ԱՆԳԱՐԱ, «Անատոլու».- Թուրքիոյ զբօսաշրջութեան ու մշակոյթի նախարար Էրթուղրուլ Կիւնայի Հինգշաբթի, Մարտ 25ին ստորագրած է Վանի նահանգապետին դիմումը՝ թոյլատրելով, որ հայերը տարին մէկ անգամ Վանի Աղթամար կղզիի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ կրօնական արարողութիւններ իրականացնեն:
Վանի նահանգապետ Մունիր Քարաօղլու ողջունած է այս քայլը՝ պնդելով, թէ անոր շնորհիւ, «Վանի մէջ կրօնական զբօսաշրջութիւնը պիտի զարգանայ»:
Նահանգապետը նշած է, որ 2010ի Սեպտեմբեր 12ին (Վարագայ Ս. Խաչի տօն) տեղի պիտի ունենան նշեալ արարողութիւնները: Արարողութիւններուն թուականը ամէն տարի պիտի որոշէ Վանի նահանգապետարանը, սակայն, հաւանաբար այդ մէկը պիտի ըլլայ Սեպտեմբերի երկրորդ Կիրակին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.