ՍԷՍԻԼ ՔԷՇԻՇԵԱՆ
Շաբաթ, Մարտ 6, 2010, կէսօրուան ժամը 11:30ին տեղի ունեցաւ Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ Տիկնանց միութեան կողմէ կազմակերպուած միջինքի «սիրոյ ճաշ»ը։ Հակառակ աննպաստ օդին եւ տեղատարափ անձրեւին, խուռներամ բազմութիւն մը լեցուցած էր «Ալթատինա Քաունթրի Քլապ»ի մեծ սրահը։
Օրուան յայտագիրը սկսաւ արժանապատիւ Տ. Խորէն քհնյ. Պապօշեանի աղօթքով։ Մեծապէս գնահատելի էր անոր դիպուկ, տպաւորիչ ելոյթը։ Ան գովքը հիւսեց հայ կնոջ դերին, նուիրումին եւ զոհաբերութիւններուն, մեր ազգային հաստատութիւններուն մէջ։ Արդար գնահատանք՝ արդարեւ մեր ազգային պատմութեան ընթացքին հայ կնոջ դերին, որուն համար Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետ, 2010 տարին հռչակած է «Հայ կնոջ» տարի։
Ատենապետուհի Մարի օրուան հանդիսավարն էր: Ան ձեռնհասօրէն
կատարեց իր դերը։ Իր բարի գալուստի խօսքէն ետք, Մուճուքեան բեմ հրաւիրեց յաջորդաբար գեղարուեստական բաժնին մաս կազմող արուեստագիտուհիները՝ Տիկնանց միութեան ատենադպրուհի Վարդուկ Աւետիքեանը եւ եկեղեցւոյ Դպրաց դասի երգեհոնարուհի Հիլտա Մնակեանը, որոնք իրենց գեղեցիկ երգերով եւ դիւթիչ ձայնով խնադվառեցին ներկաները։
Ըստ սովորութեան, այս տարի եւս երեք «հարսնացուներ» ներկայացուեցան իրենց անուններով՝ Անի Պէրպէրեան, Թամար Ղազարեան եւ Նարինէ Վարդանեան։ Եղան սրտափուխ նուիրատուութիւններ. ինչպէս անցեալին, նոյնպէս այդ օր ալ բարերարուհիները իրենց քսակները լայն բացին Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ պայծառացման ի նպաստ։
Յայտագիրին մաս կազմած էր նաեւ բեմադրիչ, դերասան եւ կատակաբան Գրիգոր Սաթամեանը, որ կուշտ ու կուռ խնդացուց մեզ, ժամէ մը աւելի տեւող պատմութիւններով։
Գիտենք, թէ նմանօրինակ ձեռնարկ մը կազմակերպելը որքա՛ն ճիք, ծրագրաւորում եւ աշխատանք կը պահանջէ։ Ուստի, կը շնորհաւորենք Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ Տիկնանց միութեան «տինամիք» կազմակերպիչ վարչութիւնը եւ Օժանդակ մարմինին անդամուհիները. Բոլորի՛դ վարձքը կատար։