Թրքական մամուլը Երեքշաբթի, Մարտ 16ին հետաքրքրական մանրամասնութիւններ փոխանցեց մէկ օր առաջ Թուրքիոյ խորհրդարանի Արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբի անդամներուն հետ՝ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլուի դռնփակ հանդիպման մասին: Ժողովին ներկայ գտնուած են նաեւ տուն կանչուած Միացեալ Նահանգներու մօտ Թուրքիոյ դեսպան Նամըք Թան եւ Շուէտի մօտ դեսպան Զերկուն Քօրութիւրք։
Տաւութօղլու պաշտպանած է այն տեսակէտը, թէ կառավարութիւնը իր պարտականութիւնը լրիւ կատարած է եւ պէտք չէ յոռետես ըլլալ, որովհետեւ մինչ նախապէս Ցեղասպանութեան բանաձեւերը կը վաւերացուէին քուէներու մեծ տարբերութեամբ, հիմա անոնք կը վաւերացուին միայն միակ քուէի տարբերութեամբ։
«Ռատիքալ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովրդային եւ Ազգայնական շարժումի կուսակցութիւններու անդամ երեսփոխանները առաջարկած են ամէնէն արմատական միջոցներով հակազդել Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին եւ Շուէտի խորհրդարանին կողմէ վաւերացուած Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւերուն: Ըստ անոնց, պէտք է խորհրդարանէն ետ վերցնել Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւնները եւ փակել Ինճիրլիքի ամերիկեան զօրակայանը կամ սահմանափակել անոր գործածութիւնը:
Տաւութօղլու պատասխանած է, որ արձանագրութիւնները կարեւոր գործիք են՝ ուղղուած աշխարհի մէջ Թուրքիոյ մասին ձեւաւորուած ժխտական կերպարը վերացնելուն, եւ որ անոնք պիտի շարունակեն մնալ խորհրդարանին մէջ։
Պատասխանելով արձանագրութիւններու վաւերացումը ձգձգելու մասին առաջարկներուն՝ նախարարը յայտնած է, որ «Արձանագրութիւններուն վաւերացումը ձգձգելը ճիշդ պիտի չըլլայ։ Մենք նման մտադրութիւն չունինք։ Արձանագրութիւնները այդ իմաստով մեզի համար կարեւոր լծակ են։ Մենք ատիկա իբրեւ արգելակ կ՛օգտագործենք»։
«Մարմարա»ի համաձայն, Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութենէն Ճանան Արըթման առաջարկած է Թուրքիայէն հեռացնել ապօրինի կերպով Թուրքիոյ մէջ կեցութիւն հաստատած հայաստանցիները, սակայն նախարարը մերժած է այդ առաջարկը՝ զայն Թուրքիոյ շահերուն ներհակ նկատելով, եւ ըսած է. «Այսպիսի քայլ մը դժուար դիրքի կրնայ մատնել մեր երկիրը»։ Թերթը կը գրէ. «Վստահ ենք, որ կառավարութիւնը, ինչպէս մինչեւ այսօր, ասկէ վերջ ալ պիտի մերժէ միշտ ընդդիմադիր կուսակցութիւններէ եկող այս առաջարկը»։
«Արըթման, որ միշտ ուշադրութիւն կը հրաւիրէ զարտուղի կամ ծայրայեղ առաջարկներով, կատակ մը ըրաւ եւ յիշեցուց, որ 300 տարի առաջ Ռուսիոյ տփոցէն խոյս տալով Թուրքիա ապաստանած Շուէտի Շարլ թագաւորը աւելի քան հինգ տարի Թուրքիա մնաց, բայց իր պարտքերը չվճարեց։ «Եկէ՛ք, հիմա Շուէտէն պահանջենք մեր առնելիքը», ըսաւ ան կատակով», կ՛աւելցնէ «Մարմարա»։
Այլ ընդդիմադիր երեսփոխան մը նաեւ առաջարկած է, որ խլուի Թուրքիոյ քաղաքացիութեան կարգավիճակը այն երեք թուրք երեսփոխաններէն, որոնք Շուէտի մէջ բանաձեւին ի նպաստ քուէարկեցին։