ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
«Փորձուածը փորձելը՝ յիմարութիւն է», կ՛ըսէր գիւղացի բարեկամ մը, որ կ՛ակնարկէր իր թանին: Վստահաբար անգամ մը նայած ըլլալով անոր թթու համին, դգալը դարձեալ կաւէ անօթին մէջ մտցնելով իր բերնին տանիլը աւելորդ կը համարէր ան: Գիւղացիին այս փորձառութիւնը, սակայն, քաղաքագէտ ու դիւանագէտ զարգացած մարդոց մօտ երբեմն ուշացումով կը յայտնուի:
«Դիւանագիտութիւն» եւ «քաղաքականութիւն» բառերուն ետին գտնուող իմաստային եզրերը, յաճախ զանոնք ի գործ դնող մարդոց ստացած կրթութենէն ու կազմաւորումէն կախեալ կ՛ըլլան: Այսպէս, եթէ տուեալ երկրի մը դիւանագէտը այդ մարզին մէջ փորձառութիւն շահած անձ է, ու մանաւանդ համապատասխան կրթութիւն ստացած է, բնական մագլցումով ան իր պաշտօնը կ՛իմաստաւորէ, իսկ «դիւանագէտ» բառը ինք, կարեւոր նշանակութիւն կը ստանայ իրմով: Մէկ խօսքով, այս պարագային անձը ի՛նք խորք ու իմաստ կու տայ բառային այդ եզրին, անկախ բառարանով սահմանուած անոր իմաստէն կամ նշանակութենէն:
Դիւանագիտութիւնը կամ քաղաքականութիւնը այնպիսի երեւոյթներ են, որոնք կարելի չէ՛ ծածկել, կամ դերասանական շնորհքի օգտագործումով քօղարկել: Անոնք շուտով կը յայտնեն իրենք զիրենք: Եթէ անձ մը փորձէ դիւանագէտ կամ քաղաքագէտ երեւիլ, անոր կեղծիքը ու ապաշնորհ գործունէութիւնը շուտով ի յայտ կու գայ: Մինչ, իսկական դիւանագէտ անձը, ճիշդ հակառակը՝ օժտուած կ՛ըլլայ իր դիւանագիտութիւնը կատարելու մեծ ընդունակութեամբ, մինչեւ որ իրեն յանձնուած առաքելութիւնը իր աւարտին հասցնէ:
Ազգերու եւ պետութիւններու միջեւ եւս դիւանագիտական յարաբերութիւնները յաճախ անհատ անձերով յառաջ կը տարուին: Բանակային միջամտութիւնները ամբողջ պատմութեան ընթացքին, վերջնական լուծումներ չեն բերած որեւէ ժողովուրդի հաշուոյն: Նոյնիսկ «յաղթական» դուրս եկած ազգերու բանակէն պակսող նահատակները, անպայման կորուստ են, որոշ իմաստով «պարտութիւն» են տուեալ ազգին համար, երբ անոնց մայրերուն սիրտը ո՛չ մէկ մխիթարական խօսքով կամ արարքով կարելի չէ վերականգնել:
Առ այդ, դիւանագիտութիւնը եւ քաղաքականութիւնը, քաղաքակիրթ աշխարհին կողմէ պարտադրաբար ընդունելի միջոցները պէտք է ըլլան, ի սէր տուեալ երկիրներու հպատակ ժողովուրդներուն: Արտաքին գործոց նախարարներ, կառավարութեանց յատուկ բանբերներ, պետութեանց խօսնակներ եւ բանագնացներ, բարձրագոյն մակարդակի վրայ բանակցութիւններ կը վարեն՝ կանխելով արեան գոլորշիներու բարձրացումը եւ կը ջանան խաղաղ միջոցներով լուծում բերել տարբեր երկիրներու դիմաց ծառացող հարցերուն: Սոյն բանակցութիւնները անշուշտ վերջնական լուծումներու յանգելու երաշխիք չեն տար որեւէ կողմի, սակայն, որոշ ժամանակ ռազմական կիրքերը հանդարտեցնելու կը ծառայեն պարզապէս: Քիչ պարագաներու, անոնք կ՛աւարտին դաշինքներով: Իսկ դաշինքները իրենք, բխրուն նկարագիր ունին, եւ քաղաքականութեան փոփոխութենէն ազդուելով, շուտով իրենց շապիկը կը փոխեն:
Ոմանք կ՛ուզեն այս շրջագծին մէջ դիտել նաեւ հայ-թրքական յարաբերութիւնները: Յատկապէս Կիլիկիոյ մէջ շուրջ վեց հարիւր տարի դրացնութիւն կատարած, միասին ապրած այս երկու ժողովուրդները յանկարծ թշնամացան, թուրքին անմարդկային վայրենութեան, ցեղասպանական ախորժակներուն ու արեան ծարաւին հետեւանքով:
Ժողովուրդներ իրենց հաւաքական յիշողութեամբ կը գոյատեւեն: Այդ յիշողութիւնը նաեւ ամբարած կ՛ըլլայ անոնց դարաւոր դիւանագիտութիւնը, ամէն ելեւէջներով: Վստահաբար եղած պէտք է ըլլան ժամանակաշրջաններ, երբ կողմերէն մէկը տուժած, իսկ միւսը յաջողած պիտի նկատէ ինքզինք:
Հայ-թրքական յարաբերութիւնները անցնող հարիւր յիսուն տարիներու ընթացքին վերիվայրումներ ունեցած են: Փորձառութիւնը չէ՛ կրցած սակայն հասունցնել հայկական դիւանագիտութիւնը, որ միշտ փորձուածը դարձեա՛լ փորձելու միամտութեամբ առաջնորդուած է եղած: Խաբուիլ, կողոպտուիլ, ստրկանալ ու ջարդուիլ, յետոյ դարձեա՛լ ձեռք համբուրելու «դիւանագիտութիւն»ը մշակել, զոր մանկական պարզամտութիւն կարելի է որակել միայն: 1894-96, 1909, եւ 1915 գագաթնակէտերն են լոկ, արիւնկզակ թուրքի վոհմակային յարձակումներուն, որոնց ընթացքին յօշոտուած հայերու դիակները անցած են քանի մը միլիոնի սահմանը: Տակաւին, միջանկեալ բազմաթի՜ւ ստորութիւնները թուրքին խաբեբայութեանց, արեան այնպիսի՛ բաղնիքներ սարքած են, որոնցմէ լճացած արիւնի լերդացած խաւը, վստահաբար այսօր եւս կարելի է յայտնաբերել հողի մի քանի շերտ խորութեան մէջ…
Ներկայ դիւանագիտութիւնը, երկուստեք ընկճուած միջազգային կնքահայրութեան բարոյական պարտադրանքին տակ, «ուզելով չուզել»ու, եւ «չուզելով ուզել»ու երկուութեան միջեւ բռնուած՝ կը զբաղցնէ մէկ կողմէ «հայրենասիրութեամբ», միւս կողմէ պահանջատիրութեամբ բորբոքած ազգային ապրումները երկու ժողովուրդներուն:
Իր պետութեան հիմնադիր հայրերուն գող, ոճրագործ ու ցեղասպան ըլլալը ընդունելու հոգեկան բարդոյթի մէջ գտնուող թուրք պետութիւնը, որ նման արատ մը դժուարութիւն ունի տեղադրելու դէպի Եւրոպա իր մուտքի անցագրին մէջ, բնականաբար պիտի մերժէ անոր յիշատակումը կատարել Հայաստանի հետ իր ստորագրած աննախադէպ արձանագրութիւններուն ընթացքին:
Նախքան այդ տիպի «քաղաքականութիւն» կամ «դիւանագիտութիւն», դարձեալ դիւանագիտութեամբ, պէտք է պահանջել թուրքէն, իր անցեալին խաբեբայ քաղաքականութեամբ իրագործած դիւանագիտութիւններուն հաշիւը: Նախ պէտք է ան իր կատարած «դիւանագիտական գործողութիւններուն» պարտքը վճարէ՝ ճանչնալով իր աւազակապետ ու ոճրագործ նախնիներուն ի գործ դրած ցեղասպանութիւնը, եւ ապա հատուցելով հայ ժողովուրդին արդար իրաւունքը, իր արժանապատիւ տեղը ունենալու համար քաղաքակիրթ ազգերու շարքին:
Ապրիլ 24ի յիշատակման դեռ քանի՞երորդ անգամուան պիտի սպասէ մեր ազգը, մանաւանդ իր պետական ու դիւանագիտական կառոյցներով, սթափելու իր թմբիրէն, եւ հասկնալու բարեկամիս գիւղական պարզ տրամաբանութեան հիման վրայ հաստատուած քաղաքականութեան գործնականութիւնը: «Փորձուածը փորձելը՝ յիմարութիւն է», կ՛ըսէր գիւղացին: Բայց ո՞վ կը լսէ անոր խօսքը: Չէ՞ որ անիկա անուս մարդ է, անգրաճանաչ ու տգէտ:
Տակաւին հարիւրամեակ մը չբոլորած քստմնելի ոճիրին դիմաց կախուած զգացական ապրումներու վարագոյրը վերցնելու բռնազբօս արարքը, պարզապէս ինքնախաբէութիւն պիտի ըլլար: Ժամանակն անգամ չի՛ կրնար բալասանել գիտակից յիշողութիւն մը: Նախ անձի մը գիտակցութիւնը պէտք է չէզոքացնել, եւ ապա անոր զգացականութեան վրայ մոխիր ցանել: Ինքնախաբէութիւնը երկու մակարդակներու վրայ իրագործելի է. առաջին՝ անձնական, երկրորդ՝ հաւաքական՝ ներազգային: Իր թանին թթու ըլլալը ստուգած գիւղացի բարեկամս, պէտք չունէր ինքզինք խաբելու: Սակայն, եթէ ուզէր՝ կրնար զիս խաբել, մինչեւ որ անձնապէս ես ալ ստուգէի իր թանին թթու ըլլալը: Իսկ հիմա, երբ ազգովին փորձած ենք այս «թան»ը ու համտեսած անոր թթուածութիւնը, ալ ինչո՞ւ ժամանակ վատնենք, զայն մեր ներքին շուկան իջեցնելով՝ ծախու հանելու: Ո՛չ ոք թող համարձակի կեղծ բարեկամութիւններով շողոքորթել Սփիւռքահայութիւնը, որ առաջին ու գլխաւոր զոհն է մարդկային վերջին շրջանի պատմութեան անպատիժ մնացած անմարդկային ոճիրին: Իսկ նման նկատումներով «դիւանագիտութիւն» կամ «քաղաքականութիւն» վարելը, համազօր է մեղսակցութեան: Թուրքին թրքութիւնը կարելի չէ՛ մեղմել, ինչպիսի հայկական քաղաքականութիւն ալ կիրարկուի: Միջին Ասիոյ խորերէն դուրս եկած այդ գազանը, Եւրոպացիի նրբակար հագուստներուն մէջ իսկ իր ժանիքները սուր կը պահէ՝ ի պահանջել հարկին աչքահան գիշատիչի բնազդը իրագործելու համար:
Տէր Զօրի աւազներուն միախառնուած մեր նահատակներուն աճիւնները վաղո՜ւց փորձեցին այս «թան»ը: Եւ քանի՜ անգամներ: Պատմութենէն դաս քաղելու ամէնէն ծոյլ աշակերտները, մեր ազգի դասարանին մէջ կը գտնուին: Իսկ «ուսուցիչները», իցի՜ւ թէ գաւազան ունենային մեզ վախցնելու համար. անոնց ձեռքին կը գտնուի եաթաղանը, որուն հարուածը միայն ցաւ չի՛ պատճառեր, այլ՝ մահ:
Սփիւռքահայութիւնը տիկնիկային թատրոնի հանդիսատես չէ՛: Անիկա լաւ գիտէ, թէ նման թատերասրահներու մէջ, ինչպէս կարելի է բեմին մէկ մասը յարդարել իբրեւ ոտնագնդակի մարզահամալիր, իսկ միւս մասը՝ Տէր Զօրի Յուշահամալիր: Իսկ ամէնէն էականը այն է, որ եթէ նոյնիսկ Սփիւռքահայութիւնը կարելի ըլլայ խաբել ծաղկեպսակներու ցանուցրիւ զետեղումներով եւ կորաքամակ ու յարգալից խոնարհումներով, նահատակները կարելի պիտի չըլլայ խաբել. անոնք հոգեղէն էակներ են արդէն…: