ՍԱՐԳԻՍ ՓԱՆՈՍԵԱՆ
Չեմ յիշեր, թէ ո՞ր ամիսն էր, սակայն յստակ է, որ Շաբաթ օր էր, որովհետեւ յաջորդ օրը Զատիկ էր եւ տարին՝ 1949ը, առաւօտեան մայրս անկողինիս մօտենալով եւ այտերուս մայրական տաքուկ համբոյրր մը դրոշմելէ ետք, յուզուած ձայնով մը ըսաւ. Արթնցի՛ր տղաս, վաղը Զատիկ է:
Ես նոր վերադարձած էի Պիքֆայայի Մխիթարեան Ամարանոցէն, մնաք բարով ըսելու ծնողքիս, ազգականներուս եւ խաղակից ընկերներուս, Իտալիա մեկնելէս առաջ: Ամբողջ Աւագ Շաբաթը, ծողքիս եւ ընկերներուս հետ անցուցի, մասնակցեցայ Աւագ շաբթուան եկեղեցական բոլոր արարողութիւններուն, Ոտն լուայի, Լացի Գիշերուան, գիւղին մէջ աւանդութիւն դարձած գիշերային կանաչ Սոխ, սխտոր եւ հազար գողութիւններուն, որովհետեւ Լացի գիշերուան այդ գողութիւնները, Աստուած Պապան մեղք չէր արձանագրեր, ապա Ուրբաթ օրուան Յիսուսի թաղման արարողութեան, պարտէզներէն վայրի կակաջներ եւ նարկիս հաւաքած կը բերէինք Քրիստոսի դագաղը զարդարելու, իսկ Շաբաթ օրն ալ, երեկոյեան Ընթերցուածներ, ապա Դանիէլ մարգարէին ընթերցուածը, որ միշտ վերապահուած կ՛ըլլար մեր երգի եւ Հայոց Պատմութեան ուսուցիչ՝ Պրն. Յ. Պուրսալեանին, ան հանդիսաւոր եւ մոմը ձեռքին, գրակալին առջեւ գալով, կ՛երգէր, ձայնը ձգած, «Ընթերցուած Ի Դանիէլ Մարգարէ», բոլորին ուշադրութիւնը իր վրայ հրաւիրելով:
Այդ ժամանակ եկեղեցի եւ զանգակատուն չունէինք, որպէս եկեղեցի կը գործածէինք Յառաջ վարժարանի սրահը, իսկ զանգակատան փոխարէն՝ սրահէն դուրս, երկու պարաններէն կախուած Կոչնակը, որ մուրճի հարուածներով ժողովուրդը եկեղեցի կը հրաւիրէր, շատ անգամներ, ընկերներով կ՛օգնէինք տէր հօր եւ մուրճերը առած, համաչափ կը զարնէինք եւ կոչնակին ձայնը ամբողջ գիւղին մէջ կը տարածուէր:
Եկեղեցական արարողութիւններուն ընթացքին, մենք մոմակիրներն էինք եւ հետաքրքրութեամբ կը դիտէինք դասին մէջ երգող Գել Վարժապետը, Գուճան եւ Պըղղիկ պապուկները, որոնք իրենց աններդաշնակ ձայներով մեծ զարմանք կը պատճառէին մեզի, թէ ինչպէ՞ս անոնք, այսքան երգեր եւ շարականներ գոց սորված էին, մենք անհամբեր կը սպասէինք նաեւ «Փառք ի Բարձունս» երգին, որովհետեւ այդ երգին հետ, Տէր Վահան քահանան, ծնծղաներով կ՛ընկերանար, որ կատարեալ նուագահանդէսի տպաւորութիւնը կը ձգէր, իսկ Կիրակի օրը, պատարագէն ետք, սոխի տերեւներուն մէջ խաշուած հաւկիթները սեղանին վրայ շարուած, ճաշի ընթացքին կը « կրուանէինք», ահա այսպէս էր Աւագ Շաբաթը, Ս. Զատիկը, հայաւանին մէջ, եւ ես, վերջին անգամ, ապրեցայ այդ մթնոլորտը եւ Երկուշաբթի՝ Մեռելոցի օրը, հրաժեշտ առնելով, Պիքֆայա
պիտի մեկնէի եւ Հինհշաբթի՝ Պէյրութի նաւահանգիստէն, իտալական Էսփերիա նաւով, երեք ընկերներու հետ, Վենետիկ:
15 ամեայ պատանիի մը համար, շատ դժուար էր գիւղական այդ մթնոլորտէն բաժնուիլ եւ հեռանալ, հակառակ, որ կ՛ապրէինք շատ դժուարին պայմաններու մէջ, բոլորս կը պառկէինք մէկ սենեակի մէջ, սեղանի վրայ դրուած լապտերին շուրջ բոլորուած, եղբայրներս եւ քոյրս մեր դասերը կը պատրաստէինք եւ յաջորդ առաւօտ, կերպասէ պատրաստուած պայուսակները ուսէն
կախելով, ցեխոտ ճամբաներէն Յառաջ վարժարան կը դիմէինք: Դժուար էին կեանքի պայմանները, 1939ին գաղթական ժողովուրդին համար եւ 1946-1948 ներգաղթի տարիներուն, հարազատներու բաժանումը եւ գիւղին մէջ տիրող ամայութիւնը, իր գէշ անդրադարձը կ՛ունենար ժողովուրդի հոգեկան ապրումներուն, որովհետեւ բնակչութեան կէսը, ներգաղթի ճամբան բռնած էր:
Ահա այսպիսի մթնոլորտի մը մէջ, 1948ին, Յառաջ վարժարանի նախակրթարանի 6րդ դասարանի վկայականս ստացայ եւ կ՛ուզէի ուսումս շարունակել, բայց ո՞ւր. գիւղին մէջ չկար երկրորդական վարժարան, Պէյրութի Նշան Փալանճեան ճեմարան յաճախելը դժուար էր, նիւթական պատճառներով, Կիպրոսի Մելքոնեան՝ անկարելի, որովհետեւ հայրս թունդ դաշնակցական էր եւ չէր ուզեր իր զաւակը հոն ղրկել, կը մնային Երուսաղէմի եւ Անթիլիասի
ժառանգաւորաց վարժարանները. Երուսաղէմի մէջ, կ՛ուսանէին բաւական մեծ թիւով տղաներ, որոնք պատերազմի հետեւանքով բոլորն ալ նոր վերադարձած էին, Անթիլիասի մէջ ունէինք քանի մը ուսանող տղաք, որոնք ստացած էին սարկաւագութեան աստիճան, հետագային ձգելով գիւղ վերադարձան, իսկ նոր ժառանգաւորներուն համար, պատասխանատու եպիսկոպոսը դժուարութիւններ կու տար:
Ահա սիրելի ընթերցող, ուսանողական մեր կեանքի պատմութիւնը: 10 տարի օտար երկնակամարներուն մէջ երկրորդական եւ համալսարանական ուսումներս կատարելէ ետք, 1959 ին, բանաստեղծին պէս, « Որպէս պարոն մը մեծ» վերադարձայ եւ աշխատանքի սկսայ Ազգային վարժարաններու մէջ եւ 40 եւ աւելի տարիներ դասաւանդելէ ետք, հանգստեան կոչուեցայ եւ այսօր, 60 տարիներ ետք, կրկին օտար հորիզոններու տակ, այս ընդարձակ եւ առատ երկրին մէջ, գրասեղանիս առջեւ նստած, նոյնքան կարօտով եւ յուզումով կը յիշեմ եւ կը զգամ լուսահոգի մօրս տաքուկ համբոյրն ու անուշ խօսքերը. Արթնցի՛ր տղաս, վաղը Զատիկ է:
Սիրելի մայր իմ, այս տօնական օրերուն, որպէս լաւագոյն մաղթանք, զաւակներուս եւ թոռներուս ձեր խօսքը կը կրկնեմ.
Արթնցէ՛ք զաւակներ եւ թոռներ, վաղը Զատիկ է:
Ֆրեզնօ, 31 Մարտ, 2010