ԿԱԼԿԱԹԱ, «Հետք».- Մարտ 12ին, ամերիկեան «Սխոլասթիք» կազմակերպութիւնը Կալկաթայի Հայոց մարդասիրական ճեմարանին մէջ կազմակերպած է գիրքի երկօրեայ ցուցահանդէս մը, ուր ներկայացուած են բազմաբովանդակ բնոյթի գիրքեր՝ նպատակ ունենալով 21րդ դարու հասարակութեան մէջ արթնցնել սէր՝ գիրքին եւ ընթերցանութեան հանդէպ։
Ցուցահանդէսին նախաձեռնող հնդկահայոց հոգեւոր հովիւ եւ ճեմարանի կառավարիչ Տ. Խորէն աբղ. Յովհաննիսեանը բացման արարողութեան ընթացքին փոխանցած իր խօսքին մէջ շեշտած է գիրքին կարեւորութիւնը, եւ մէջբերելով Ստեֆան Ցուայքի միտքը՝ ըսած է, թէ գիրքը սկիզբն ու վերջն է իւրաքանչիւր գիտելիքի։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.