43րդ Ընտրատարածքի Ընտրարշաւին Գծով Ստեղծուած Վիճակին Մասին Կը Խօսի Հայ Դատի Քաղաքական Գործի Յանձնախումբի Ներկայացուցիչը
«ԱՍՊԱՐԷԶ».- Հայ Դատի Քաղաքական գործի յանձնախումբը յայտարարած է իր զօրակցութիւնը Նայիրի Նահապետեանի թեկնածութեան՝ նախապէս Փօլ Գրիգորեանի կողմէ գրաւուած 43րդ նահանգային ընտրաշրջանի աթոռին համար: Ես՝ իբրեւ քուէարկող, եւ ինծի պէս ուրիշներ ինչո՞ւ պէտք է քուէարկենք յօգուտ Նայիրի Նահապետեանի:

ՌՈՄԻՆԱ ՏԷՐ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ.- Ինչպէս գիտէք, Հայ Դատի Քաղաքական գործի յանձնախումբը երեսուն տարիէ ի վեր օգնած է հանրային պաշտօններու ձգտող այն թեկնածուներուն, որոնք կը պաշտպանեն Հայ Դատին եւ հայ համայնքին շահերը:
Մեր դերը եղած է ամերիկահայ քուէարկողներուն տեղեկացնել, թէ ո՞ր թեկնածուն նախընտրելի է՝ հայ համայնքի շահերու պաշտպանութեան տեսանկիւնէն: Մեր յանձարարականները ոչ միայն օգնած են քուէարկողներուն ճիշդ կողմնորոշուելու, այլ նաեւ դարձած են համայնքի անդամներուն նիւթական օժանդակութիւնն ու կամաւոր աշխատողները ուղղորդող ցուցմունք:
Մենք զօրակցութիւն յայտարարած ենք Նայիրի Նահապետեանին՝ հիմնուելով այն իրողութեան վրայ, որ ան համայնքին մէջ ծառայութեան հսկայական վաստակ ունի, նաեւ, Կլենտէյլի Միացեալ կրթական շրջանի Խնամակալ մարմինին մէջ ան մեծ նպաստ ունեցած է ու հոյակապ աշխատանք տարած է: Նայիրի Նահապետեանին զօրակցած ենք նաեւ, որովհետեւ տեղեակ ենք հայութեան վերաբերող հարցերուն ցուցաբերած իր կեցուածքներուն, ինչպէս նաեւ գիտենք իր կարողութիւնը՝ 43րդ շրջանի մէջ ապրող ու գործող ոչ հայկական հաւաքականութեանց հետ հաղորդակցելու, անոնց նիւթական եւ բարոյական նեցուկը ապահովելու գծով, եւ վերջապէս՝ իր ընտրական արշաւը կազմակերպող խումբին ձեռնհասութիւնը մեզի շատ յայտնի է:
«ԱՍՊԱՐԷԶ».- Ի՞նչ չափորոշիչներու վրայ հիմնուած՝ որոշեցիք զօրակցիլ Նայիրի Նահապետեանին:
ՌՈՄԻՆԱ ՏԷՐ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ.- Մենք բոլոր թեկնածուներու արժեւորումը կատարեցինք՝ հիմնուելով երեք չափորոշիչներու վրայ. հարցերու հանդէպ կեցուածք, վաստակ եւ ընտրուելու հնարաւորութիւն: Մենք քննեցինք Հայ Դատի Հայկական իրաւունքներուն եւ Հայ համայնքի շահերուն հանդէպ թեկնածուներուն ցուցաբերած դիրքորոշումները, արժեւորեցինք անոնց վաստակը հայ համայնքէն ներս եւ վերջապէս անոնց ընտրուելու հաւանականութիւնը: Այս վերջին պարագային, մենք դիտեցինք, թէ թեկնածուները ինչպիսի՞ նեցուկ կը վայելեն ոչ հայկական շրջանակներու մէջ, թէ քաղաքական կամ հասարակական յայտնի դէմքերուն նեցուկը ապահովա՞ծ են, իրենց խօսքը լայն շրջանակներուն հասցնելու համար որքա՞ն գումար հանգանակած են:
Չորս թեկնածուները այս չափորոշիչներով արժեւորելէ ետք, մենք յանգեցանք Նայիրի Նահապետեանի թեկնածութեան զօրակցելու որոշումին:
«ԱՍՊԱՐԷԶ».- Ուրեմն ձեր զօրակցութիւնը ժողովուրդին ուղղուած պատգամ մըն է այն մասին, թէ Հայ Դատի եւ հայ համայնքին համար ձեր կարծիքով ո՛վ է լաւագոյն թեկնածուն, այլ ոչ պարտադրանք մը՝ այս կամ այն թեկնածուին քուէարկելու: Համայնքի բոլոր անդամները կը հետեւի՞ն ձեր յանձնարարութեան:
ՌՈՄԻՆԱ ՏԷՐ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ.- Համայնքի այն անդամները, որոնց համար Հայ Դատի արդար լուծումն ու հայութեան իրաւունքներու պաշտպանութիւնը կարեւոր են, Հայ Դատի Քաղաքական Գործի յանձնախումբի զօրակցութիւնը որոշիչ կը նկատեն, թէ ո՛ր թեկնածուին պիտի տան իրենց քուէն:
«ԱՍՊԱՐԷԶ».- Հասկնալի է, որ համայնքի անդամները Ձեր ցուցմունքներուն կը հետեւին Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի ընտրութիւններու պարագային, սակայն ինչո՞ւ յանձնարարութիւններ կու տաք տեղական պաշտօնի կամ Նահանգային ընտրութիւններու համար:
ՌՈՄԻՆԱ ՏԷՐ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ.- Շատ լաւ հարցում է: Երեք պատճառներ կան: Առաջին՝ տեղական եւ նահանգային պաշտօններուն ընտրուած անհատներու արարքները կ՛ազդեն Քոնկրեսի անդամի որոշումներուն վրայ: Երկրորդ՝ տեղական եւ նահանգային կառավարական պաշտօններուն ընտրուած անհատները ապագայ թեկնածուներ կը դառնան՝ Քոնկրեսի, Սպիտակ տան եւ դաշնակցային կառավարութեան դիրքերու, ինչպէս օրինակ՝ արտաքին գործոց նախարարի դիրքի:
Մեր համայնքը մեծցած է աշխարհագրական որոշ շրջաններու մէջ, ինչպէս՝ Կլենտէյլ, Պըրպենք, Նորթ Հոլիվուտ, Հոլիվուտ կամ, իրականութեան մէջ, ամբողջ Քալիֆորնիա նահանգը. որոշում կայացնելու մեր գործընթացը պէտք է նկատի ունենայ թեկնածուին կեցուածքները՝ շրջանին մէջ բնակող ժողովուրդը յուզող հարցերուն նկատմամբ: Այս մէկը երրորդ պատճառն է Քաղաքային խորհուրդի, դպրոցական յանձնախումբի եւ նահանգի օրէնսդրութեան ընտրութիւններուն վերաբերեալ յանձնարարութիւններ կատարելու մեր քայլին:
«ԱՍՊԱՐԷԶ».- Թեկնածուներէն մէկը եւ անոր համակիրները Ձեզ ամբաստանած են՝ ըսելով, թէ նշեալ թեկնածուին վրայ ճնշում բանեցուցած էք ընտրապայքարէն քաշուելու համար: Իրականութի՞ւն է այս մէկը:
ՌՈՄԻՆԱ ՏԷՐ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ.- Ասիկա բացարձակ կեղծ է: Յարգելով երկու ամերիկահայ թեկնածուները եւ անոնց համակիրները՝ մենք խօսեցանք նշեալ թեկնածուներուն հետ, թէ խուսափին այնպիսի ընտրապայքարէ, որ պիտի պառակտէ հայ համայնքը եւ վերջ գտնէ երկու թեկնածուներուն պարտութեամբ: Պարտութեան հետեւանքները հայ համայնքին համար ծանր պիտի ըլլան. լարուածութիւնը պիտի վերանորոգուի հայ համայնքէն ներս, լարուածութիւն պիտի յառաջանայ նաեւ հայ եւ ոչ հայ համայնքներու միջեւ: Մենք ուզեցինք խուսափիլ այս կացութենէն եւ խնդրեցինք երկու թեկնածուներէն, որ իրենց որոշումները ուշադրութեամբ քննեն ու ընտրապայքարի մէջ չմտնեն: Երկու թեկնածուներն ու անոնց համակիրներուն նեղ շրջանակը չհամաձայնեցան, եւ որոշեցին 43րդ ընտրատարածքին մէջ ընտրութեանց մասնակցիլ: Երբ վերջնականացաւ երկուքին թեկնածութիւնը, մենք եզրակացուցինք, թէ Նայիրի Նահապետեանը աւելի շատ հնարաւորութիւն ունի ընտրուելու, եւ հետեւաբար, անոր զօրակցելու որոշում առինք:
«ԱՍՊԱՐԷԶ».- Նոյն թեկնածուն ամբաստանած է Ձեզ դերակատարութիւն ունեցած ըլլալու համար Նայիրի Նահապետեանի տարածած վարկաբեկիչ այդ նամակներուն պատրաստութեան գծով, որոնցմով կը հրապարակուէին թեկնածուներէն մէկուն դէմ անցեալին արձանագրուած ոճրային դատապարտութեան մասին տեղեկութիւններ: Գիտեմ, որ Հայ Դատի Քաղաքական գործի յանձնախումբը ժխտական ընտրապայքարի դէմ յայտարարութիւն մը հրապարակած էր: Խնդրեմ՝ մանրամասնեցէք:
ՌՈՄԻՆԱ ՏԷՐ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ.- Մեր յայտարարութիւնը յստակօրէն կը հաստատէ, թէ ժխտական ընտրապայքարները վնասակար են հայ համայնքին համար: Անոնք աւելի մեծ լարուածութիւն կը ստեղծեն: Անոնք պատճառ կը դառնան, որ մարդիկ չքուէարկեն: Մենք միայն 16 տոկոսն ենք 43րդ ընտրատարածքին մէջ արձանագրուած քուէարկողներուն: Մենք չենք կրնար ընտրել անձ մը, որ մեր համայնքը յուզող հարցերուն ջատագովը կրնայ դառնալ, եթէ մեր քուէները մասնատուին: Ամէնէն կարեւորը՝ իբրեւ համայնք չենք յաղթեր, եթէ թեկնածուի մը կամ կազմակերպութեան մը նկատմամբ անհիմն զրպարտութիւնները եւ յարձակողական կեցուածքը քաջալերենք:
Այս պատճառով է, որ մենք քննադատեցինք Շահէ Քէրօղլեանի եւ իր համակիրներուն անհիմն յայտարարութիւնները մեր կազմակերպութեան դէմ, ինչպէս նաեւ՝ ընտրական ժխտական արշաւները, զորս կը մղուէին Շահէ Քէրօղլեանի, Նայիրի Նահապետեանի եւ Միք Կաթոյի կողմէ:
«ԱՍՊԱՐԷԶ».- Նշեցիք, որ 43րդ ընտրատարածքին մէջ քուէարկելու համար արձանագրուած քաղաքացիներուն թիւին միայն 16 տոկոսը հայ է: Կրնա՞ք տեղեկութիւններ տալ նախկին ընտրութեանց ընթացքին հայ քուէարկողներու մասնակցութեան մասին, եւ ի՞նչ կ՛ակնկալէք այս ընտրապայքարին պարագային:
ՌՈՄԻՆԱ ՏԷՐ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ.- Լաւագոյն օրինակներն են Կլենտէյլի քաղաքապետական վերջին քանի մը ընտրութիւնները: Այդ քաղաքին մէջ կ՛ապրին մօտաւորապէս 85,000 հայեր, որոնցմէ 25,000ը քուէարկելու համար արձանագրուած է: Սակայն, անոնցմէ միայն 10էն 12 հազարը կը մասնակցի ընտրութեան: Եթէ հայ համայնքը թեկնածուի մը ի նպաստ 10,000 քուէ ապահովէ, ապա այդ թեկնածուն կրնայ ընտրութիւններուն յաղթանակ ապահովել: Այս իրողութիւնը, սակայն, ի զօրու է միայն այն պարագային, երբ թափուր աթոռներուն ճիշդ թիւով հայ թեկնածուներ մասնակցին ընտրութեանց:
Կլենտէյլի վերջին երեք ընտրութիւններուն, դժբախտաբար, ականատես եղանք նոր իրավիճակի մը, որն է՝ նոյն աթոռին համար իրարու դէմ մրցող հայ թեկնածուներու առաջադրութիւնը: Այս իրավիճակին հետեւանքով, հայ քուէարկողներուն քուէն կը մասնատուի եւ մեր համայնքն է, որ կը վնասէ:
2009ի Կլենտէյլի քաղաքապետական ընտրութիւններուն կային երեք թափուր աթոռներ, սակայն անոնց համար կը մրցէին 7 հայ թեկնածուներ: Այդ թեկնածուներուն մեծ մասը ընտրուելու համար համայնքային ու նիւթական հարկաւոր օժանդակութիւնը չէր կրցած ապահովել, որուն հետեւանքով, անոնցմէ իւրաքանչիւրը միայն քանի մը հազար քուէ, իսկ ոմանք մինչեւ իսկ հազիւ քանի մը հարիւր քուէ կրցան ապահովել, պատճառ դառնալով, որ ընտրուելու հաւանականութիւն ունեցող հայ այլ թեկնածուներ եւս պարտութիւն կրեն:
«ԱՍՊԱՐԷԶ».- Այս պարագան որքանո՞վ կ՛առնչուի 43րդ ընտրատարածքի ընտրութիւններուն:
ՌՈՄԻՆԱ ՏԷՐ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ.- Նոյնն է, որ կը կրկնուի այս ընտրապայքարին ընթացքին, որովհետեւ մէկ աթոռի համար իրարու դէմ կը մրցին երկու հայ թեկնածուներ:
Այս պատճառով, հայութիւնը պէտք է նեցուկ կանգնի այն թեկնածուին, որ ընտրուելու հաւանականութիւն ունի, եւ պէտք չէ քուէն տայ անոր, որ ընտրուելու յոյս չունի:
Նայիրի Նահապետեանը այն թեկնածուն է, որ այս ընտրապայքարը յաղթանակով աւարտելու յոյսը ունի: Ան ունի թէ՛ հայ եւ թէ ոչ հայ համակիրներ, տպաւորիչ եւ հաստատուած փորձառութիւն, նիւթական միջոցներ, ինչպէս նաեւ ոչ հայ կարեւոր կազմակերպութիւններու ու պաշտօնատարներու աջակցութիւնը:
Միւս կողմէ, Շահէ Քէրօղլեան երեք առիթներով մասնակցած է Կլենտէյլի քաղաքապետական ընտրութիւններուն եւ երեք առիթներով ալ պարտութիւն կրած է: Քուէարկողները պէտք է գիտակցին, թէ Քալիֆորնիոյ խորհրդարանական ընտրութիւններուն յաղթանակ ապահովելը շատ աւելի դժուար է, քան Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ ընտրուիլը: Այո, Քէրօղլեան հայ համայնքէն ներս համակիրներու խումբ մը ունի, սակայն հայ համայնքէն դուրս չէ կրցած աջակցութիւն ապահովել: Այդ պատճառով կ՛ըսենք, թէ կարելի չէ յաղթանակ ապահովել՝ վստահելով քուէարկողներու միայն 16 տոկոսին վրայ:
Յաղթանակ ապահովելու համար, մենք՝ իբրեւ հայ համայնք, պէտք է միասնաբար նեցուկ կանգնինք ընտրուելու կարելիութիւնը ունեցող թեկնածուին, որ, այս պարագային՝ Նայիրի Նահապետեանն է: