ՄՈՍԿՈՒԱ, «Ռոյթըրզ».- Ուրբաթ, Մարտ 19ին Մոսկուայի մէջ կայացած Միջին Արեւելքի քառեակի (Ռուսիա, ՄԱԿ, Եւրոմիութիւն եւ Միացեալ Նահանգներ) խորհրդակցութեանց աւարտին հրապարակուած յայտարարութեան մէջ քննադատուեցաւ գրաւեալ արեւելեան Երուսաղէմի մէջ 1600 նոր բնակարաններ կառուցելու Իսրայէլի նորագոյն որոշումը, որ հարուած մը հասցուցած է Իսրայէլի եւ Պաղեստինեան իշխանութեանց միջեւ անուղղակի բանակցութիւնները վերսկսելու աշխատանքներուն:
Պաղեստինցի ղեկավարներ անբաւարար համարեցին Միջին Արեւելքի քառեակին այս յայտարարութիւնը՝ Իսրայէլի դէմ աւելի կտրուկ քայլեր պահանջելով:
Միւս կողմէ, Իսրայէլի իշխանութիւնները Ուրբաթ օր հերքեցին եւրոպական մամուլի այն պնդումները, թէ վերջին վայրկեանին ջնջուած Եւրոմիութեան արտաքին քաղաքականութեան պետ Քաթրին Աշթընի եւ Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Աւիկտոր Լիպերմանի հետ Պրիւքսելի մէջ Երկուշաբթի օր կայանալիք հանդիպումը զոհ գացած է ապօրինի բնակեցման հարցերուն շուրջ Իսրայէլի կառավարութեան որոշումներուն:
Յիշեցնենք, թէ Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան Միջին Արեւելքի յատուկ պատուիրակ Ճորճ Միչըլ եւս այս շաբթուան ընթացքին յետաձգած էր Իսրայէլ կատարելիք իր այցելութիւնը:
Միւս կողմէ, գրաւեալ արեւելեան Երուսաղէմի եւ Արեւմտեան Ափի կարգ մը շրջաններուն մէջ բախումներ տեղի ունեցան իսրայէլեան այս քայլերուն դէմ բողոքող պաղեստինցի ցուցարարներու եւ իսրայէլացի ոստիկաններու միջեւ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.