Պոլսահայ միութեան մայր վարչութեան ատենապետ Սիմոն Աճըիլաչ կը տեղեկացնէ, թէ Կիրակի, Մարտ 7ին, Շնորհք պատրիարքին վախճանման 20րդ տարելիցը նշուած է Փասատինայի Ս. Գրիգոր Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ մէջ, կազմակերպութեամբ եկեղեցւոյ եւ Լոս Անճելըսի Պոլսահայ միութեան, նախագահութեամբ՝ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի, ներկայութեամբ նախկին առաջնորդ Վաչէ արք. Յովսէփեանի եւ Հայաստանի Գուգարաց թեմի առաջնորդ Սեպուհ եպս. Չուլճեանի, որ թեկնածու է Պոլսոյ պատրիարքական ընտրութիւններուն: Սեպուհ սրբազան փոխանցած է տպաւորիչ քարոզ մը՝ վեր առնելով Շնորհք պատրիարքի հոգեւոր կեանքը։ Յաւարտ Ս. պատարագի եւ Արեւագալի երգեցողութիւններուն տեղի ունեցած է հոգեհանգստեան պաշտօն՝ Շնորհք պատրիարքի հոգւոյն ի հանգիստ։
Ապա, եկեղեցւոյ սրահին մէջ գործադրուած է գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը, որուն ընթացքին Սիմոն Աճըիլաչ, միութեան անունով ներկաներուն փոխանցած է իր սրտի խօսքը։
Խօսք առած է նաեւ Վաչէ սրբազան, որմէ ետք Հիլտա Աճըիլաչը կարդացած է «Մարմարա»ի խմբագրապետ Ռ. Հատտէճեանի կողմէ Շնորհք պատրիարքի յիշատակին գրի առնուած յօդուածը: Իր սրտի խօսքը արտասանած են նաեւ Զաւէն Ա. քհնյ. Արզումանեան, խմբագիր Թորգոմ Փոսթալճեան, որ 1941ին Անթիլիասի մէջ աշակերտած էր Շնորհք պատրիարքին:
Հուսկ բանքը խօսած է Յովնան սրբազանը:
Ձեռնարկը աւարտած է Սեպուհ սրբազանի «Պահպանի»չով։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.