ԳԷՈՐԳ ՄԱՆՈՅԵԱՆ
Երկուշաբթի, Մարտ 29ին Թուրքիա ժամանած Գերմանիոյ վարչապետ Անճելա Մերքել, նախքան Անգարա ոտք կոխելը, իրարանցում մը ստեղծած էր Թուրքիոյ մէջ, երբ այցելութեան նախօրեակին կատարուած հարցազրոյցի մը ընթացքին ժխտական պատասխան տուած էր Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի այն առաջարկին, թէ Գերմանիոյ մէջ պէտք է թրքերէն լեզու դասաւանդող թրքական դպրոց բացուի, Թուրքիոյ մէջ գերմանական վարժարաններու օրինակով: Մերքել Անգարայի մէջ մեղմացուց իր դիրքը՝ յայտնելով, թէ կարելի է թրքերէն սորվեցնող դպրոցներ բանալ, պայմանաւ, որ անոնք Գերմանիոյ կրթական օրէնքները յարգեն ու միաժամանակ նաեւ գերմաներէն սորվեցնեն գաղթական թուրքերուն:

Այս հարցը գրեթէ աննշան տարակարծութիւն մըն է՝ բաղդատած Մերքելի Գերմանիոյ եւ Էրտողանի Թուրքիոյ միջեւ գոյութիւն ունեցած շարք մը աւելի լուրջ տարակարծութեանց հետ, որոնց անդրադարձաւ Մերքել, Անգարայի մէջ իր ունեցած հանդիպումներուն ընթացքին: Ան բացատրեց, թէ Եւրոպական Միութեան անդամակցելու Թուրքիոյ ջանքերը կախեալ են Թուրքիոյ առնելիք քայլերէն, որոնք շատ յուսալից չեն թուիր առայժմ: Էրտողանի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Մերքելի մէկ հակադարձութիւնը ցոյց տուող վերի լուսանկարը կարծես այդ պնդումին արտացոլացումն է:
Մերքել նաեւ յստակօրէն ըսաւ, թէ Թուրքիա պէտք չէ ակնկալէ, որ անպայման Եւրոմիութեան անդամ պիտի դառնայ, պարզապէս, որովհետեւ Եւրոմիութիւնը համաձայնած է անդամակցութեան բանակցութիւններու սկսիլ Անգարայի հետ: Ան նաեւ նշեց, թէ նախ-քան Եւրոմիութեան անդամ ըլլալը, Թուրքիա պէտք է յարգէ Եւրոմիութեան որոշումները՝ ակնարկելով յատկապէս Եւրոմիութեան անդամ Կիպրոսի առջեւ փակ մնացող թրքական նաւահանգիստներուն եւ օդակայաններուն հարցին: Թուրքիա 2005ին խոստացած էր Կիպրոսի առջեւ բանալ զանոնք, սակայն ցարդ չէ յարգած իր խոստումը, որուն հետեւանքով անդամակցութեան բանակցութիւններուն մեծ մասը սառեցուած է:
Մերքել միշտ դէմ եղած է Թուրքիան Եւրոմիութեան լիիրաւ անդամ դարձնելու գաղափարին, եւ կը նախընտրէ «առանձնաշնորհեալ գործընկեր մը» դարձնել զայն, թէկուզ եւ անախորժ թուի այդ ընտրանքը Անգարային: