ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- Հայ օգնութեան միութեան (ՀՕՄ) աշխարհասփիւռ անդամուհիներ Յունաստանէն, Ֆրանսայէն, Կիպրոսէն, Լիբանանէն, Սուրիայէն, Արժանթինէն, Պրազիլէն, Գանատայէն եւ Միացեալ Նահանգներէն, հաւաքուեցան Նիւ Եորք քաղաքը՝ տօնախմբելու համար Միութեան հարիւրամեակը։
ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան կողմէ կազմակերպուած եռօրեայ հանդիսութիւնները սկսան «Գառնըկի» դահլիճի «Ուէյլ» Նուագասրահին մէջ, Չորեքշաբթի, 10 Մարտի երեկոյեան կայացած ճոխ յայտագիրով մը։ Օրուան գլխաւոր բանախօսն էր Կիներու համաշխարհային դրամատան նախագահ եւ վարիչ տնօրէն Մէրի Էլեն Իսքէնտէրեանը, որ դրուատեց ՀՕՄի մարդասիրական ու բարեգործական աշխատանքները։ Ան անդրադարձաւ ոչ-շահութաբեր կազմակերպութիւններու շրջանակէն ներս տեղի ունեցած փոփոխութիւններուն՝ նշելով, թէ կիներու տնտեսական զարգացման մէջ եղած ներդրումները յաջողութիւն արձանագրած են։ Ան հրաւիրեց ներկաները շարունակելու իրենց համաշխարհային զօրակցութիւնը հայ ընտանիքներու դաստիարակչական, առողջապահական, բնակարանային եւ այլ կարիքներու բաւարարման ճիգերուն։
Երեկոյթը սկսաւ հանդիսավար Սթեֆանի Մեսրոպեանի բացման խօսքով, որ կ՛անդրադառնար ՀՕՄի հայ գաղութներուն ընձեռած 100ամեայ ծառայութեան։ Մեսրոպեան նկարագրեց մարդասիրական աշխատանքներուն դար մը ամբողջ հոլովոյթը։ Ան խօսեցաւ նաեւ Միութեան ապագային մասին՝ յատկապէս նշելով իւրայատուկ կեդրոնացում Հայաստանի, Արցախի ու æաւախքի մէջ ի գործ դրուած ծրագիրներուն վրայ։ Հանդիսավարը ներկայացուց հրաւիրեալները, ի մէջ առեալ բարերարներ, դիւանագիտական ու միութենական ներկայացուցիչներ ու կղերականներ (ստորեւ՝ տեսնել ներկայ անձնաւորութիւններուն ամբողջական ցանկը)։
Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արեւելեան Ամերիկայի թեմի բարեխնամ առաջնորդ Օշական արք. Չոլոյեան բեմ հրաւիրուեցաւ՝ կարդալու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա.ի Կոնդակը, ուր ան կը շնորհաւորէր ՀՕՄը՝ անոր հարիւրամեայ անձնուրաց ծառայութեան համար հայ ժողովուրդին։ Արամ Ա. վեհափառը 2010 թուականը յայտարարած է արդէն «Հայ կնոջ տարի»։
ԱՄՆի մօտ Հայաստանի հանրապետութեան դեսպան Թաթուլ Մարգարեան, իր շնորհաւորութիւնները յայտնելէ ետք ու հրաւիրելէ ետք ՀՕՄը շարունակելու իր ազգօգուտ գործունէութիւնը, կարդաց Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի ուղերձը, որով ան, Հայաստանի հանրապետութեան կառավարութեան անունով կը շնորհաւորէր ՀՕՄի հարիւրամեակը։
ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան եւ «Գառնըկի» հիմնարկութեան նախագահ դոկտ. Վարդան Գրիգորեան, խօսք առնելով՝ իրենց կարգին շնորհաւորեցին Հայ օգնութեան միութեան հարիւրամեայ գործունէութիւնը։
ՀՕՄի Կեդր. վարչութեան ատենապետուհի Վիքի Մարաշլեանը, ներկաներուն յիշեցուց ՀՕՄի ստանձնած առաքելութեան տարողութիւնը։ ՀՕՄի ծրագիրները կը նշուին իրենց բազմազանութեամբ, սկսեալ տեղական ընկերային հարցերէ մինչեւ հայրենիքէ ներս որբերու խնամատարութիւն, մշակութային ուսուցում եւ մարդկային հիմնական իրաւունքներու պաշտպանութիւն։ Խօսքը ուղղելով ՀՕՄի անդամներուն՝ Վ. Մարաշլեան շեշտեց, թէ ՀՕՄուհիները խմբաւորումն են ուժեղ ու խանդավառ կիներու՝ պատրաստ գործելու եւ համագործակցելու՝ ի խնդիր մեր ժողովուրդի բազմազան կարիքներու մշտական գոհացման:
Իր խօսքին վերջաւորութեան, ան ՀՕՄի «Արարատ» մրցանակը յանձնեց Near East Foundation-ի ատենապետ Շանթ Մարտիրոսեանին, առ ի գնահատանք կազմակերպութեան մը՝ հիմնուած Մեծ Եղեռնի նոյն տարին (1915 թուին), որուն մարդասիրական ջանքերուն շնորհիւ հազարաւոր հայ կեանքեր կարելի եղաւ փրկել ստոյգ մահուան ճիրաններէն։
Երեկոյթի գեղարուեստական բաժինին մասնակցեցան օփերայի երգիչներ Վիքթորիա Աւետիսեան՝ մեծծօ սօփրանօ, եւ Եղիշէ Մանուչարեան՝ թենոր, դաշնակի ընկերակցութեամբ Արմինէ Վարդանեանի։ Գեղարուեստական յայտագիրին մաս կը կազմէր նաեւ Ալիսա Նագաշեան-Հոլսպըրկի ելոյթը՝ ապակերգեհոնի վրայ (glass armonica)։
Երեկոյթը վերջացաւ ընդունելութեամբ մը, ուր ներկաները առիթը ունեցան անգամ մը եւս իրենց շնորհաւորութիւնները յայտնելու ՀՕՄին, անոր հարիւրամեայ գործունէութեան դարադարձին առթիւ:
Չորեքշաբթի օրուան այս երեկոյթին յաջորդ օրը տեղի ունեցաւ միօրեայ սեմինար մը՝ ՀՕՄի գործունէութեան առնչուող հարցերուն շուրջ, մասնակցութեամբ այլազան շրջաններէ եկած ընկերուհիներու։ Ներկայացուած նիւթերուն մաս կը կազմէին ՄԱԿի ոչ-կառավարական կազմակերպութիւններուն դերը, Հայ կնոջ իրաւունքներն ու պարտաւորութիւնները, ինչպէս նաեւ միջազգային բարեսիրական կազմակերպութիւններ եւ ներքին կազմակերպչական հարցեր։
Հարիւրամեակը միաժամանակ կը տօնակատարուի տեղական ու շրջանային մակարդակներու վրայ, աշխարհի 26 տարբեր երկիրներու մէջ, ուր ՀՕՄի միաւորներ գոյութիւն ունին։
Նիւ Եորքի հանդիսութիւնը սկիզբն է ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան կողմէ կազմակերպուած հանդիսութեանց շարքի մը, որ պիտի աւարտի աշնան՝ Տէր Զօր ուխտագնացութեամբ, նոյն այն անապատին մէջ, ուր հարիւր հազարաւոր հայեր ոչնչացան՝ Մեծ Եղեռնին իբրեւ հետեւանք։ Հարիւրամեակի տարին պաշտօնապէս պիտի վերջ գտնէ մէկ շաբաթ տեւող հանդիսութիւններով՝ Հայաստանի մէջ։
ՀՕՄի Հարիւրամեակի նշումին ներկայ գտնուած պաշտօնական անձնաւորութիւններ
– Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արեւելեան Ամերիկայի թեմի բարեխնամ առաջնորդ Օշական արք. Չոլոյեան
– Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արեւմտեան Ամերիկայի թեմի բարեխնամ առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան
– Հիւս. Ամերիկայի Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ պատրիարք Մանուէլ արք. Պաթաքեան
– Ամերիկայի Հայ միսիոնարներու ներկայացուցիչ Լեւոն Ֆիլեան
– Հայաստանի հանրապետութեան Ուաշինկթընի դեսպան Ն.Վ. Թաթուլ Մարգարեան
– ՀՀ ՄԱԿի մօտ դեսպան՝ տէր եւ տիկ. Կարէն Նազարեան
– ԱՄՆի մօտ ԼՂՀ Ներկայացուցչութեան կողմէ՝ Արամ Աւետիսեան
– ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան
– ՀՅԴ Արեւելեան Ամերիկայի Կեդր. կոմիտէի անդամ Հրայր Պարոնեան
– ՀՅԴ Գանատայի Կեդր. կոմիտէի անդամ Կարին Յովսէփեան
– Համազգային մշակութային միութեան ներկայացուցիչ Զարմայր Սեդրակեան
– Near East Foundation-ի ատենապետ Շանթ Մարտիրոսեան