Ամերիկեան «Ֆորպզ» թերթը անցեալ շաբաթ հրապարակեց աշխարհի ամենահարուստ մարդոց ամէնամեայ ցանկը։ Ցանկը կը գլխաւորէ 70ամեայ մեքսիքացի միլիառատէր Քարլոս Սլիմը՝ 53.5 միլիառ տոլարով։ Երկրորդ դիրք նահանջած է բազմամեայ առաջատար եւ «Մայքրոսոֆթ»ի հիմնադիր Պիլ Կէյցը, որ ընդամէնը կէս միլիառ տոլարով ետ կը մնայ առաջատարէն: Առաջին եռեակը կ՛եզրափակէ այլ ամերիկացի մը՝ Ուորըն Պաֆէթը, իր 47 միլիառ տոլար հարստութեամբ: 4րդ եւ 5րդ տեղերուն վրայ են հնդիկներ Մուկէշ Ամպանի (29 միլիառ տոլար) եւ Լաքշմի Միտալ (28.7 միլիառ տոլար):
Թերթին գնահատումով, ներկայիս աշխարհի մէջ կան 1011 միլիառատէրներ: 2008ին անոնց թիւը կը հասնէր 1125ի։ Այս տարի եւս, ցանկին վրայ կը գերիշխեն ամերիկացի միլիառատէրները՝ կազմելով ընդհանուրին մօտաւորապէս 40 առ հարիւրը:
ՔըրՔ Քըրքորեան զգալի նահանջած է աղիւսակին վրայ եւ ներկայիս կը գտնուի 307րդ դիրքին վրայ՝ 3.1 միլիառ տոլարով, մինչ անցեալ տարի անոր հարստութիւնը կը գնահատուէր 5 միլիառ տոլարով, իսկ 2008ին, երբ 31րդ դիրքը կը գրաւէր, անոր հարստութիւնը հասած էր 16 միլիառ տոլարի։
Միլիառատէրներու ցանկին մէջ միւս հայազգի միլիառատէրն է Ռուսիայէն գործարար Դանիէլ Խաչատուրովը, որ 1.2 միլիառ տոլար հարստութիւն ունի եւ կը գտնուի 828րդ դիրքին վրայ:
Այս տարուան ցանկին վրայ նաեւ յատկանշական է Չինաստանի եւ Հնդկաստանի մեծահարուստներուն աճը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.