ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Հինգշաբթի, Մարտ 25ին, «Հիւրրիյէթ»ի մէջ հրատարակուած է լուր մը, որ կը վերաբերի Թուրքիոյ մէջ փախստականի կարգավիճակով գտնուող հայաստանցիներու զաւակներուն առջեւ հայկական վարժարանները բանալու խնդիրին։ Թերթը նախ արձագանգ կը հանդիսանայ Կրօնական ժողովի ատենապետ Արամ սրբազանի յայտարարութեան, ուր ան կ՛ըսէ, թէ անցեալ օր վարչապետի տեղակալ Պիւլենտ Արընչի հետ կայացած հանդիպման ընթացքին դարձեալ խնդրած է, որ հայաստանցիներու զաւակները իբրեւ հիւր աշակերտներ ընդունուին հայկական վարժարաններէ ներս, որովհետեւ տղաքը եթէ փողոց մնան, չեն կրնար օգտակար տարրեր դառնալ։
«Յարգելի նախարարը մօտիկ հետաքրքրութիւն ցոյց տուաւ մեր այս խնդրանքին նկատմամբ եւ ըսաւ, որ կարելին պիտի ընէ, որպէսզի այս հարցը լուծուի», ըսած է Արամ սրբազան։
Ներկայիս փոքրամասնական վարժարանները չեն կրնար ընդունիլ տարբեր քաղաքացիութիւն ունեցող երեխաներ։
«Հիւրրիյէթ» նաեւ հրատարակած է Պիւլենտ Արընչի կարծիքը։ Արընչ ըսած է, որ այս խնդրանքը միայն Արամ սրբազանէն հայերուն մասին չէ եկած, այլ եկած է նաեւ միւս փոքրամասնութիւններուն կողմէ, որոնք նոյն խնդիրները ունին։ «Ես մարդասիրական տեսակէտէ կողմնակից եմ այսպիսի բացուածքի մը. քանի որ այս դպրոցներու բացուելուն արտօնութիւն տուած ենք, ի՞նչ անպատեհութիւն կայ դուրսէն եկած ընտանիքի մը զաւակն ալ այդ դպրոցը յաճախելուն մէջ։ Ես այս նիւթը քննարկեցի նախարարաց խորհուրդի նիստին ընթացքին: Վարչապետն ալ կողմնակից եղաւ, եւ կրթական նախարարին հրահանգեց, որ զբաղի այս հարցով», ըսած է Արընչ: «Եթէ պէտք է՝ նոր կանոնագրութիւն մը պատրաստեցէք, թէկուզ եւ առժամեայ ըլլայ. Թուրքիա մնացող ընտանիքներուն զաւակները թող կարենան ուսանիլ այս դպրոցներուն մէջ», ըսած է վարչապետը։
Պիւլենտ Արընչ կ՛աւելցնէ, որ այսպիսի կարգադրութիւն մը Թուրքիոյ որեւէ վնաս պիտի չպատճառէ։
Միւս կողմէ, թրքական «Իհլաս» լրատու գործակալութեան աշխատակիցը հարցազրոյց մը կատարած է Ս. Փրկիչ հիւանդանոցի Հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի հետ, Ուրբաթ օր Անգարայի մէջ անոր եւ վարչապետին միջեւ հանդիպման մասին:
Շիրինօղլու ըսած է, որ 10 օր առաջ Պիւլենտ Արընչ Տոլմապահչէի մէջ ընդունած է համայնքի ներկայացուցիչները եւ ըսած է, որ ութ կալուածներ եւս վերադարձուած են համայնքին, «բան մը, որուն համար շնորհակալութիւն պիտի յայտնենք վարչապետին», աւելցուցած է Շիրինօղլու։
Անդրադառնալով փախստական հայաստանցիները վտարելու մասին վարչապետին ակնարկութեան՝ Շիրինօղլու ըսած է, որ ինք առաջին վայրկեանէն հաւատացած է, թէ վարչապետին այդ խօսքը սրտանց չէ, որովհետեւ կը վստահի վարչապետին եւ գիտէ, որ «Էրտողան տէր կը կանգնի հայերուն»:
«Ես կը հաւատամ, որ Էրտողան ու Սարգսեան պիտի լուծեն այս հարցը, Թուրքիա ու Հայաստան վերստին պիտի կենդանացնեն հարիւր տարի առաջուան եղբայրական միասնութիւնը, պատմութիւնը պէտք չէ շատ գրգռել, ինչպէս ըսած է վարչապետը, պատմութիւնը պէտք է թողուլ պատմաբաններուն», ըսած է Շիրինօղլու։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.
Այս ալ թրքական զատ խորամանկութիւն մըն է հաւանաբար որովհետեւ ես նախարարին յայտարարութիւնները անձամբ մտիկ ըրի հեռատեսիլէն:Նախարարը ըսաւ որ միայն այն Հայաստանցիներուն զաւակները պիտի կարենան ուսանիլ Պոլսոյ Հայ վարժարաններու մէջ որոնք օրինաւոր կարգաւիճակով կը գտնուին թուրքիա:Նկատի առած որ թուրքիա գտնուող Հայաստանցիներուն մեծամասնութիւնը ապօրինի կարգաւիճակ ունին, ուրեմն որ՞ Հայաստանցիներու համար է այս օրենքը:Թուրք պետութիւնը 24 Ապրիլի նախօրեակին բան մը ընել կը ձեւացնէ որպէսզի սիրաշահի ԱՄՆ ն որպէսզի պատրուակ մը տայ Օպամային եւ ԱՄՆ ի քոնկրեսին որ այս տարի ալ ձեղասպանութեան բանացեւը չընդունուի, ճիշտ այդպէս ինչպէս ըրաւ անցեալ տարի 24 Ապրիլին: