Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Թիւ 252 բանաձեւին որդեգրումէն ետք, Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեան նամակ մը յղած է Միացեալ Նահանգներու խորհրդարանի նախագահ Նենսի Փըլոսիի, շնորհակալութիւն յայտնելու համար Ցեղասպանութեան ճանաչման ճամբուն առնուած այս քայլին համար, յոյս յայտնած է, որ Ներկայացուցիչներու տունն ալ շուտով կ՛որդեգրէ նոյնիմաստ բանաձեւ մը։
Շնորհակալութեան արտայայտութիւնը տեղին է, անկասկած։ Սակայն… (այս «սակայն»ը միշտ գլուխ կը բարձրացնէ)։
Քանի մը անգամ կարդացինք Յ. Աբրահամեանի նամակին բովանդակութիւնը, որ լոյս տեսաւ «Ասպարէզ»ի 9 Մարտի համարին 5րդ էջին վրայ։ Փորձեցինք նշոյլ մը գտնել այս ճիգերուն Հայաստանի իշխանութիւններուն ՄԱՍՆԱԿԻՑի հանգամանքին մասին։ Չգտանք։ Յ. Աբրահամեան կը նշէ, որ «Հայաստանում մեծ ուշադրութեամբ եւ յուզումով էինք հետեւում» յանձնախումբի քննարկումներին, «Գոհունակութեամբ արձանագրեցինք քուէարկութեան արդիւնքը», որ «ոչ միայն բարոյական տուրք է հայ ժողովրդին, այլ նաեւ արդարացի պատասխանն է նախորդ դարասկիզբին մարդկութեան առջեւ գործուած ոճրագործութեանը»։
Ո՛չ աւելի, ո՛չ պակաս. այսինքն, ձեռնածալ դիտողի դիրքէ կատարուած շնորհակալական արտայայտութիւն։ Նման արտայայտութիւն կրնար ունենալ, նման հարցերով մտահոգ որեւէ երկրի, օրինակ, Լիբանանի պետական մէկ պատասխանատուն ալ։
«Ֆիլմը հոս չի վերջանար»։ Նամակի աւարտին, Յ. Աբրահամեան կը կատարէ բարեմիտ հաստատում մը, որ ըստ ամենայնի վսեմ է. կը նշէ, որ «պատմական արդարութեան հաստատումը չի կարող խոչընդոտել հայ-թուրքական յարաբերութիւնների կարգաւորման գործընթացին, այլ, մեր խորին համոզմամբ, կարեւոր քայլ կը լինի հայ եւ թուրք ժողովրդների հաշտեցման ճանապարհին», այսինքն, կը փորձէ ողոքել ամերիկացի խորհրդարանականը, թէ՝ տեսէ՛ք, Հայաստանը հաւատարիմ կը մնայ փրոթոքոլներով բացուած ուղիին։
Հայաստանի պետական վարիչները յայտնապէս կը շարունակեն խուլ ու կոյր ձեւանալ բոլոր այն հակազդեցութիւններուն նկատմամբ, որոնք կը բարձրանան Անգարայի մէջ, պետական, դիւանագիտական ու մամուլի շրջանակներուն մէջ։ Մինչ Թուրքիոյ պետական աւագանին ու դիւանագիտութիւնը իր ծանրագոյն հրետանին գործի կը լծէ, որպէսզի արդարութեան ձայնը լռութեան մատնէ, պաշտօնական Երեւանը կը նախընտրէ մնալ բաղձանքներ արտայայտող կրաւորականի խրամատին մէջ, պատանդ մնալով փրոթոքոլներուն այժմու ուղիին, որմէ փարսախներով հեռացած է Թուրքիա. ալ ի՜նչ հարց, որ Ցեղասպանութեան ճանաչման քայլերը ըստ ամենայնի կը մնան փրոթոքոլներուն այժմու տրամաբանութեան հակադիր գիծի վրայ։ Հետեւաբար, կրկնակիօրէն ծիծաղելի է մէկ կողմէ՝ ողջունել թիւ 252 բանաձեւին որդեգրումն ու ցանկալ այս ճամբուն վրայ նոր յաջողութիւններ, ու միւս կողմէ՝ չձգել օձիքը նոյն այս գիծը գործնապէս ժխտող ու զայն հարուածող «Ճամբու քարտէս»ին, որուն մէկ արտայայտութիւնն են փրոթոքոլները։
…Յամենայնդէպս, արդարատենչութեան երթը պիտի շարունակուի եւ փոքրաթիւ հաւատարմատարները՝ Հայ Դատի նուիրեալները անպայման որ պիտի կերտեն նորանոր յաղթանակներ, թիրախ ունենալով վերջնական յաղթանակը։
9 Մարտ 2010