ԳԷՈՐԳ ՄԱՆՈՅԵԱՆ
Յառաջիկայ քանի մը օրերը ճակատագրական կը նկատուին ոչ միայն Միացեալ Նահանգներու առողջապահութեան մարզը բարեկարգել միտող բանաձեւին, այլ այդ բանաձեւը իր պաշտօնավարութեան ընթացքին իրագործուելիք ծրագիրներուն մէջ առաջնակարգ դիրքի մը վրայ դրած նախագահ Պարաք Օպամայի վարկին համար:
Բանաձեւին կարեւորութիւնը անգամ մը եւս բացայայտ դարձաւ, երբ Հինգշաբթի օր յայտարարուեցաւ, թէ նախագահը որոշած է Յունիսին յետաձգել արդէն իսկ նախապէս քանի մը օրով յետաձգուած դէպի Աւստրալիա եւ Ինտոնեզիա կատարելիք այցելութիւնը, որպէսզի կարենայ բանաձեւին վաւերացումը ապահովել:
Նախագահը հանդիպումներ ունեցած է եւ մինչեւ Կիրակի օր պիտի շարունակէ խորհրդակցիլ աւելի քան երեք երկվեցեակ քոնկրեսականներու հետ, որոնք Ներկայացուցիչներու տան մէջ դէմ քուէարկած էին բանաձեւին: Անոնց աջակցութիւնը ապահովելը կարեւոր է՝ վաւերացնելու համար Ծերակոյտին կողմէ վաւերացուած տարբերակը, որուն քննարկումը Կիրակի օր պիտի սկսի:
Նախագահը պէտք է համոզէ թէ՛ ազատական դեմոկրատները, որոնք անբաւարար կը համարեն բարեկարգումները, եւ թէ պահպանողականները, որոնք մտավախութիւններ ունին բանաձեւին հսկայ ծախսերուն նկատմամբ:
Այս վերջիններուն մտավախութիւնները մեղմացան Հինգշաբթի օր, երբ Քոնկրեսական ամավարկի գրասենեակը յայտարարեց, թէ բարեփոխուած բանաձեւը տասը տարիներու ընթացքին 940 միլիառ տոլար պիտի արժէ, սակայն անոր շնորհիւ, մինչեւ 2019 թուականը կարելի պիտի ըլլայ 138 միլիառ տոլարով նուազեցնել ամերիկեան կառավարութեան ամավարկի բացը: Այդ կրճատումներըը 1.2 եռիլիոն տոլարի պիտի հասնին ծրագրի գործադրութեան երկրորդ տասնամեակին:
Այս խնայողութիւնները պիտի իրականանան մեծ մասամբ ապահովագրական ընկերութեանց վրայ պարտադրուած սեղմումներուն շնորհիւ:
Օպամայի վարկը անշուշտ չի մտահոգեր հանրապետական ղեկավարութիւնը, որուն ներկայացուցիչներէն մէկը՝ Ներկայացուցիչներու տան փոքրամասնութեան ղեկավար Ճան Պոնըր, անգամ մը եւս յայտարարեց, թէ իր կուսակցութիւնը կարելին պիտի ընէ ձախողութեան մատնելու համար այս «ծախսալից ու վտանգաւոր» բանաձեւը:
Մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ քաղաքական ջերմաստիճանը կրնայ նոր մրցանիշ մը հաստատել այս շաբաթավերջին: