Թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Հայ-թրքական խորհուրդի թուրք համանախագահ Քաան Սոյաք, անդրադառնալով Միացեալ Նահանգներու եւ Շուէտի մէջ վաւերացուած Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւերու՝ Սոյաք նշած է, որ նման օրինագիծերը կը բարդացնեն հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը։ «Մենք պէտք է գիտակցինք, որ ինչպէս Միացեալ Նահանգներու, այնպէս ալ եւրոպական երկիրներու քաղաքական գործիչներու համար Թուրքիայէն աւելի կարեւոր է իրենց ընտրողներու կարծիքը», ըսած է ան։
Սոյաքի կարծիքով, Մարտ եւ Ապրիլ ամիսները թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններու համար ճգնաժամային պիտի ըլլան։ Ըստ անոր, եթէ Թուրքիան վաւերացուցած ըլլար հայ-թրքական արձանագրութիւնները, այդ առնչութեամբ մտահոգուելու առիթ չէր ունենար։
«Ինչո՞ւ մենք բանաձեւէն տակն ու վրայ կ՛ըլլանք, որովհետեւ մեր խորհրդարանը մինչեւ հիմա չէ վաւերացուցած արձանագրութիւնները։ Եթէ այդ փաստաթուղթերը վաւերացուէին, Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի օրակարգին վրայ չէր յայտնուեր Ցեղասպանութեան մասին բանաձեւը, եւ մենք չէինք մտահոգուիր, թէ Ապրիլ 24ին ի՛նչ արտայայտութիւն պիտի գործածէ Օպաման», նշած է Սոյաք՝ ընդգծելով, որ խորհրդարանը արձանագրութիւնները դեռ չէ վաւերացուցած, որովհետեւ Թուրքիան ղարաբաղեան հարցի կարգաւորման մէջ Ատրպէյճանին կ՛աջակցի։
Միջազգային տագնապի խմբակին (International Crisis Group) եւրոպական ծրագրի պատասխանատու Սապին Ֆրէյժըր եւս յայտրարարեց, թէ միչեւ Ապրիլ 24 արձանագրութիւնները վաւերացնելով՝ խորհրդարանը պիտի տկարացնէ հայկական Սփիւռքին դիրքը: