Հայ մշակութային հիմնարկութիւնը այս Կիրակի, Մոնթեպելլոյի «Բաղրամեան» սրահին մէջ պիտի ներկայանայ իրեն զօրակցողներուն, իր բազմաճիւղ գործունէութիւնը հնարաւոր դարձնողներու հաւաքականութեան:
Ձեռնարկը առիթ պիտի ծառայէ, որ Քալիֆորնիոյ ամբողջ տարածքէն Հայ մշակութային հիմնարկութեան առաքելութեան հաւատացող հայորդիները միասին գան, միասին ունկնդրեն անցած տարուան իրագործումներուն մասին ամփոփ զեկոյցները, եւ օրուան պատգամաբերին խօսքով ներշնչուելով՝ խղճի խորագոյն հանգստութեամբ վերադառնան իրենց տուները, քաջ գիտնալով, որ այս ձեռնարկին իրենց մասնակցութիւնը, իրենց նիւթական զոհաբերութիւնը մեծապէս կը գնահատուին համայնքին կողմէ:
Հայ մշակութային հիմնարկութեան հսկայական դերը՝ հայութեան համար կարեւորագոյն խնդիրներու լուսաբանման ու անոնց լուծման ի խնդիր հետեւողական աշխատանքներու կատարման մէջ՝ անգնահատելի է: Այդ դերի գիտակցութիւնը ունեցող հայորդիներու հոծ թիւը այն երաշխիքն է, թէ ամերիկահայութիւնը պիտի կարենայ դիմագրաւել իր ազգային ինքնութեան դէմ ծառացած բոլոր տագնապները, պիտի կարենայ հզօր կռուաններ ստեղծել՝ ապահովելու իր շարունակականութիւնը, իր հասարակական ու ընկերային աշխոյժ ու գործունեայ, ստեղծագործ ու իմաստալից կեանքը:
Համայնքային իւրայատուկ մեր դիմագիծը պահպանելը ծանր պարտաւորութիւններ կը դնէ մեր կառոյցներուն վրայ: Թիկունք կանգնինք այդ առաքելութիւնը լաւագոյնս կատարողներուն, մեր սուրբ պարտականութիւնը նկատենք անոնց գուրգուրալը, անոնց թիկունք կանգնիլը: Հայ մշակութային հիմնարկութիւնը այդ կառոյցներէն ամէնէն արդիւնաւէտ աշխատողներէն մէկն է:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.