ՅՈՎԱՆ ԹԱՇՃԵԱՆ
«Պայքարը արժէք է՝ ինչպէս մեր կեանքը. պայքարը սուրբ է՝ ինչպէս աշխատանքը. պայքարը ոչ այլ է, եթէ ոչ մտքի, հոգիի եւ աշխատանքի խտացումը իր գերազանց ուժով։ Պայքարէն յոգնածը պիտի մահանայ, պայքարի եռանդով լեցուածն է, որ պիտի ապրի եւ պիտի տիրէ»։
ՌՈՒԲԷՆ
Այսօր այդ պայքարին նոր արձագանգը կու գայ Շուէտէն։ ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու Տան Արտաքին յանձնաժողովին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան գծով ներկայացուած թիւ 252 բանաձեւի վաւերացումէն ետք, սփիւռքահայութիւնը նոր ճակատամարտ մը եւս շահեցաւ, երբ Հինգշաբթի, Մարտ 11, 2010ին, Շուէտի խորհրդարանը եւս վաւերացուց Հայոց Ցեղասպանութեան գծով ներկայացուած բանաձեւը։
Սփիւքահայութեան «մտքի, հոգիի եւ աշխատանքի խտացումը իր գերազանց ուժով» կը շարունակէ յանուն արդարութեան վերահաստատման ու իր բռնագրաւուած հայրենիքի ազատագրութեան անցնող տասնամեակներուն ծաւալած պայքարը։

Ռուբէնի յեղափոխական օրերէն ասդին շատ բան չէ փոխուած։ Ընդամէնը փոխուած է պայքարի մարտադաշտը, փոխուած են պայքարին ձեւերը, ոճը, բայց երբեք չեն փոխուած պայքարին նպատակակէտն ու էութիւնը։ Ամենակարեւորը՝ չեն փոխուած մեր դարաւոր թշնամիին ոճրային նկրտումներն ու հայաջինջ քաղաքականութեան թաքուն սադրանքները։ Օսմանեան կայսրութեան քաղաքական ժառանգը իւրացուցած ու քաղաքակիրթ աշխարհի դիւանագիտական խաղի կանոններուն տիրապետող Թուրքիոյ այսօրուան իշխանութիւնները, նոյնքա՛ն եւ աւելի՛ վտանգ կը սպառնան հայութեան ու Հայաստանին, որքան անցեալի սուլթանները, Թալէաթներն ու Աթաթուրքերը։
Թուրքիոյ այսօրուան իշխանութիւնները Հայաստանի հետ իրենց ստորագրած արձանագրութիւններով արդէն յաջողած են թափանցել սահմանէն ասդին։ Պաշտօնական Երեւանի հրաւէրով եւ բարի դրացնութեան ու տարածաշրջանի կայունութեան կարգախօսներուն տակ անոնք խաղաղօրէն կը շարունակեն դէպի Հայաստան իրենց նոր ներխուժումը։ «Անիպալ»ը արդէն կը գտնուի մեր հայրենիքի դարպասէն ներս։
Հետաքրքրական օրեր կ՛ապրինք։ Մինչ սփիւռքահայութիւնը նոր թափով ու սաստկութեամբ առաջ կը մղէ Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման պայքարը, անդին պաշտօնական Երեւանը յամառօրէն կը շարունակէ հետամուտ ըլլալ Թուրքիոյ հետ իր ստորագրած արձանագրութիւններուն վաւերացման գործընթացին։
Ամէն անգամ որ սփիւռքահայութիւնը նոր նուաճում մը կ՛արձանագրէ Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման պայքարին մէջ, պաշտօնական Երեւանը կ՛աճապարէ ներքին սպառումի համար կատարուած քանի մը յայտարարութիւններով իր՝ իբրեւ հանդիսատեսի, ներկայութիւնը հաստատել։ Սերժ Սարգսեանի կողմէ հնչած իւրաքանչիւր պարզ ճշմարտութեան թոթովանքն անգամ, յաճախ իր ձայնաւոր շրջապատին կողմէ կը թմբկահարուի որպէս ազգային մեծագոյն ձեռքբերում։ Արձանագրութիւններու յայտնութենէն ետք, ամէն անգամ երբ Սերժ Սարգսեան Հայոց Ցեղասպանութեան կամ Արցախի գծով յայտարարութիւններ կը կատարէ )Լոնտոնէն, Փարիզէն թէ Երեւանէն(, ոմանք կ՛աճապարեն զայն դէպի ազգային քաղաքականութիւն շրջադարձի մը նախանշանը համարել։
Այսուամենայնիւ, հակառակ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող երկիրներուն նկատմամբ հետզհետէ կարծրացող թրքական վերաբերմունքին, հակառակ միջազգային դերակատարներուն կողմէ արձանագրութիւններու բովանդակութեան գծով կատարուած մտահոգիչ մեկնաբանութիւններուն, Սերժ Սարգսեանի ու իր շրջապատին մօտ այդ շրջադարձը յամառօրէն կ՛ուշանայ։
Ֆրանսա կատարած եռօրեայ այցի ընթացքին «Ֆիկարօ» թերթին հետ ունեցած հարցազրոյցին մէջ, Սերժ Սարգսեան անգամ մը եւս նկատել կու տայ, որ «Թուրքիայի վերջին յայտարարութիւններն ինձ մտածել են տալիս, որ նրանք արձանագրութիւնները տեսանելի ապագայում չեն վաւերացնելու։ Մենք զգուշացրել էինք, որ եթէ համոզուենք, որ թուրքերը կարգաւորման գործընթացն օգտագործում են այլ նպատակների համար, կը ձեռնարկենք համապատասխան քայլեր։ Այդ դէպքում մենք արձանագրութիւններից յետ կը վերցնենք մեր ստորագրութիւնը»։
Առաջին հայեացքով մը կը թուի, որ Հայաստանի նախագահը քաղաքական վճռականութիւն կը դրսեւորէ ու կը տիրապետէ արձանագրութիւններու գործընթացին։ Սակայն վաղուց յայտնի է արդէն, որ «ֆութպոլային» դիւանագիտութեան նախաձեռնութեան հեղինակի իրաւունքը չի պատկանիր Սերժ Սարգսեանին, իսկ այդ գործընթացին վրայ վերահսկողութիւնը շատ հեռու է իր կարողութիւններէն եւ իրեն վերապահուած դերակատարութենէն։ Այլապէս ինչպէ՞ս բացատրել այն պարզ իրողութիւնը, որ հակառակ վերջին ամիսներուն թուրքերու որդեգրած աւելի կարծր ու կոշտ վերաբերումին, հակառակ հետեւողականօրէն հնչող սպառնալիքներուն ու ազդարարութիւններուն տակաւին կ՛ուշանայ Հայաստանի կողմէ այդ ստորագրութիւնը ետ վերցնելու վճռական քայլը։ Թուրքերը տակաւին ի՞նչ պէտք է ընեն ու ըսեն, որ Հայաստանի նախագահը համոզուի որ «թուրքերը կարգաւորման գործընթացն օգտագործում են այլ նպատակների համար»։
Ահաւասիկ վերջին օրինակը։ Թուրքիոյ խորհրդարանի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի փոխ նախագահ Սուատ Քըրըքլըօղլու որ այս օրերուն ՆԱԹՕի մէկ ժողովին մասնակցելու համար Երեւան կը գտնուի, առանց վարանելու կը յայտարարէ, որ «եթէ մենք նոյնիսկ հայ–թրքական արձանագրութիւնները վաւերացնենք, Հայկական Սփիւռքը պիտի շարունակէ Ցեղասպանութեան ճանաչման արշաւը։ Սակայն, կը կարծեմ, որ արձանագրութիւններու վաւերացումէն եւ սահմաններու բացումէն ետք, նման բանաձեւեր այլեւս չեն յայտնուիր Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին մէջ»։
Այլ խօսքով, թուրք խորհրդարանականը կ՛ըսէ, որ արձանագրութիւնները պէտք է օգտագործել կասեցնելու համար Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը։ Հիմա հարց պէտք է տալ նախագահ Սարգսեանին, սա թուրքերուն կողմէ արձանգրութիւնները այլ նպատակներու համար օգտագործելու փորձ չէ՞։ Տակաւին ի՞նչ կը սպասէ։ Նախագահին արտասանած խօսքերն ու առած քայլերը երբէ՛ք համահունչ չեն ու բնա՛ւ չեն համապատասխաներ իրարու։
Թուրք խորհրդարանականը իրաւացի է։ Նոյնիսկ եթէ այդ արձանագրութիւնները վաւերացուին «Սփիւռքը պիտի շարունակէ Ցեղասպանութեան ճանաչման պայքարը»։ Սակայն ան կը սխալի իր հաշուարկին մէջ երբ նկատել կուտայ, որ «արձանագրութիւններու վաւերացումէն եւ սահմաններու բացումէն ետք, նման բանաձեւեր այլեւս չեն յայտնուիր Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութիւններու Յանձնախումբին մէջ»։
Արձանագրութիւնները չեն կրնար ոչ մէկ կաշկանդում, ոչ մէկ զիչում, ոչ մէկ նահանջ պարտադրել հայութեան։ Զայն ստորագրողներուն անձնատուութենէն ու պատմութեան մէջ անոնց անողոք դատաստանէն անդին, այլ բան կարելի չէ ակնկալել այդ արձանագրութիւններէն։ Թուրք խորհրդարանականը պէտք է հասկնայ, որ ԱՄՆի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման պայքարը ամերիկահայութեան համար քաղաքացիական իրաւունքի եւ պարտաւորութեան կրկնակ հասկացողութիւններով պայմանաւորուած է։ Պաշտօնական Երեւանը կրնայ կքիլ միջազգային ճնշումներուն եւ թրքական նախապայմաններուն առջեւ ու նուաստացուցիչ արձանագրութիւններով իր մռայլ դրոշմը ձգել պատմութեան մատեանին մէջ, սակայն, ամերիկահայութիւնը, սփիւռքահայութիւնը եւ հայութիւնը՝ իբրեւ մէկ ամբողջութիւն եւ իբրեւ ժառանգորդը Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն, պիտի շարունակեն Հայոց Ցեղասպանութեան միաջազգային ճանաչման, բռնագրաւուած մեր հայրենիքի ազատագրութեան ու հատուցման պայքարը։ Աւելի՛ն, պիտի շարունակեն զայն մնայուն կերպով ներկայացնել միջազգային բոլոր ատեաններուն։ Արձանագրութիւնները չեն կրնար փոխել այս պայքարին ընթացքը։ Այդ պայքարին մէջ Սերժ Սարգսեանն ու իր իշխանակիցները կրնան մեզի հետ չըլլալ։ Ափսոս։ Հայաստանի անկախ պետականութեան օրերուն, նման անհեթեթ իրավիճակի առկայութիւնը անտեղի կերպով կը մսխէ համայն հայութեան ներուժին ու կարողականութեան միաւորումը։
Ի զուր է սպասել, որ Հայաստանի նախագահը ի վերջոյ կը համոզուի, որ «թուրքերը կարգաւորման գործընթացն օգտագործում են այլ նպատակների համար»։ Ի զուր է սպասել, որ ան ի վերջոյ կը ձեռնարկէ «համապատասխան քայլեր»ու եւ ետ կը վերցնէ «մեր ստորագրութիւնը»։ Պատմական այդ պահը արդէն անցած է։
Ռուբէն բնութագրումով «Պայքարէն յոգնածը պիտի մահանայ, պայքարի եռանդով լեցուածն է, որ պիտի ապրի եւ պիտի տիրէ»։
Սփիւռքահայութիւնը Ուաշինկթընի եւ Սթոքհոլմի մէջ անգամ մը եւս ապացուցեց, որ հայութիւնը յոգնած չէ՛ պայքարէն եւ կը մերժէ՛ մահանալ։
Կը մնա՛նք պայքարի միեւնոյն խրամատին մէջ։