Գերազանցապէ՛ս Գաղափարական Ղեկավարի Տիպարը
ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ
«Անողոք ու բազմակողմանի պայքար, այո՛, քաղքենիացման ու աշխարհաքաղաքացիացման դէմ ամէնուրեք, սակայն ոչ թէ ժխտական ոգիով, քանզի հալածանքը տարածանք է, այլ սրտացաւութեամբ, վեհանձնութեամբ, գաղափարական մարդու երկայնամտութեամբ ու յարատեւութեամբ»։
ՍԱՐԳԻՍ ԶԷՅԹԼԵԱՆ
Ժամանակ էր պէտք իմանալու համար դաշնակցական այս տիպի ղեկավարի մը մարդկային առանձնայատկութիւններու բնոյթը, գաղափարական կազմաւորումին ամբողջական էութիւնն ու անոր մտածական տարածքը։

Ու դեռ 1980ական թուականներու առաջին հնգամեակը պարփակող քանի մը հանդիպումներու ընթացքին, յատկապէս լիբանանահայ դաշնակցական երիտասարդութեան համար, թէեւ հազուադէպօրէն, բայց նուիրական իրենց հնչեղութեամբ պատեհութիւններ էին առանձնաբար՝ դասախօսութիւններն ու համագաղութային բանակումները, որոնց ընթացքին էր, որ ծանօթութիւն կը ստեղծուէր մօտէն ճանչնալու Սարգիս Զէյթլեանի նման ղեկավարի անհատականութեան, մտածողութեան ու գաղափարական տեսլականներուն։
Օրին, ի՛նչն էր, որ կը փնտռէր դաշնակցական երիտասարդութիւնը առհասարակ, եթէ ոչ Հայ Դատի աշխատանքներու վաւերականութիւնը հաստատագրող ջատագովներու, ազգային-գաղափարական մտածումներու կենդանութիւն տուող մտաւորական կերպարներու, մշակութային ու յատկապէս դաշնակցական արժէքներու ամբողջական տեսադաշտը ուրուագծող ճարտար մտքերու, աւելի՛ն. մարտունակութեամբ յագեցած կեցուածքներու առաւել ճառագայթումին եւ նորովի ըմբռնումին։
Ճիշդ է, որ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի թէժ տարիներուն կամ Հայ դատի աշխատանքներու ցուցական արտայայտութիւններու վերելքին զուգահեռ, նման դէմքերու կամ փաղանգներու ներկայութիւնը զարմանք չէր, որ կը պատճառէր, որքան անոնց կուտակած ներուժին, անսասան դիմագիծին, խթանող կենսունակութեան, անսակարկ զոհողութեան եւ քաղաքական բարձր գիտակցութեան չափանիշը, որով յատկանշուեցաւ այս տիպի ղեկավար սերունդը։
Իրօք, հաւաքական հանդիպում կամ դասախօսական ելոյթ մը, ինքնին բաւարար էր ներգրաւուելու, նեարդապէս կապուելու եւ վերաթարմանալու, ի տես Սարգիս Զէյթլեանի առինքնող ու կախարդող ոճային իւրայատկութեան, բացառապէս գաղափարական մտածողի շեշտադրումին, երիտասարդութեան հանդէպ անոր ցուցաբերած եզակի խանդաղատանքին, ապա նաեւ՝ դիմացինին մօտ ներշնչողի իր դերակատար ներկայութեամբ՝ ազգային գիտակցական մակարդակի ջրդեղումին եւ բոցավառումին։
Հաւանաբար մատնանշուի, արդարօրէն, թէ տուեալ ժամանակի շունչն ու մթնոլորտը նաեւ ունէին իրենց ազդու դերակատարութիւնը։ Ապա աւելցուի, թէ պահանջատիրական պայքարի թէ վրիժառական գործունէութեան պսակումներու հրայրքը կլանած էր հայ քաղաքական մտքին սպասարկու անհատականութիւններու սրտերն ու հոգիները։ Այլ խօսքով, ազգային գիտակցական թէ հայրենասիրական յորդ զգացումներու ենթահողին ներքեւ, սերունդներու դաստիարակութիւնն էր, որ ինքզինք կը յայտնաբերէր։
Միւս կողմէ, արդեօք, այդ սերունդի ազգային-հասարակական եւ քաղաքական-գաղափարական կեանքի պատասխանատուութիւնը եւ ղեկավարումը ստանձնած փաղանգին ժողովրդանուէր, հայրենասէր մտածական պահուածքին ու պատրաստակամութեան դրսեւորումը չէ՞ր, որով 1970-80ական տարիներու ազգային զարթօնքն ու հոգեշարժը տեղի ունեցաւ։
Հետեւաբար, ի՛նչն էր, որ կը զատորոշէր դաշնակացական այս սերունդի հմայքին ու կատարելապաշտ կազմաւորումին կենսաձեւը հետագայ տարիներու ծնունդ փաղանգներէն, եթէ ոչ գաղափարանուէր եւ ոգեշնչող էութեան բաղադրամասերը։
Զուգադիպութեամբ մը, Սարգիս Զէյթլեանի տիպարային բարեմասնութեան ճառագայթումին պարարտ հող կը հանդիսանային Լիբանանի քաղաքացիական կռիւները, որոնց ընթացքին Պուրճ Համուտի հայահոծ շրջաններու մէջ տեղի կ՛ունենային վայրագ ու բարբարոս դէպքեր, որոնց իբրեւ հակադարձութիւն, դաշնակցական ակումբներու շուրջ հաւաքուած հոծ երիտասարդութիւն մը կը դիմէր ինքնապաշտպանական պայքարի՝ ցոյց տալով քաջութեան, ազգասիրութեան եւ վեհանձնութեան եզակի օրինակներ։
Եւ, նման պայմաններու մէջ, Սարգիս Զէյթլեանի ու անոր ընկերներու քաղաքական մտածողութեան եւ դաշնակցականավայել կեցուածքին յաղթանակը կը կերտուէր, պաշտպանական կռիւներուն թէ քաղաքական շփումներու ընթացքին ազգային արժանապատուութեան եւ արիութեան պատուանդանը ամրագրելով։
Փաստօրէն, պատերազմի առաջին տարիներուն եւ մինչեւ անոր եղերաբախտ առեւանգումը Սարգիս Զէյթլեանի համար չկար աւելի ոգեշնչող պահ կամ արարք, քան հայահոծ շրջաններու ապահովութեան հսկող պահակ տղոց ներկայութիւնն ու ազգասիրական զգացողութիւնը։
Որովհետեւ, լիբանանահայութեան ճակատագրուած ահ ու սարսափի, խուճապի թէ ինքնակազմակերպման օրերուն, դաշնակցական մարտունակութեան եւ նուիրումի անօրինակ փառքը կը հիւսուէր, յանուն ազգային գիտակցութեան բորբոքումին, հաւաքական բարօրութեան եւ անվտանգութեան։
Իսկ, ժամանակի թաւալումին հետ, երբ իւրաքանչիւր դաշնակցականի երիտասարդական խանդավառութեան եւ հետաքրքրութեան հորիզոնին ընդլայնումով, նաեւ ծանօթութիւն կը ստեղծուէր Սարգիս Զէյթլեանի գրական-հրապարագրական վաստակին, յատկապէս «Դրօշակ» օրկանին խմբագրութեան տարիներուն, արդէն յստակօրէն կ՚ուրուագծուէր դաշնակցական տիպարի ու ինքնատիպ հրապարակագիրի յատկութիւնը, քաղաքական բազմաշերտ հասունութեամբ ընդգծելի տրամաբանութիւնը, դաշնակցական գաղափարական աշխարհին հանդէպ անոր ցուցաբերած հաւատամքին պայծառութիւնը, յեղափոխական աւանդներուն եւ արժէքներուն իւրովի մեկնաբանութիւնն ու կազմակերպական տաղանդին ուժականութիւնը։
Յիրաւի, ինչպէ՛ս կարելի է բացատրել անոր հաւաքական պատասխանատուութեան ստանձնումի կարողականութիւնն ու ներուժը, երբ տակաւին քառասուներկու տարեկան հասակին կը դառնար ՀՅ Դաշնակցութեան Բիւրոյի անդամ, կազմակերպական թէ քաղաքական ծանրակշիռ պայմաններու տակ, երբ նաեւ կը շարունակէր «Դրօշակ»ի խմբագրութիւնն ու քաղաքական-գաղափարական ստեղծագործութիւնը։
Անտարակոյս, ժամանակակից կեանքի դաշնակցական հրապարակագրական գրականութիւնը վերելք մը ապրեցաւ Սարգիս Զէյթլեանի գրիչին արգասաբերութեան շնորհիւ։ Անոր տեսաբանական, վերլուծական, քաղաքա-տնտեսական, ազգային թէ հայրենասիրական գրութիւնները, ոճական թէ գեղարուեստական իրենց բարձրութեամբ զէյթլեանական դրոշմին եւ հմայքին տարրերը կազմեցին։
Ապահովաբար, Սարգիս Զէյթլեանի գործունէութեան ժամանակահատուածին, երբ մէկ կողմէ միջազգային-քաղաքական եւ միւս կողմէ ազգային-գաղափարական մտածողութիւններուն բախման կիզակէտը բռնատիրական-շահադիտական վերիվայրումներն էին, ան կրցած էր իր գրիչին փոխանցել ուժական այն խարսխումը, գիտական-մտածական բարձունքը, եւ դաշնակցականավայել դիմագիծն ու կեցուածքը, որով թարգմանը կը հանդիսանար ազգային տենչերու իրագործման եւ ռազմավարական ուղղութիւններու յստակեցումին։
Դաշնակցական մտքին ու գաղափարական աշխարհին հարստացման, այլապէս ծառայական իր կեանքին մէջ, Սարգիս Զէյթլեանի կերպարը կը մնայ լիարժէքօրէն անկրկնելի եւ վստահաբար ապագայ սերունդներու ներշնչման աղբիւր։
Նման գործիչի կենդանութեան վկայակոչումը պարզապէս անոր ցուցաբերած հաւատարմութիւնն է իր պաշտելի կազմակերպութեան, ազգին ու հայրենիքին նկատմամբ։
Իսկ ընդգծումին վաւերականութիւնը կը կայանայ անոր մէջ, երբ նման վաստակաւոր ղեկավարներ արեամբ նուիրագործեցին դաշնակցականի իրենց երդումը եւ արժանացան նահատակութեան փառապսակին։
Արդարեւ, իրերայաջորդ դաշնակցական սերունդներու պարտաւորութիւնն է տէր կանգնիլ Սարգիս Զէյթլեանի գաղափարական ժառանգութեան, անոր կազմակերպական տաղանդին ու դաշնակցական իւրովի ըմբռնումներուն, որոնց ճառագայթումին, վերանորոգման ու վերազարթնումին համար ան ոչ մէկ ճիգ խնայեց։ Աւելի՛ն. մահուամբ նուիրագործեց իր դաւանանքին անժամանցելիութիւնը։
Այո՛, անոր կազմաւորման էատարրերը նոյնինքն դաշնակցական առաջին սերունդի հմայիչ էութիւնն է, գրիչի, մտքի, մարտունակութեան, խանդավառութեան, ազգասիրութեան, հայրենիքի պաշտամունքի, որով բոցավառեցաւ ազգային մեր շտեմարանը եւ ՀՅ Դաշնակցութեան կենսափիլիսոփայութիւնը։
Եթէ երբեք նման հաւատաւոր ընկերներու աւանդին կենդանութիւն տալու պարծանքը կը սնուցենք, ապա անոնց հաւատամքին եւ կենարար ներուժին նոր աւիւն ջամբելու պարտաւորութեան տակ կը գտնուինք։
Որովհետեւ, Դաշնակցութեան պատմութեան հոգեփոխիչ տարրերու եւ այս կազմակերպութեան շարունակականութիւնը բացառապէս խարսխուած է նման տիտան անհատականութիւններու կենսահայեացքին մէջ։
Այո՛, տարերքին մէջ։