Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Ամերիկացի ժողովուրդը Երկուշաբթի, 8 Մարտի առաւօտուն աղուոր անակնկալի մը ականջալուր ու ականատես եղաւ. նախագահ Օպամա զիրենք ողջունեց պատկերասփիւռի պաստառներէ, ուղղակի սփռուած ճառով մը խօսեցաւ բոլորին սրտին ու… գրպաններուն հաճելի թուացող հարցի մը մասին. չէ՛, նախագահը չխօսեցաւ Կանանց միջազգային օրուան առնչուող հարցերու մասին. անոր մտահոգութիւնն էր ժողովուրդի առողջապահութեան հոգացման թղթածրարը, որ ամիսներէ ի վեր ֆութպոլի գնդակի վերածուած է խորհրդարանին մէջ, ի վերջոյ հասնելով փետտուած, մորթազերծուած ու պատառ-պատառ եղած հաւու վիճակին, պատրաստ՝ կուլ տրուելու ապահովագրութեան, դեղերու արտադրութեան ու գործակից ընկերութիւններու կողմէ։ Նման «ճաշ» պիտի ըլլայ թագադրումը յիշեալ ընկերութիւններու ի գործ դրած՝ խորհրդարանականներու կաշառման աշխատանքին (ասոր կը տրուի լոպիինկ անունը), որ իրենց սնտուկներուն արժած է բազմահարիւր միլիոն տոլարներ…
Նախագահը, առանց բառերը ծամծմելու, սուր քննադատութեան ենթարկեց ապահովագրութեան մեծ ընկերութիւններ, որոնք բարձրացուցած են առողջապահական ապահովագրութեան սակերը եւ փոխարէնը, ամէն ճիգ կ՛ընեն՝ ապահովագրեալներուն նուազ ծառայութիւն տրամադրելու համար, մինչեւ իսկ ապահովագրեալներ կը վանեն իրենց ցանկերէն, հազար աղբիւրէ ջուր բերելով՝ կը փորձեն արդարացնել չյայտարարուած կողոպուտը։ Նախագահը հարց տուաւ, թէ արդեօք հանդուրժողութեան սահմանը ո՞ւր կը գծուի, կամ՝ որքա՞ն պէտք է սպասել այս կողոպուտը կասեցնելու համար (նախագահը բառացիօրէն կողոպուտ բառը չգործածեց անշուշտ, սակայն բառերուն ետին այս իմաստը աղաղակող էր), ու ընդգծեց, որ երկու կուսակցութիւնները պէտք է գործակցին՝ անյապաղ լուծում մը գտնելու համար ընկերային այս տագնապին։
***
Օպամա խօսեցաւ արդարութեան ձայնով, հմայեց։ Ակնդիրը յիշեց ա՛յն Օպաման, որ աւելի քան տարի մը առաջ ընտրապայքար կը մղէր եւ «Այո՛, կարո՛ղ ենք» ու նմանօրինակ նշանախօսքերով, կը մագնիսանցնէր, ետեւէն կը քաշէր դիտող ու քուէարկող։
Աւաղ, սակայն, Օպամա կը թուի մոռցած ըլլալ, որ մօտաւորապէս մէկ ու կէս տարի առաջ յաղթանակ տարած է ու աւելի քան տարիէ մը ի վեր ալ ձեռքին ունի Սպիտակ տան ղեկը։ Երկուշաբթի առտու խօսողը՝ կարծէք թէ երկրին նախագահը չէր, որովհետեւ ինքզինք սահմանափակած էր ախտաճանաչումներ կատարողի, քննադատողի եւ լուծումներու մասին բաղձանք ներկայացնողի դերին մէջ։ Ընտրապայքարի օրերուն, ան աւելի՛ ինքնավստահ էր ու վճռական։
Ապահովագրութեան հսկաները մնացին Օպամայի քննադատութեանց հիմնական թիրախները։ Ախտաճանաչումները հազիւ թէ նկատի ունեցան այլ կալուածներ։
Սպիտակ տան պետը արդեօք ծանօթ չէ՞, որ ինչպիսի՛ հսկայական մսխումներ կը կատարուին պատերազմներու մէջ, զէնքի ճարտարարուեստի հսկաները ի՛նչ տարողութեամբ կողոպուտի կ՛ենթարկեն պետութիւնն ու անոր շահատուրք վճարող քաղաքացիները։
Նախագահը վստահաբար տեղեակ է թէ վառելանիւթի ընկերութիւններն ալ կը շարունակեն սակերու կամայական՝ «աւելի վեր, քան վար» խաղը, որ հիմա կը թուի դուրս ինկած ըլլալ հասարակ մահկանացուներու ռատարներէն, որովհետեւ «Թոյոթա»ի ու նմանօրինակ խաղքութիւնները (խայտառակութիւնները-Խմբ.) աւելի հաճելի ունկնդրութիւն կը պարգեւեն մարդոց։
Տակաւին, կարելի է հարց տալ. նախագահը արդեօք տեղեկագիրներ ստացա՞ծ էր դեռ քանի մը օր առաջ 32 նահանգներ տագնապի մատնած ուսանողական-ուսուցչական բողոքի ցոյցերու մասին, որոնք կրթաթոշակներու բարձրացման, ուսուցիչներու գործազրկման եւ ընդհանրապէս կրթութեան մարզին «շնորհուած» պիւտճէական կրճատումներուն դէմ աւելի բարձր տեսիպէլներու հասցուցին բողոքի բացագանչութիւնները։
Սրտցաւ նախագահէն սպասելի է, որ նոյնիմաստ հարցադրումներ կատարէ նո՛յնքան սուր, եւ այլ մտահոգութիւններու ծնունդ տուող յիշեալ տագնապներուն մասին ալ. օրինակ, պէտք է հարց տայ՝ բանակային զոհերուն թիւը քանիի՞ պէտք է հասնի, որպէսզի վերջ գտնեն անիմաստ ու անհիմն պատերազմները։
Պաշտօնական ու չգրանցուած անգործներու թիւը քանիի՞ պէտք է հասնի, որպէսզի անգործութիւն կոչուած «հրէշ»ին դէմ լայնատարած քայլեր որդեգրուին։
Քանի՞ դպրոց պէտք է փոխարինուի բանտով, որպէսզի լրջօրէն քննարկուի ու դարմանուի կրթական տագնապը։
Քանի՞ դեմոկրատ պէտք է հրաժարի հանրապետականի դեր խաղալէ, որպէսզի խորհրդարանական քննարկումները դառնան հաւաստի, հանրապետութիւնն ու ժողովրդավարութիւնը վերարժեւորեն իրենք զիրենք, վերջ գտնէ կայսերական չյայտարարուած գործընթացը, որ կուլ կու տայ ժողովրդավարական ամէն արժէք ու կը քանդէ դարաւոր իրագործումներ։
Թուրքիոյ ու Իսրայէլի անարդարութիւններուն դիմաց, որքա՞ն ատեն պէտք է շարունակել ինքնախաբէութեան խաղը։
***
…Նախագահը արդեօք անդրադարձա՞ւ, թէ զանգուածային լրատուութիւնը իր ճառը երրորդական լուրերու շարքին դասած էր երեկոյեան, ու միայն հպանցիկ ակնարկութիւններով յիշատակեց զայն (մարդիկը ի վերջոյ կը հետեւին «դրամը վճարողը կը փչէ սուլիչը» անգերադասելի «սկզբունքին»…)։