ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Արեւմտեան Ամերիկայի մասնաճիւղը կը տեղեկացնէ, թէ Մարտ 29ին, հիմնադրամի Արեւմտեան Ամերիկայի կեդրոնատեղին այցելած է Հայկական հարցերու քոնկրեսական համախմբումի համանախագահ Ֆրենք Փալոնը՝ հանդիպում մը ունենալով վարչութեան եւ անձնակազմի անդամներուն հետ:
Քոնկրեսական Փալոնը դիմաւորած է հիմնադրամի Արեւմտեան Ամերիկայի մասնաճիւղի ատենապետ Արա Ակիշեան, շնորհակալութիւն յայտնելով անոր, որ իր բազմազբաղ ժամանակէն մաս կը տրամադրած է հիմնադրմին: Ակիշեան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնած է Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի համար ամերիկեան յաւելեալ օժանդակութիւն ապահովելու աշխատանքներուն մէջ՝ Փալոնի շարունակուող ջանքերուն ի խնդիր:
Իր կարգին, Փալոն ողջունած է հիմնադրամին տարած մարդասիրական աշխատանքը եւ դրուատած է յատկապէս 2009ի թելեթոնը, որուն շնորհիւ կարելի եղած է ապահովել մօտաւորապէս 16 միլիոն տոլար, որ պիտի տրամադրուի Շուշիի վերակառուցման նպատակին: Փալոն յոյժ կարեւոր նկատած է նաեւ Հայաստանի սահմանային գիւղերուն տրամադրուող հիմնադրամին օժանդակութիւնները, որոնք նպաստած են տասնեակ հազարաւոր քաղաքացիներու:
Ապա, նախաճաշի ընթացքին, կողմերը քննած են Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի յաւելեալ օժանդակութիւն ապահովելու կարելիութիւնները:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.