ՊՈԼԻՍ.- «Հիւրրիէթ» օրաթրեթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու շնորհակալութիւն յայտնած է երկրի ընդդիմութեան՝ Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւի դէմ պայքարին մէջ իշխանութիւններուն ցուցաբերած անոնց աջակցութեան համար։ «Շատ կարեւոր էր, որ մեր խորհրդարանը միաձայն հանդէս եկաւ մեր ազգը հետաքրքրող այս հարցին առնչութեամբ։ Մղեցինք իշխանութիւն-ընդդիմութիւն միասնական պայքար, որուն համար շատ շնորհակալ եմ։ Կը փափաքիմ, որ հետագայ գործընթացին մէջ եւս մեր միասնականութիւնը շարունակուի», յայտարարած է Տաւութօղլու։
Միւս կողմէ, Թուրքիոյ խորհրդարանական գլխաւոր ընդդիմութեան՝ Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան ղեկավար Տենիզ Պայքալ յայտարարած է, թէ Միացեալ Նահանգներու կողմէ թրքական պետութեան դէմ վաւերացուած բանաձեւերուն ժամանակագրութիւնը կը սկսի 1915ի իրադարձութիւններէն առաջ իսկ։ «1890էն ի վեր, այն ժամանակ, երբ դեռ 1915ը չկար, Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսը շարունակ հետաքրքրութիւն ցուցաբերած է Թուրքիոյ մէջ բնակող հայերուն նկատմամբ»։ Ան յիշեցուցած է, որ 116 տարի առաջ ամերիկացիները օսմանցիներուն մեղադրած են Էրզրումի մէջ կոտորածներ կազմակերպելու յանցանքով եւ վաւերացուցած են զայն դատապարտող բանաձեւ մը։ «1920էն մինչեւ 1975, այդ ուղղութեամ ոչ մէկ քայլ կատարուած է, սակայն 1975ին Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան յանձնախումբը աշխուժացաւ, իսկ Ծերակոյտը՝ մերժեց», աւելցուցած է Պայքալ։
Նաեւ, ընդդիմադիր Ազգայնական շարժում կուսակցութեան պետ Տեւլեթ Պահչելի դարձեալ քննադատեց բանաձեւին վաւերացումը եւ ըսաւ. «Նիւեորքցին, ուաշինկթընցին կամ թեքսասցին իրաւունք չունի վճիռ արձակելու ժողովուրդի մը հերոս զաւակներուն՝ էտիրնէցիին, վանեցիին կամ տրապիզոնցիին պապերուն մասին. ամերիկացիները իրենց չափը պէտք է գիտնան»։