Ուրբաթ, 19 Փետրուար 2010ի յետմիջօրէին, ժամը 2:15ին, «Ֆերահեան» ազգային երկրորդական վարժարանի աշակերտները հաւաք մը ունեցան դպրոցի «Աւետիսեան» սրահին մէջ, տօնախմբելու համար մեր պատմութեան ընթացքին հայ ժողովուրդի ազատ կամքի արտայայատութեան եւ բռնատիրութեան դէմ չընկրկելու բազմաթիւ օրինակներէն՝ Փետրուար ամսուն զուգադիպող երեք տօներ՝ Վարդանանց հերոսամարտը, Փետրուարեան ապստամբութիւնը եւ Արցախեան ազատագրական շարժումը. պատմական այս դէպքերը թէեւ տարբեր ժամանակներու արձանագրուած են, սակայն անոնք կու գան արտայայտելու մեր նախահօր՝ Հայկ Նահապետի, ազատ ապրելու կամ մեռնելու գաղափարախօսութիւնը, որ դարձած է հայ ժողովուրդի նկարագրին գլխաւոր գիծը:
Տօնակատարութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին միջնակարգի եւ երկրորդականի աշակերտները. սրահի պատին վրայ զետեղուած էին այս առթիւ կարգ մը աշակերտներու ուսումնասիրութիւնները։
12րդ կարգի աշակերտուհիներ Դալար Գոսաքեան՝ հայերէնով, եւ Մարալ Աղուինեան՝ անգլերէնով, կատարեցին բացման խօսքն ու հանդիսավարութիւնը. Տէնի Ուզունեանը անդրադարձաւ Վարդանանց հերոսամարտին եւ անոր յաջորդող ժամանակաշրջանին։ 7րդ կարգի աշակերտներէն Վան Տէր Մկրտչեան եւ Սթեֆըն Քովաքս, որոնք կը հետեւին դպրոցիս յատուկ հայերէնի դասընթացքներուն, նախ power point-ով եւ ապա խտասալիկով ներկայացուցին գաղութիս երիտասարդ բեմադրիչ Ռոճըր Գիւբէլեանի՝ Վարդանանցի մասին պատրաստած շարժապատկերէն յատուածներ, որմէ ետք 6րդ դասարանի աշակերտներ, խմբային արտասանութեամբ ներկայացուցին «Քաջն Վարդան Մամիկոնեան»ը։ 12րդ կարգի աշակերտուհիներէն Անի Պէքէլեանը մեներգեց «Լռեց Ամպերը»ը, որմէ ետք 7րդ կարգի աշակերտներ խմբային արտասանութեամբ ներկայացուցին «Խորհուրդ Վարդանանց»ը։
Գեղարուեստական բաժնի Ա. մասի աւարտին, 12րդ կարգի աշակերտներէն Լիլի Ժամկոչեան, Մեղրի Տէմիրճեան, Ալեքսանտրա Մուրատեանց եւ Գայլ Խանտիկեան, power point-ով ներկայացուցին իրենց պատրաստած ուսումնասիրութիւնը՝ Փետրուարեան ապստամբութեան մասին:
Յայտագիրին երրորդ բաժինը նուիրուած էր Արցախի ազատագրական պայքարին. կրկին power point-ով ներկայացում մը կատարեցին 11րդ կարգի աշակերտուհիներէն Քարէն Թանեցեանը ու Նայիրի Տիքիճեանը։
Այս ներկայացումներէն ետք, դպրոցի տնօրէնը՝ Ժան Գոսաքեան, իր սրտի խօսքը ուղղեց աշակերտութեան եւ գնահատեց յայտագիրի մասնակիցներուն ժամանակակից եւ լուրջ մօտեցումը։
Պարոն տնօրէնի խօսքէն ետք, գեղարուեստական Բ. բաժինին համար, հանդիսավարները բեմ հրաւիրեցին գաղութիս սիրուած երաժշտական խումբերէն՝ «Էլէմընդ Պանտ»էն Արա Տապանճեանն ու Հայբերդ Սարեանը, որոնք աշակերտութեան ներկայացուցին խումբի երգացանկէն կտորներ՝ խանդավառութիւն ստեղծելով սրահին մէջ: