ԱՆԳԱՐԱ.- Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլի մամլոյ ծառայութեան տարածած հաղորդագրութիւնը Երեքշաբթի, Ապրիլ 6ին կը նշէ, որ Կիւլ ստորագրած է թիւ 5978 որոշումը, որուն հիման վրայ պիտի ստեղծուի Արտասահմանի թուրքերու միութիւններու վարչութիւն։
Յիշեալ վարչութիւնը պիտի ունենայ երեք փոխնախագահ, երեք խորհրդական եւ 101 աշխատակից՝ պետական ծառայողի մասին օրէնսդրութեան համաձայն։ Վարչութիւնը իրաւասու պիտի ըլլայ Թուրքիայէն դուրս ապրող թուրքերուն հետ աշխատանքներ իրականացնելու, անոնց խնդիրները լուծելու, ցեղակից եւ ազգակցական կապեր ունեցողներու ընկերային, մշակութային եւ տնտեսական յարաբերութիւնները զարգացնելու։
Սոյն կառոյցին նպատակն է հակակշռել Հայկական Սփիւռքին գործունէութիւնը՝ նպաստելով յատկապէս Ցեղասպանութեան փաստը ուրանալու Անգարայի աշխատանքներուն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.