ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Ապրիլ 8ին, Խօսքի ազատութեան պաշտպանութեան կոմիտէի նախագահ Աշոտ Մելիքեան ներկայացուցած է կոմիտէութեան եռամսեայ զեկոյցը, ըստ որուն, Յունուար-Մարտ ամիսներուն արձանագրուած են լրագրողներու հանդէպ ֆիզիքական բռնութիւններու հինգ դէպքեր, զանգուածային լրատուամիջոցներու եւ անոնց աշխատակիցներուն վրայ ճնշումներու՝ չորս, իսկ տեղեկութիւններ ստանալու եւ տարածելու իրաւունքի խախտման՝ վեց դէպք:
«Այն գործելակերպը, որը որդեգրել են իրաւապահ մարմինները ինֆորմացիոն (տեղեկատուական) ոլորտի քոնֆլիքթների (բախումներու-Խմբ.) առումով, ոչ մի հաւատ չի ներշնչում, որ մեղաւորները ի յայտ կը գան եւ կը ստանան իրենց պատիժները», յայտարարած է լրատուական կազմակերպութեան ղեկավարը:
«Նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին համեմատ, այս տարուան առաջին եռամսեակում արձանագրուած դէպքերի աւելի շատ լինելը պայմանաւորուած է Յունուարի 10ին, թիւ 10 ընտրատարածքում տեղի ունեցած ԱԺ պատգամաւորի լրացուցիչ ընտրութիւններով: Եռամսեակի հիմնական խախտումները արձանագրուել են հէնց այդ օրը», նշած է Խօսքի ազատութեան պաշտպանութեան կոմիտէի փորձագէտ Մեսրոպ Յարութիւնեանը՝ աւելցնելով. «Բոլոր դէպքերում մեղաւորները ի յայտ չեն եկել եւ ոեւէ մէկը չի պատժուել»:
Զեկոյցը նաեւ ընդգրկած է այս տարուան առաջին եռամսեակին խօսքի եւ մամլոյ ազատութեան վերաբերող օրէնքներուն մէջ կատարուող փոփոխութիւնները:
Օրէնսդրական դաշտի վրայ, կոմիտէն նոյնպէս դրական միտում արձանագրած է. «Մարտի 17ին, Ազգային ժողովը փոփոխութիւններ կատարեց քրէական օրէնսգիրքի 164րդ յօդուածում՝ խստացնելով լրագրողների գործունէութիւնը խոչընդոտելու համար նախատեսուող պատժաչափը»:
Կոմիտէն բացասական միտում արձանագրած է միասնական ուժերուն նախաձեռնած նոր օրէնսդրական փաթեթին առնչութեամբ, ըստ որուն, կը նախատեսուի ապաքրէականացնել զրպարտութիւնն ու վիրաւորանքը։
«Ներկայ ձեւակերպմամբ փաստաթուղթը շատ մեծ վտանգներ է պարունակում խօսքի ազատութեան ոլորտի եւ զանգուածային լրատուութեան միջոցների գործունէութեան համար», նշած է Մեսրոպ Յարութիւնեան:
Զեկոյցը անդրադարձած է նաեւ լրատուական միջոցներու գործունէութեան վրայ՝ տնտեսական միջավայրի եւ պայմաններու ազդեցութեան: Նշեալ եռամսեակին արձանագրուած է նման մէկ դէպք, երբ Գիւմրիի «Կալա» հեռատեսիլի ընկերութեան գովազդատու 26 կազմակերպութիւններ, նշեալ ընկերութեան եթերէն հանած են իրենց գովազդները, որոնք լրագրողական կազմակերպութեան կողմէ նկատուած են իբրեւ տնտեսական ճնշման փորձ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.