«ՉԵՄ ՀԱՍԿՆԱՐ ԹԷ ԻՆՉՈ՞Ւ ՏԷՐ ԿԸ ԿԱՆԳՆԻՔ 95 ՏԱՐՈՒԱՆ ՍՈՒՏԵՐՈՒՆ»
«Թարաֆ» թերթը նախանցեալ Շաբաթ օրուան իր թիւին մէջ (13 Մարտին) հիւրընկալած էր Ամերիկայի Քլարք համալսարանի դասախօս, թուրք յայտնի պատմաբան Թանէր Ագչամի մէկ յօդուածը, որ իրականութեան մէջ «բաց նամակ» մըն էր ուղղուած Վարչապետին եւ Պիւլէնտ Արընչին։ Ագչամ, որ միշտ հայկական տեսակէտներու պաշտպանը հանդիսացած է, իր այս «բաց նամակ»ին մէջ ցնցիչ ուժգնութեամբ հարց կուտար Վարչապետին եւ անոր տեղակալին թէ ինչո՞ւ քիւրտերու եւ այլ կնճռոտ հարցերու մէջ այսքան խիզախ բացուածքներով հանդէս եկող կառավարութիւնը կ՛ընկրկի հայկական ցեղասպանութեան հարցին մէջ եւ կը շարունակէ տէր կանգնիլ նախորդներուն կողմէ 95 տարիէ ի վեր յառաջ քշուած սուտերուն։ Կառավարութիւնը որ վերջ տուաւ «քիւրտ չկայ, լերան վրայ պտըտող թուրքեր կան» ասութեան, կառավարութիւնը որ վերջ տուաւ հանրապետութեան առաջին օրէն ի վեր իր հեղինակութիւնը պարտադրող զինուորականներու քաղաքականութեան, կառավարութիւնը որ ժողովրդավարական այնքան ցնցիչ նորութիւններ ընդունեց, ի՞նչպէս կ՛ըլլայ որ կը շարունակէ 1915ի մասին 95 տարուան սուտերը։ Ագչամ հարց կուտայ որ քրտական հարցը այսօր լուծումի ընթացքին մէջ մտած կ՛ըլլա՞ր, եթէ կառավարութիւնը առաջուան պէս քիւրտերը՝ գամ, ինքզինքն ալ՝ մուրճ նկատէր։
Բայց, ըստ Ագչամի, այնպէս կը թուի որ այս կառավարութիւնն ալ կը կարծէ որ հայկական հարցը կրնայ լուծուիլ 95 տարիէ ի վեր շարունակուող սուտերով։ «Իսկապէս, լրջօրէն կը հաւատա՞ք» հարց կուտայ Թանէր Ագչամ։ Ամերիկայի դէմ ասպարէզ կարդալով, մեծխօսիկութեան ոյժի ցուցադրութիւններ ընելո՞վ է որ պիտի լուծէք 95 տարուան այս փտախտը։
«Այո՛, բայց յարգելի Վարչապետ, յարգելի Արընչ, եթէ այդ կերպով լուծուէր, 95 տարուան ընթացքին արդէն լուծուած կ՚ըլլար, ձեզի ի՞նչ պէտք կար։ Շիւքրիւ Էլէքտաղ կը լուծէր, Վէլի Քիւչիւք կը լուծէր. այդպէս չէ՞»։
Ագչամ ապա կ՛ուղղէ ցնցիչ հարցում մը.
«Շատ լաւ, հապա եթէ Օպաման ալ ձեզի նման տղամարդու կեցուածք մը ցոյց տայ եւ ելլէ ըսէ որ դուք իրաւունք չունիք ինծի սպառնալու, իրաւունք չունիք ինձմէ պահանջելու որ սուտ խօսիմ։ Սպառնալիքներով կ՛ուզէք որ ես իմ հաւատքս փոխեմ։ Չէ՞ք ամչնար։ Ես չեմ ստեր։ Ես 1915ի մասին կ՛ըսեմ այն ինչ որու կը հաւատամ։ Ասիկա ցեղասպանութիւն մըն է»։ Է՜հ, ի՞նչ պիտի ընէք եթէ Օպամա այսպէս խօսի։
Ագչամ յետոյ կ՛աւելցնէ որ ինք ալ կարծած էր թէ 95 տարուան սուտի քաղաքականութիւնը վերջացած էր երբ Զուիցերիոյ հետ ստորագրուեցան Թուրքիա-Հայաստան Փրոթոքոլները։ Կարծած էր որ այլեւս փակուած էր Կիւնտիւզ Աքթաններու, Շիւքրիւ Էլէքտաղներու եւ Եուսուֆ Հալաճօղլուներու շրջանը, որովհետեւ այլեւս 1915ի մասին ճշմարտութիւնները երեւան հանող յանձնախումբ մը պիտի կազմուէր։
Ագչամ, հրէական ցեղասպանութեան ճանաչման հարցի մասին ալ անցեալէն մանրամասնեալ տեղեկութիւններ տալէ վերջ, որոնցմէ յայտնի կը դառնայ որ Զուիցերիոյ կառավարութիւնը հրեաներէն ներողութիւն խնդրած էր Ողջակիզման առիթով, կարծուած էր որ նմանօրինակ քայլ մըն ալ Թուրքիան պիտի առնէր։ Հիմա սակայն Ագչամ կը կրկնէ որ կարելի չէ 1915ը լուծել կրկնելով 95 տարուան սուտերը, որովհետեւ եթէ այդպէս ըլլար, հարցը արդէն կը լուծէին բոլոր անոնք, որոնք այս գործը այսօրուան կառավարութենէն աւելի վարպետօրէն ըրին։ Թուրք ժողովուրդի ճակտին արատ մը քսուեցաւ 1915ին եւ ատիկա ընողներն էին Իթթահատական ոճրագործները։ Դուք հիմա մէկ քայլ առաջ չէք կրնար երթալ, առանց այդ արատը սրբելու։
Թուրք պատմաբանը այնուհետեւ հարց կուտայ Վարչապետին.
«Դուք որ 1938ի Տէրսիմի դէպքերը սպանդ նկատեցիք, ի՞նչպէս կ՛ըլլայ որ Տէրսիմի մէջ սպաննուածներէն 10-15 անգամ բազմապատիկ թիւով սպաննուած մարդոց դատը չէք պաշտպաներ եւ զանոնք պաշտպանողներուն վրայ կը քալէք սպառնական ոճով։ Կազզէի մէջ Իսրայէլի ոճիրներուն իրաւամբ դէմ կուգաք, բայց երբ կարգը կուգայ 1915ի այն սպանդներուն, որոնք Կազզէի հետ չեն իսկ բաղդատուիր, ձեր ձայնը կը բարձրացնէք ըսելով որ «ձեր պապերը ոճիր չէին կրնար գործած ըլլալ»։ Ի՞նչ պիտի ըսենք ձեր այս հակասական կեցուածքին մասին»։
Ագչամ կը յիշեցնէ որ 1915ի լուծման համար անհրաժեշտ պատասխանները Վէլի Քիւչիւքի, Տօղու Փէրինչիքի, Շիւքրիւ Էլէքտաղի եւ Եուսուֆ Հալաճօղլուի ուրացումի քաղաքականութեան մէջ չեն։ 1915ի սուտերը յառաջ քշելով երկիրը դէպի քաոս առաջնորդողներուն եւ Հրանդ Տինքը սպաննողներուն, քրիստոնեաներու դէմ մահափորձ կազմակերպողներուն հետ դուք չէք կրնար նոյն գծի վրայ կանգնիլ։ Եթէ կ՛ուզէք 1915ի մասին պատասխանել, Էրկէնէքոն-ի դաւադիրներէն տարբեր պատասխաններ պէտք է գտնէք եւ հիմնուելով Անատոլուի մահմետական աւանդութիւններու վրայ, պէտք է նայիք թէ ի՞նչեր պատահեցան 1915ին։
Խօսքը ուղղելով Պիւլէնտ Արընչին, որ այնքա՛ն մեծ հակազդեցութիւն ցոյց տուած էր Ճէ Հէ Փէցիներու կողմէ կիներու «չարշաֆ»ի դէմ եղած յարձակումին, Ագչամ կը յիշեցնէ Անատոլուի այն ուղղամիտ մահմետականները, որոնք 1915ին արիաբար պաշտպան կանգնեցան իրենց հայ դրացիներու։ «Դուք չէ՞ք գիտեր որ Իթթահատականներու դէմ ամէնէն լուրջ դիմադրութիւնը եկաւ Անատոլուի մահմետականներէն։ Գասթամոնուի ժողովուրդը մերժեց դէպի մահ ղրկել իր հայ դրացիները, Պօղազլեանի ոճրագործ Քէմալին դէմ եկան Եոզկատցի մահմետականները, ըսելով որ Քուրանի մէջ տեղ չկայ անմեղ մարդ սպաննելու յանցագործութեան։ Դուք չէ՞ք գիտեր որ Պօղազլեանի Միւֆթիւ Ապտուլլահզատէ Մէհմէտ գրաւոր գանգատ յղեց Պօղազլեանի ոճրագործ Քայմաքամին դէմ, որ այս կերպով կախաղան հանուեցաւ։ Այդ միւֆթիւն էր որ կ՛ըսէր որ վերը Աստուած կայ, ես կը վախնամ Աստուծոյ դատաստանէն։ Դուք չէ՞ք գիտեր արդեօք որ երրորդ զօրաբանակի ոճրագործ հրամանատար Քէամիլ փաշա 1915ի Յուլիսին հրահանգած էր որ ով որ իր տան մէջ հայ պիտի պահէր, իր տանը դրան առջեւ կախաղան պիտի հանուէր։ Հակառակ ատոր Ուրֆացի մահմետականները իրենց տան երդիքին մէջ ութ հոգինոց հայ ընտանիքներ պահեցին։ Գացէք Անատոլու եւ իմացէք թէ այսպիսի հազարաւոր պատմութիւններ պիտի պատմուին ձեզի»։
Իր երկարաշունչ «Բաց նամակ-յօդուած»ի աւարտին Ագչամ դիտել կուտայ որ Թուրքիոյ առողջ ապագան այդ շրջանի Անատոլուի պատուաւոր մահմետականներու կեցուածքին վրայ է որ կրնայ հիմնուիլ։ Ինչպէս որ կարելի չէ այսօրուան հարցերը լուծել տէր կանգնելով Հրանդին ոճրագործներուն, Սալմասթներուն, Վէլի Քիւչիւքներուն, այդպէս ալ չէք կրնար 1915ը լուծել երէկուան հայերը սպաննողներուն տէր կանգնելով։
Ձեր տեղը Վէլի Քիւչիւքին քով չէ, դուք տէր պէտք է կանգնիք Հաճը Հալիլներու կեցուածքին, կ՛եզրակացնէ Թանէր Ագչամ։
Ագչամ իր յօդուածի վերջաւորութեան կը յիշէ Նազըմ Հիքմէթի անմահ տողերը.
«Նպարավաճառ Կարապետին լոյսերը վառած են։ Այս հայ հայրենակիցը բնաւ չներեց, որ քրտական լեռներու վրայ ջարդուեցաւ իր հայրը, բայց ան կը սիրէ քեզ, որովհետեւ դուն ալ չներեցիր թուրք ժողովուրդի ճակտին այս արատը քսողները»։
Ագչամ այս բանաստեղծութիւնը կը յանձնէ «բանաստեղծութիւն» սիրող Վարչապետին ուշադրութեան։