ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Եկեղեցիէն փախուստ տալու նպատակ ունեցող մարդուն համար, պատճառաբանութիւններ չեն պակսիր: Վստահ եմ, որ հոգեւոր հովիւներ, կամ եկեղեցւոյ առաքելութեան հաւատացող ու զայն քաջալերող մարդիկ բազմաթիւ անգամներ իրենց կոչը կրկնած ըլլալով՝ այլեւս ձանձրացած են զանիկա դարձեալ ըսելէ: Սակայն, միւս կողմէ, փախուստ տուողները նոր պատճառաբանութիւն հնարելէ չեն յոգնած, ո՛չ ալ ձանձրացած:
Անցեալին, յատկապէս գիւղերու մէջ, եկեղեցւոյ կոչնակը (ինչպէս բառն իսկ ցոյց կու տայ), եկեղեցի կը կանչէր ժողովուրդը: Հաւատքի նկատմամբ պարտականութիւն չէին զգար մարդիկ, ո՛չ ալ պարտադիր եկեղեցի կը յաճախէին, այլ՝ բնական մղումով, շնորհակալութիւն յայտնելու Աստուծոյ: Առտուն՝ գիշերուան խաղաղութիւնը վայելած ըլլալուն համար, իսկ երեկոյեան՝ օրուան աւարտին դարձեալ գոհունակ սրտով երախտագիտութիւն յայտնելու Արարիչին:
Ընթերցումներուս ընթացքին հանդիպած եմ գիւղի մը պատմութեան, գրուած այն օրերուն մասին, երբ տակաւին ժամացոյցի գիւտը չէր կատարուած: Հեղինակը կ՛ըսէ, թէ եկեղեցւոյ կոչնակը երբ հնչէր ճիշդ կէսօրին, արտին մէջ աշխատող իւրաքանչիւր գիւղացի պահ մը կը դադրեցնէր իր աշխատանքը, բահ ու բրիչ մէկդի կը դնէր, ու ոտքի կանգնած կը մնար՝ դէմքը դէպի եկեղեցւոյ ուղղութեամբ, այսինքն՝ արեւելեան կողմը, եւ երբ զանգին ձայնը դադրէր, կը նստէր ու իր ծրարը բանալով՝ կէսօրուան կերակուրը կ՛ուտէր: Սա ալ աղօթքի կերպ մըն էր՝ աշխատանքին ու ճաշին միախառնուած…: Իցի՜ւ թէ այսօր եկեղեցւոյ կոչնակին ձայնը լսելով, ո՛չ թէ եկեղեցւոյ կողմը դառնային մարդիկ, այլ գէթ իրենց երեսը խաչակնքէին՝ իրենց բացակայութիւնը արդարացնելու նուազագոյն «տուրք» տալով իրենց կրօնքին:
Ամբողջութեամբ ալ ճիշդ չէ՛ ըսել, թէ եկեղեցին հետաքրքրական նորութիւն չունի տալիք ժողովուրդին, կամ՝ ժամանակավրէպ է արդէն: Ասիկա աղանդաւորական կամ կրօնական արկածախնդրական շարժումներ ստեղծողներու յանկերգն է, որմէ պէտք է խուսափին ազգային գիտակցութիւն ունեցող անձեր: Եկեղեցին միշտ նորութիւն ունի, եթէ պատրաստակամութիւն ունի՛ այնտեղ նորութիւն բերելու նորութի՛ւն փնտռող անձը: Եկեղեցին մարդոց խումբն է, հաւատացեալներու միութիւնն է, ուր իւրաքանչիւր անձ յատուկ պարտականութեամբ կայ: Նորութիւն փնտռող անձին պարտականութիւնն ալ, նորութիւն բերելը կրնայ ըլլալ, օրինակ, որովհետեւ, ըստ ընկալեալ սովորութեան, հաւաքականութեան մէջ դերերու բաժանումը մասնագիտութեան համաձայն կը կատարուի: Սակայն, յաճախ կը տեսնուի, որ նորութիւն փնտռող անձին երբ ճիշդ ի՛ր մասնագիտութեան համապատասխան աշխատանք կը տրուի, պատճառանաբութեամբ մը կը հեռանայ, բայց առանց դադրելու իր յանկերգը կրկնելէն…:
Կատարած ճամբորդութիւններուս ընթացքին հանդիպեցայ օտար եկեղեցւոյ մը կողմէ հրատարակուած ծանուցումի յատուկ թերթիկի մը, որ «Պատճառաբանութիւն չունեցող Կիրակի»ի մասին էր: Զայն կարդալէ ետք առաջին տպաւորութիւնս այն էր, որ տեղւոյն հոգեւոր հովիւը, իր ժողովուրդը եկեղեցի առաջնորդելու բոլոր կերպերը փորձած ըլլալով՝ ի վերջոյ ստիպուած՝ այս միջոցին դիմած էր:
Ծանուցումը ամէն յարմարութիւն կը նշէր եկեղեցւոյ մէջ, որոշեալ Կիրակիին համար, ամէն պատճառաբանութեան պատասխան ունենալով: Այսպէս, հոն գրուած էր.
«Եկեղեցւոյ թաղանական ու հոգաբարձական մարմինները մասնաւոր դասաւորում կատարած են անոնց համար, որոնք յաջորդ Կիրակի պիտի ըսեն՝ «Կիրակին քնանալու միակ օրս է»: Եկեղեցւոյս յատուկ մէկ անկիւնը ներքնակներ ու վերմակներ պիտի ըլլան:
Իսկ անոնք, որոնք կ՛ըսեն «Եկեղեցւոյ նստարանները հանգստաւէտ չեն», անոնց համար ալ երկար աթոռներ դրուած պիտի ըլլան եկեղեցւոյ մէկ այլ անկիւնը, ուր իրենց ոտքերը երկարելով պիտի հետեւին արարողութեան, շատ հանգստաւէտ պայմաններու մէջ:
Անոնք, որոնք ամբողջ գիշերը հեռատեսիլի կամ շարժանկարի դիմաց անցուցած կ՛ըլլան իրենց ժամանակը, անոնց ալ աչքի հանդարտեցուցիչ կաթիլներ տրամադրելի պիտի ըլլան:
Անոնք, որոնք սովորութիւն ունին ըսելու. «Երբ ես եկեղեցի մտնեմ, ինծի այնպէս կը թուի, թէ առաստաղը գլխուս փուլ պիտի գայ», ասոնց ալ երկաթեայ ամուր սաղաւարտներ տրամադրելի պիտի ըլլան՝ իրենց վախը փարատելու համար: «Եկեղեցին ցուրտ կ՛ըլլայ» ըսողներուն՝ բուրդէ ծածկոյթներ տրամադրելի են: Իսկ «Եկեղեցին շատ տաք կ՛ըլլայ» ըսողներուն՝ զովացուած անկիւններ ցոյց պիտի տրուին: Կիրակի օրուան իրենց ճաշը եփելու մտահոգութիւն ունեցող տանտիկիններուն համար, մեր եկեղեցին մասնաւոր խոհարարներ պիտի տրամադրէ, որպէսզի անոնք ալ չի զրկուին Կիրակի օրուան պատարագէն:
Աղքատախնամի պնակը դարձած պահուն «Դարձեալ կողոպուտը սկսաւ» պատճառաբանութիւնը ընելով դրամ տալ չփափաքողներուն համար, նախապէս տրամադրելի պիտի ըլլան մասնաւոր կրծքանշաններ, որպէսզի մեր կամաւորները անոնց չմօտենան:
«ԶԱստուած բնութեան մէջ կը սիրեմ փնտռել» պատճառաբանութիւնը ընելով եկեղեցի չյաճախողներուն համար, յատուկ բաժին մը յարդարուած պիտի ըլլայ՝ ծառերով, ծաղիկներով ու մարգագետինով: Իսկ անոնք, որոնք ծրագրած են հիւանդ ըլլալ Կիրակի օր, անոնց համար ալ բժիշկներ ու հիւանդապահուհիներ պատրաստ պիտի ըլլան, յատուկ բաժանմունքի մէջ:
Միայն Սուրբ Ծննդեան ու Սուրբ Զատիկի տօներուն առիթով եկեղեցի յաճախելով խորանը միայն այդ տօներու յատուկ ծաղիկներով զարդարուած տեսնելու սովոր մարդոց համար ալ, խորանը այդ երկու տօներու յատուկ ծաղիկներով յարդարուած պիտի ըլլայ»:
Այսպէս կ՛աւարտէր ծանուցումը՝ Կիրակի օր եկեղեցիէն բացակայելու ամէն պատճառաբանութիւն չեղեալ նկատելով:
Չեմ խորհիր, որ այս օրուան կը հասնի մեր ժողովուրդը օր մը, երբ հոգեւոր հովիւներ զիջանին կենցաղային ամէն յարմարութիւն ստեղծել հայ հաւատացեալին համար, որպէսզի եկեղեցիէն իր բացակայութիւնը չկարենայ արդարացնել: Սակայն կանխաւ նախազգուշութիւն ձեռք առնելը իմաստուն գործ է:
Բայց ի՞նչ ըսել այն պատճառաբանութիւններուն, որոնք կը ծառայեն այլ՝ աւելի վտանգաւոր պատճառաբանութիւն մը թաքցնելու իբր ծածկոյթ…: Եթէ Քրիստոսահիմ մեր եկեղեցւոյ հարազատ հօտի զաւակ ես, գէթ ճի՛շդ պատճառաբանութիւնը տուր, որպէսզի կարելի ըլլայ անոր լուծում բերել…: