Քրտական «Ֆիրաթ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ցկեանս բանտարկութեան դատապարտուած Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան ղեկավար Ապտուլլահ Օչալան, քիւրտերու Նովրուզ տօնին առթիւ ուղերձ մը յղած է իր փաստաբաններուն միջոցով՝ քիւրտերը զգուշացնելով, թէ մեծ յարձակումի վտանգ կայ իրենց դէմ, եւ հայ ու յոյն ժողովուրդներու վիճակին չմատնուելու համար կոչ ըրած է անոնց, որ համախմբուին ու միացեալ ճակատ մը կազմեն այդ վտանգին դէմ:
«Անհրաժեշտ է ստեղծել քրտական ազգային քոնկրես եւ քիւրտերուն սպասող վտանգին առջեւ ինքնապաշտպանութեան ուժեր», նշած է Օչալան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.