Էջը Պատրաստեց՝
ԹԱՄԱՐ ԹԻՒՖԷՆԿՃԵԱՆ-ՍԷՐԱՅՏԱՐԵԱՆ
Ինչպիսի՞ ակնկալութիւններ ունիք։ Արդեօք ձեր ունեցած ակնկալութիւնները շա՞տ են եւ արդարացի։
Ամուսնութեան առաջին տարիները որոշ չափով աւելի դժուարութիւններով լեցուն տարիներ են զոյգի մը համար, քան յաջորդող տարիները։ Եթէ առաջին հինգ տարիներուն ամուսնութիւնը կրցաւ գոյատեւել, շատ բարձր է հաւանականութիւնը, որ այդ ամուսնութիւնը միշտ գոյատեւէ, բացի եթէ տարօրինակ հարցեր եւ իրավիճակներ ստեղծուին:
Երբեմն վիճաբանութիւններու եւ դժուարութիւններու պահուն, շատ բնական արտայայտութեամբ կամ մտածելակերպով կը յայտնենք «ինչո՞ւ ամուսնացայ» գաղափարը։ Ամէն պարագայի, երբեմն բարի կամեցողութեամբ կատարուած որոշ արարքները, երբ շատ չափազանցուած հոգատարութեամբ ու ուշադրութեամբ կը կատարուին, իրենց բացասական արդիւնքը կրնան ունենալ։ Օրինակի համար, յաճախ հեռաձայնելով՝ ամուսինին կամ կնոջ «ձայնը լսելու» պարագան, կրնայ ամուսիններէն մէկը տագնապեցնել ու նեղացնել, ըսելով՝ «Շատ հետաքրքրուած ես ինծմով, զիս ազատ ձգէ»։ Ժամանակի ընթացքին կրնայ ենթական վարժուիլ այս կացութեան եւ կրնայ զանց առնել այդ երեւոյթը՝ յարգելու համար ամուսինին փափաքը։
Ամուսնութեան մէջ անհրաժեշտ է, որ մեր ակնկալութիւնները ըլլան մարդկային եւ իրապաշտ։ 20 տարուան ժամանակաշրջանի վրայ երկարող մասնագիտական ուսումնասիրութիւն մը, մօտաւորապէս 2000 ամուսնական տարբեր պարագաներ քննելով՝ կը վկայէ թէ 55-60 տոկոս ամուսնալուծումներու պարագաները կարելի էր սրբագրել։ Բաժնուած ամուսիններ կը վկայեն, թէ տակաւին կը սիրեն իրենց կողակիցները, որոնց հետ այլեւս իրենց կեանքը չեն կիսեր, սակայն կը հաստատեն, թէ ձանձրացած էին իրենց ամուսնական յարաբերութեան միապաղաղ եւ ոչ հետաքրքրական ընթացքէն, մասնաւորաբար նշելով, թէ իրենց պատկերացուցած յարաբերութիւնը չկրցան գտնել կամ ապրիլ տուեալ ամուսնութեամբ։
Նոյն մասնագիտական ուսումնասիրութեան տուեալներով կը շեշտուի այն իրողութիւնը, թէ ամուսնական կեանքը կրնար գոյատեւել ու բարելաւուիլ, եթէ տուեալ զոյգը համոզումով ու կատարեալ վստահութեամբ մասնագիտական օժանդակութիւններու դիմէր։
Մարդկային այս յարաբերութեան պարագային, անպայման սխալներ ու թերութիւններ գոյութիւն պիտի ունենան։ Իրապաշտ աչքով պէտք է քննել զանոնք։ Անկեղծութիւնը շատ կարեւոր ազդակ մըն է յարաբերութեան գոյատեւման։ Իւրաքանչիւր զոյգի պարագային, մօտեցումը կը տարբերի ամուսնական կեանքին նկատմամբ։ Հաւանաբար շատ յաջող կարծուած յարաբերութիւն մը ուրիշ զոյգի մը վրայ եթէ ի գործ դրուի, նոյն պատկերով չյայտնուի։ Այս մէկը բնական արդիւնքն է մարդկային տարբերութիւններու, մտածելակերպի ու մօտեցումներու:
Մասնագիտական այս ուսումնասիրութիւնը ի մի կը բերէ կարեւոր ու իրապաշտ հարցադրումներ՝ անաչառօրէն ամուսնական յարաբերութիւն մը սերտելու կամ արժեւորելու համար, նախքան ծայրայեղական հաստատումներ կատարելը.
1- Բացասական կէտերը չափազանցուած կերպով կը դիտէ՞ք։ Յաջորդ երկու ամիսներուն ընթացքին նշեցէք լաւ եւ վատ օրերը ու անոնց հաշիւը ձեզի իր թելադրանքը կը կատարէ։
2- Ամուսնական կեանքի յուսալքումը զգացական դատարկութեան մը արդիւնքն է. ամէն ջանք թափա՞ծ էք այդ յարաբերութիւնը ծաղկեցնելու եւ արդիւնք չկայ։ Եթէ այդպէս է, ապա կ՛արժէ վերադասաւորումներու մասին մտածել։
3- Յարաբերութիւնը շատ վատ է, բայց կը պահպանէք զայն, որովհետեւ առանձնութենէ՞ն կը խուսափիք, եւ համոզուած էք, որ այս մէկը ձեզի համար լաւագո՞յնը կը համարուի։
4- Շատ կը տագնապիք, որովհետեւ ձեր ամուսինը սխալներ ունի եւ ամէն գնով կ՛ուզէք փոփոխութիւններ տեսնել։ Պահ մը մտածեցէք, թէ ինչո՞ւ համար այդ փոփոխութիւնը շատ կարեւոր է ձեզի համար։
5- Արդեօ՞ք զրուցած էք ձեր ամուսինին հետ իր վերաբերմունքին մասին եւ խօսած ու արծարծած էք այս նիւթը, թէ շրջանցած էք զայն։
6- Կը կատակէ՞ք իրարու հետ։ Նոյնիսկ ամէնէն ծանրակշիռ պահերու մասին խօսելէ ետք կատակելով վերաքաղ կ՛ընէ՞ք։ Լաւ նշան է։
7- Յարաբերութեան մէջ կա՞ն թնճուկներ, որոնցմէ կը խուսափիք։
8- Իրարու հետ առանձին ժամանակ անցնելու կարիքը կը զգա՞ք։
9- Պատահա՞ծ է մեծ խնդիր մը, որ ձեզ շատ կ՛անհանգսացնէ եւ յարաբերութեան վնաս կը հասցնէ։
10- Ամէն ջանք թափա՞ծ էք յարաբերութիւնը պահպանելու համար։ Խորհրդատուութեան կարիքը զգացա՞ծ էք ու դիմա՞ծ էք մասնագիտական խորհուրդներու։ Եթէ ամուսինը մերժած է մասնագէտի դիմել, անձամբ դուք գացած ու լսա՞ծ էք մասնագէտին խորհուրդները ամուսնութիւնը փրկելու համար։
Անհրաժեշտ է ամուսնութեան մասին մտածել եւ ըլլալ նախաձեռնող, այլ ոչ թէ դիմացինէն ակնկալող ու սպասող։ «Ես իմ կարելիս ըրի եւ չի սպասեցի». այս մօտեցումը կրնայ փրկել ամուսնութիւնները եւ օրհնել ընտանիքները։