ՊՈԼԻՍ.- «Սի.Էն.Էն. Թիւրք» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու Ուրբաթ, Ապրիլ 2ին հանդիպում մը ունեցած է Անգարա ժամանած ամերիկացի քոնկրեսականներու պատուիրակութեան մը անդամներուն հետ։ Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու Տան Միացեալ Նահանգներ-Թուրքիա բարեկամութեան խմբակի համանախագահ, Քընթաքի նահանգէն քոնկրեսական Էտուըրտ Ուիթֆիլտ, Մերիլենտ նահանգէն քոնկրեսական Տանա Էտուըրտզ եւ Միացեալ Նահանգներ-Թուրքիա բարեկամութեան խմբակի անդամ, Վըրճինիա նահանգէն քոնկրեսական Ճիմ Մորան։
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան շէնքին մէջ տեղի ունեցած հանդիպումէն ետք Ուիթֆիլտ յայտարարած է, որ հանդիպումին ընթացքին քննուած են Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչցող թիւ 252 բանաձեւը, Թուրքիոյ դերը Աֆղանիստանի մէջ, Պոսնիոյ եւ Սերպիոյ միջեւ Թուրքիոյ միջնորդութիւնը, թուրք-իսրայէլեան եւ թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւնները։
Ուիթֆիլտ, կարեւոր նկատելով թրքական իշխանութիւններու Հայաստանի հետ երկխօսութիւն ծաւալելու փորձերն ու ստորագրուած արձանագրութիւնները, յայտարարած է, որ Հայաստան ու Թուրքիա պէտք է լուծեն երկու երկիրներու միջեւ գոյութիւն ունեցող խնդիրները՝ միաժամանակ աչքի առջեւ ունենալով պատմական փաստերը։ Ամերիկացի քոնկրեսականը նաեւ յայտարարած է, որ լաւատես է, որ Թուրքիոյ հետ պիտի շարունակուին բնականոն յարաբերութիւնները։ Ինչ կը վերաբերի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի ապրիլքսանչորսեան ուղերձին, քոնկրեսականը նշած է, որ իրենք անոր բովանդակութեան մասին տեղեկութիւններ չունին, սակայն յոյսով են, որ Օպաման Թուրքիան վշտացնող որեւէ յայտարարութիւն պիտի չկատարէ։