ԳԷՈՐԳ ՄԱՆՈՅԵԱՆ
Ինչպէս Միացեալ Նահանգներու տնտեսական ճգնաժամը եւ զայն «լուծելու» նպատակով առնուած շարք մը քայլերը ցոյց տուին, միշտ չէ, որ նման տագնապներուն իսկական պատասխանատուները կը պատժուին: Աւելի յաճախ, օրէնքները յարգած եւ իր սահմաններուն լաւապէս ծանօթ պարզ քաղաքացին է, որ կը պարտադրուի հատուցումներ կատարելու՝ շռայլութեանց դիմած իր դրացիին, հսկայ ընկերութեանց մը տնօրէնութեան կամ պետական պաշտօնատարին սխալ քայլերը սրբագրելու համար:
Կացութիւնը ներկայիս կը կրկնուի Յունաստանի մէջ, ուր Հինգշաբթի, Մարտ 11ին, մէկ շաբթուան ընթացքին երկրորդ անգամն ըլլալով, ընդհանուր գործադուլ մը հռչակուած էր: Այս առիթով, աւելի քան 30,000 քաղաքացիներ փողոց իջնելով՝ կը պահանջէին կառավարութենէն, որ կասեցնէ երկրին հսկայ պարտքերը փակելու համար դարձեալ ժողովուրդին դիմելու իր քաղաքականութիւնը:
Արդարեւ, կառավարութիւնը քանի մը օր առաջադրած էր հինգ միլիառ եուրոյի կրճատումներու ծրագիր մը, որ կու գար աւելնալու աւելի կանուխ առաջադրուած 11 միլիառ եուրոյի կրճատումներուն, որոնք պիտի իրագործուին ընկերային սպասարկութեանց ու պետական պաշտօնեաներու ամսականներու կրճատումներու, ինչպէս նաեւ շարք մը այլ սեղմումներու միջոցաւ:
Օտար վարկատուներու պահանջներով իրագործուելիք սոյն կրճատումներուն գլխաւոր թիրախը նորէն պարզ ժողովուրդն է, որ բնականաբար ուղղակի դերակատարութիւն չէր ունեցած ահաւոր մակարդակներու հասած երկրին հսկայական պարտքերը գոյացնելու գործընթացին մէջ: Այս պատճառով, միայն արդար կարելի է նկատել ցուցարարներուն «Յաւելեալ զոհողութիւններ չենք ուզեր» պահանջը:
Յատկանշական է նաեւ, որ ցուցարարներուն մէջ կային աւելի քան 200 տարազաւոր ոստիկաններ, որոնք գործադուլին մասնակցելու իրաւունք չունէին, սակայն ըստ երկրի օրէնքներուն, կրնային իրենց ազատ ժամերուն նման ցոյցերու մասնակցիլ: