
ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Հայ օգնութեան միութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան Դաստիարակչական յանձնախումբը կազմակերպած էր «Ղեկավարական սեմինար» ընդհանուր խորագրին տակ միօրեայ սեմինար մը, որ տեղի ունեցաւ Շաբաթ, Փետրուար 20ին, առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ, ներկայութեամբ Կեդրոնական վարչութեան անդամ Նովա Հինտոյեանի, Շրջանային վարչութեան ատենապետ Սօսի Փօլատեանի ու վարչութեան այլ անդամներու, ինչպէս նաեւ մասնաճիւղերու վարչութեանց անդամներու եւ այլ ՀՕՄուհիներու եւ համակիրներու:
Ձեռնարկին բացումը կատարեց կազմակերպիչ յանձնախումբի եւ ՀՕՄի «Սիփան» մասնաճիւղի ատենապետ Լենա Պօզոյեանը՝ շեշտելով ղեկավարման յատկութիւնը շարունակաբար զարգացնելու կարեւորութիւնը:
Ապա, «Միութենական քարոզչութիւն՝ հանգանակային եւ յարաբերական» նիւթով ելոյթ ունեցաւ «Closet World» ծանօթ հաստատութեան քարոզչական բաժինի փոխնախագահ եւ ՀՄԸՄի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Սթիւ Արթինեան՝ շեշտելով կազմակերպութիւններուն կողմէ միշտ ժամանակին հետ քայլ պահելու գործին կարեւորութիւնը, մատնանշելով յատկապէս դրական պիտակներ ստեղծելու աշխատանքին դրական ազդեցութիւնները:
Սեմինարին երկրորդ նիւթը՝ «Առողջ ղեկավարութիւն»ը, ներկայացուց «Siemens Healthcare Diagnostics» հաստատութեան կենսատարրաբան, ՀՕՄի «Անահիտ» մասնաճիւղի եւ Շրջանային ռազմավարական ծրագրումի յանձնախումբի անդամուհիներէն Մարալ Փօլատեանը, որ շեշտեց ղեկավարման ընթացքին անկեղծութեան կարեւորութիւնը՝ տալով շարք մը հետաքրքրական օրինակներ:
Ձեռնարկին փակումը կատարեց Դաստիարակչական յանձնախումբին մօտ Շրջանային վարչութեան կապը հանդիսացող Աստղիկ Շիթիլեանը, որ դրուատեց դասախօսներուն ներկայացումը, կազմակերպիչները եւ ներկաներուն ցուցաբերած հետաքրքրութիւնը:
Յանձնախումբի յաջորդ սեմինարը՝ «Հայ կնոջ ձայնը 21րդ դարուն» նիւթով, տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, Մարտ 27ին, երեկոյեան ժամը 6ին, Կլենտէյլի կեդրոնական գրադարանէն ներս՝ 222 E. Harvard St., Glendale, CA 91205: