոկտ. Կրեկըրի Արէշեան, որ պիտի խօսի Հայաստանի եւ Միջին Արեւելքի մէջ հնագիտական նորագոյն հետախուզական աշխատանքներուն մասին:
Դոկտ. Արէշեան մասնագիտացած է Երեւանի պետական համալսարանին մէջ, իսկ դոկտորան ստացած է Ս. Փեթերզպուրկի Հնագիտական հիմնարկէն: Ան հեղիանկն է Կովկասի եւ Միջին Արեւելքի մասին 120է աւելի հրատարակութեանց եւ ուսումնասիրութիւններու, ինչպէս նաեւ դասախօսած է Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ: Ներկայիս ան UCLA-ի մէջ ուսումնասիրական աշխատանքներ կը կատարէ:
Կլենտէյլի հանրային գրադարանին հովանաւորութեամբ իրականացուող սոյն ձեռնարկը կազմակերպուած է Ամերիկայի հնագիտական հիմնարկին կողմէ:
Գրադարանին հասցէն է՝ 222 East Harvard St, Glendale, CA 91205: Տեղեկութեանց համար դիմել (818) 548-3288 թիւին, կամ EGrigorian@ci.glendale.ca.us հասցէին: