ՇԸՐՄԸՆ ՕՔՍ.- «Արփա» հիմնարկի կազմակերպութեամբ, Ուրբաթ, Ապրիլ 23ին, երեկոյեան ժամը 7:30էն սկսեալ, Հրայր Քարակէօզեան պիտի խօսի «Տոլարի դիւանագիտութիւն եւ Հայկական Ցեղասպանութիւնը» նիւթին մասին, «Մերտինեան» վարժարանի սրահին մէջ (13330 Riverside Dr. Sherman Oaks, CA 91403): Ան պիտի քննէ Ցեղասպանութիւնը ուրացողներու զանազան դրդապատճառներուն մասին:
Դասախօսը դեղագործական կենասգիտութեան մարզին դոկտորի կոչում ստացած է Նիւ Փորքի «Քոլոմպիա» համալսարանէն, եւ 2007էն ի վեր UCLA-ի «Տէյվիտ Կիֆին» բժշկական վարժարանի սրտաբանութեան մէկ բաժանմունքին վարիչն է:
Ձեռնարկին աւարտին, Հրայր Քարակէօզեան նաեւ պիտի մակարգէ այս նիւթին մասին իր հեղինակած նոր հատորը՝ «A Perfect Injustice», որմէ օրինակներ տրմադրելի պիտի ըլլան:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար դիմել (818) 881-0010 թիւին կամ info@arpainstitute.org հասցէին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.