ԼՈՆՏՈՆ.- ՀԲԸՄի Եւրոպայի մասնաճիւղը դիմած է Մեծն Բրիտանիոյ կառավարութեան, խնդրելով անկէ, որ չեղեալ համարէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը չճանչնալու իր քաղաքականութիւնը եւ սկսի աւելի բարոյական ու կառուցողական քաղաքականութիւն վարելու Թուրքիոյ եւ Հայաստանի հետ:
Կոչին իբրեւ յաւելուած կցուած է միջազգային քրէական օրէնքներու հեղինակաւոր մասնագէտ Ճեֆրի Ռապըրթսընի «Իրաւաբանական կարծիք»ի հրապարակումը՝ բրիտանական կառավարութեան քաղաքականութեան մասին, ուր կ՛ըսուի, թէ չկան «բաւարար ապացոյցներ, որպէսզի 1915ի Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած մասսայական ջարդերը համարուին ցեղասպանութիւն»: Միացեալ Թագաւորութիւնը միակ կառավարութիւնն է Եւրոպայի մէջ, որ չընդունիր Հայոց Ցեղասպանութիւնը: ՀԲԸՄի Եւրոպայի մասնաճիւղը կը հաւատայ, որ Մեծն Բրիտանիա կրնայ մեծ դեր խաղալ Հարաւային Կովկասի եւ Թուքիոյ միջեւ վստահութիւն եւ կայունութիւն հաստատելու գործին մէջ: «Ես կը հաւատամ, որ մեր կառավարութիւնը այս անգամ ճիշդ քայլ մը կ՛առնէ», կ՛ըսէ ՀԲԸՄի Եւրոպայի մասնաճիւղի Մեծն Բրիտանիոյ ներկայացուցիչ Արմինէ Աֆրիկեանը:
Ըստ www.doughtystreet.co.uk կայքին վրայ զետեղուած գրութեան, Ճեֆրի Ռապըրթսըն ցաւ կը յայտնէ, որ Բրիտանական կառավարութիւնը ընդհանրապէս չընդունիր Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալ, ինչպէս նաեւ անցեալին մարդկութեան դէմ գործուած յանցանքները ազգերու կողմէ ճանչնալու կամ Ցեղասպանութեան զոհերու ժառանգորդներուն աջակցելու անհրաժեշտութիւնը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.