«Միասնաբար ծառայենք ու պահպանենք» խորագրին տակ պիտի կայանայ Հայ մշակութային հիմնարկութեան այս տարուան ճաշկերոյթը, Կիրակի, Ապրիլ 11ին, երեկոյեան ժամը 6էն սկսեալ: Ճաշկերոյթի հանդիսավարն է համայնքի բարերարներէն Չարլի Կալեան, որ տարիներէ ի վեր նեցուկ կը կանգնի ՀՄԸՄին, Հայ մշակութային հիմնարկութեան, Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի Հայագիտական ծրագիրին եւ այլ աշխատանքներու:
«Համայնքը շարք մը հարցեր ունի լուծելիք: Մինչ որոշ մարդիկ ձեռնածալ կը մնան, ուրիշներ պարտականութիւններ կը ստանձնեն ու գործի կ՛անցնին: Անոնցմէ մէկն է Չարլի Կալեանը, որ տասնապատիկը մատուցած է», կը յայտնէ Փաթիլ Աբոշեան-Գասպարեան:
Ձեռարկի ընթացքին ելոյթ պիտի ունենան երգիչներ Անի Քրիսթի, Յարութ Փամպուքճեան եւ Յովիկ Շահպազեան, իսկ գլխաւոր բանախօսն է ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ դոկտ. Վիգէն Յովսէփեան:
Տոմսեր ապահովելու համար, դիմել (818) 243.1890 թիւին կամ acfapril11@gmail.com հասցէին: Սակաւաթիւ տոմսեր մնացած են:
Ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Մոնթեպելլոյի «Բաղրամեան» սրահին մէջ (900 W Lincoln Ave Montebello, CA 90640):
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար այցելել www.acfwest.org համացանցային կայքը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.