ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Հայ ուսուցիչը մեծարելը եւ կամ անոր կատարած գործը գնահատելը կը նշանակէ մեծարել մեր ժողովուրդը, մեր հայրենիքը, մեր մայրենի լեզուն:
Կիրակի, Մարտ 7ին, Կլենտէյլի Հանրային գրադարանի սրահին մէջ, հովանաւորութեամբ առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի եւ կազմակերպութեամբ Լոս Անճելըսի Թէքէեան եւ Այնթապցիներու մշակութային միութիւններուն, արժանավայել կերպով նշուեցաւ վաստակաշատ հայ կրթական մշակ Երուանդ Պապայեանի 75 տարիներու մշակութային, կրթական, ազգային եւ հասարակական գործունէութեան նուիրուած յոբելեանը, ինչպէս նաեւ տեղի ունեցաւ անոր «Պէտք չէ մոռցուին» հատորին ներկայացումը:

Առաջնորդին կողքին, ձեռնարկին ներկայ էին նաեւ օրուան յոբելեարը՝ իր կնոջ եւ ընտանեկան պարագաներուն հետ, ՀԲԸՄի Կեդրոնական եւ տեղական վարչութիւններու ներկայացուցիչներ, կազմակերպիչ միութիւններու վարչական անդամներ, լոսանճելըսահայ մամուլի ներկայացուցիչներ, յոբելեարին աշակերտները, բարեկամները, գործակիցներն ու ընկերները, ինչպէս նաեւ հրաւիրեալներու հոծ բազմութիւն մը:
Բացման իր խօսքին մէջ, օրուան հանդիսավար Բարսեղ Գալթալեան բարի գալուստի մաղթանքէն ետք վեր առաւ հայ մշակոյթի օրինակելի գործիչ Երուանդ Պապայեանի եօթը ու կէս տասնամեակներու վրայ երկարող անխոնջ աշխատասիրութիւնը եւ զոհաբերող ոգիով անոր միութենական գործունէութիւնը:
Ապա Վաչէ Սեմերճեան ներկայացուց հեղինակն ու «Պէտք չէ մոռցուին» հատորը, որմէ ետք Թագուհի Արզումանեան ասմունքեց: Ապա հեղինակին աշակերտներէն տոքթ. Կապի Ասլանեան, իր աշակերտական քանի մը յուշերով համեմեց ձեռնարկը:
Իր կարգին, Սինան Սինանեան շեշտը դրաւ Երուանդ Պապայեանի երկարամեայ ազգային եւ հասարակական բեղուն գործունէութեան վրայ՝ մեծարեալը համարելով մեծ հրապարակախօս: Իր խօսքի աւարտին, Սինանեան ընթերցեց ՀԲԸՄի նախագահ Պերճ Սեդրակեանի շնորհաւորական նամակը, եւ ապա յոբելեարին նուիրեց ՀԲԸՄի Պատուոյ շնորհապարգեւ մը: Իր կարգին, յանուն ՌԱԿի՝ Յակոբ Մարտիրոսեան յուշատախտակ մը յանձնեց Պապայեանի:
«Պէտք չէ մոռցուին» հատորին մէջ, շատ մը անուններու կողքին, յատուկ կերպով նշուած են Նշան Շահէնի եւ վաղամեռիկ ճարտարապետ Շահէ Տէր Գէորգեանի անունները: Այս առթիւ, սրտի խօսքերով ելոյթ ունեցան Շահէնի դուստր՝ տոքթ. Ծովինար Քէօշկէրեանը եւ Տէր Գէորգեանի այրին՝ Կարինէն:
Հանդիսավար Գարթալեան ընթերցեց նաեւ Պապայեանի նախկին սաներէն՝ Սերոբ եւ Մարօ Պետրոսեաններու, Թեքսասէն ուղարկուած սրտի խօսքն ու երախտագիտութեան նամակը: Գարթալեան այս առթիւ յիշեց նաեւ, թէ 2004 թուականին, Պապայեանի զաւակները հիմը դրած էին «Երուանդ Պապայեան» մանկավարժական հիմնարկին, որուն շնորհիւ այսօր կը պատրաստուին սաներ ղեկավարութեան հասնելու համար:
Խօսք առաւ նաեւ Կլենտէյլի քաղաքապետ Ֆրանք Քուինթերօ, որ մեծապէս գնահատելէ ու շնորհաւորելէ ետք մեծարեալը, յանուն Կլենտէյլի քաղաքապետութեան գնահատագիրով պատուեց դաստիարակ Պապայեանը:
Բոլոր խօսք առնողներն ալ դրուատեցին Երուանդ Պապայեանի հայ գիրին ու դպրութեան, կուսակցական եւ միութենական կեանքի անսակարկ նուիրուածութիւնը, ազնիւ եւ ազգասէր հայորդի ըլլալը եւ յատուկ տաղանդի տէր մշակութասէրն ու նուիրեալ մշակը:
Օրուան գլխաւոր բանախօս տոքթ. Գէորգ Քէշիշեանը նախ շեշտեց Պապայեանի անցնող 75 տարիներուն համեստ ծառայութեան կարեւորութիւնը հայ գիրին, մշակոյթին ու գրականութեան համար: «Երուանդ Պապայեան օրինակելի ղեկավար, սիրուած, վստահելի գործավար եւ միաժամանակ մեր ժամանակներու մեծագոյն հրապարակախօսն է, որ արժանի է մեր բոլորին գնահատանքին եւ յարգանքին», ըսաւ բանախօսը:
Իր խօսքի աւարտին, բանախօսը բնորոշեց նաեւ Պապայեան մարդուն աստուածատուր շնորհները, անոր հայրենասիրութիւնը, հայ մշակոյթին եւ յատկապէս հայ գիրին ու գրականութեան հանդէպ ունեցած անհուն սէրն ու գուրգուրանքը, եւ վերջապէս ամբողջ կեանքի ընթաքցին անոր օրինակելի աշխատանքը, ապա շնորհաւորեց յոբելեարն ու կողակիցը ու կատարեց բարի մաղթանքներ:
Այնուհետեւ, Յովնան առաջնորդը իր հայրական խօսքը փոխանցեց՝ ըսելով, թէ այսօր աննախընթաց օր մըն է, որովհետեւ կը մեծարուի հայ ազգի արժանաւոր զաւակ մը: Վեր առնելէ ետք Պապայեանի ուսուցիչ-դաստիարակ յատկութիւնները եւ ազգային ծառայասիրութիւնն ու գուրգուրանքը հայ մշակոյթին, ան ըսաւ. «Դուք եղաք մեզի համար մտքի խորան»:
Ապա, 97ամեայ ծերունազարդ Երուանդ Պապայեանը խօսք առնելով՝ ունեցաւ յուզումնախառն կարճ ելոյթ մը, որուն ընթացքին նախ շնորհակալութեան եւ երախտագիտութեան խօսքեր ուղղեց ձեռնարկի կազմակերպիչներուն եւ խօսք առնողներուն, ու շեշտեց, թէ ինքզինք բախտաւոր կը զգայ, որ իր կողակիցին կողքին, զաւակներն ու թոները իրենց լաւագոյնը չեն խնայած, որպէսզի ինք հանգիստ կեանք մը ապրի: «Երախտապարտ այս զգացումս պիտի մնայ այնքան ատեն, որ կ՛ապրիմ», ամբողջացուց յոբելեարը:
Օրուան յայտագիրի գեղարուեստական բաժինով, սրինգով ելոյթ ունեցաւ Սալբի Քէօրքիւնեան, որ յաջորադաբար հրամցուց «Շողեր ճան»ը եւ «Գետակի վրայ»ը: Ապա ծանօթ արուսետագէտներ Սարգիս Քիւրքճեան (ջութակ), Վահէ Հայրիկեան (թաւ ջութակ) եւ Ալիս Տէր Գէորգեան (դաշնակ) հրամցուցին դասական երկու գործեր Ռախմանինովէն, եւ հայկական Քոչարի պար: Նշեալ արուսետագէտներուն ելոյթները արժանացան ներկաներու բուռն ծափահարութիւններուն:
Յոբելինական հանդիսութեան պաշտօնական բաժինի աւարտին, ներկաները հիւրասիրուեցան եւ նաեւ առիթ ունեցան անձամբ շնորհաւորելու տնօրէն, ուսուցիչ, դաստիարակ եւ հայ միտքի մշակ Երուանդ Պապայեանը, անոր կինը՝ Ռօզինը, եւ ընտանեկան պարագաները, պատմական այս օրուան առթիւ: