ԱՆԳԱՐԱ, «Հիւրրիյէթ».- Թուրքիոյ խորհրդարանի գլխաւոր ընդդիմադիր կուսակցութեան՝ Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան, խորհրդարանական խմբակցութեան անդամներ Սուհա Օքայի, Քեմալ Քըլըճտարօղլուի ու Քեմալ Անատոլուի կողմէ խորհրդարանի նախագահութեան դիմում ներկայացուած է՝ պահանջելով խորհրդարանի լիագումար նիստի ընթացքին քննել Հոկտեմբեր 10, 2009ին Ցիւրիխի մէջ ստորագրուած Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններու ապագան։
Անոնք իրենց պահանջքը հիմնաւորած են այն բանով, որ իշխանութիւնները կը փորձեն մինչեւ Ապրիլ 24 արձանագրութիւնները պահել օրակարգի վրայ, ինչ որ, ըստ ընդդիմադիր կուսակցութեան, վտանգաւոր դիրքորոշում մըն է:
Ընդդիմադիր կուսակցութիւնը գործընթացի սկիզբէն ի վեր դէմ եղած է Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման, այնքան ատեն, որ Լեռնային Ղարաբաղի հարցը չէ լուծուած: Դիմումնագրին մէջ կը յիշուի, որ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի կողմէ Ատրպէյճանի խորհրդարանին մէջ տրուած խոստումին համաձայն, կարելի չէ Հայաստանի հետ սահմանը բանալ ու արձանագրութիւնները վաւերացել, եթէ Արցախի հարցը չկարգաւորուի:
Կը նշուի նաեւ, թէ մասնաւորաբար Միացեալ Նահանգներու մէջ հայկական բանաձեւին վաւերացումէն ետք Թուրքիա պէտք չէ օրակարգի վրայ պահէ արձանագրութիւնները:
Ընդդիմադիր կուսակցութիւնը նաեւ հարիւր հազար հայեր Թուրքիայէն վտարելու մասին Էրտողանի յայտարարութեան առնչութեամբ դիմած է խորհրդարանի Մարդկային իրաւունքներու յանձնախումբին։ «Խնդրոյ առարկայ հարիւր հազար հայերը, որոնց մեծամասնութիւնը կանայք եւ երեխաներ են, օրինական եւ ապօրինի ճանապարհներով մուտք գործած են մեր երկիրը։ Անոնց տասնեակ հազարաւորները մտած են Թուրքիա Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան իշխանութեան շրջանին։ Այդ պատճառով անտեսուած է երկրին մէջ անոնց ապօրինի գտնուելու հանգամանքը։ Վարչապետը Հայկական Ցեղասպանութեան պնդումներու առնչութեամբ, ինչպէս Հայաստանի այնպէս ալ հայկական Սփիւռքի դէմ աշխուժ դիւանագիտական պայքար մղելու փոխարէն, կը փորձէ Թուրքիոյ մէջ գտնուող եւ կարծես գերիի կարգավիճակի մէջ յայտնուած հարիւր հազար հայերը երկրէն արտաքսելու սպառնալիքով արդիւնքի հասնիլ, ինչ որ կը հակասէ մարդու իրաւունքներու սկզբունքներուն», նշուած է դիմումին մէջ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.