ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Վրաստանի հայ համայնքը նամակներով դիմած է երկրի նախագահին, խորհրդարանին եւ հայ պատգամաւորներուն՝ կոչ ընելով քննարկելու Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը, յարգելու Ցեղասպանութեան յիշատակը եւ մինչեւ Ապրիլ 24 հանդէս գալու յայտարարութեամբ մը:
Նախաձեռնութեան հեղինակներն են Վրաստանի հայ համայնք, Վրաստանի հայկական համագործակցութեան կեդրոն եւ Վրաստանի հայ ուսանողներու միութիւն հասարակական կազմակերպութիւնները, որոնց միացեալ յայտարարութեան մէջ մասնաւորապէս նշուած է. «Այս տարի լրանում է 20րդ դարի առաջին ցեղասպանութեան՝ 1915-1923 թթ. Օսմանեան կայսրութիւնում իրականացուած Հայոց Ցեղասպանութեան, 95րդ տարելիցը: Ցեղասպանութեան արդիւնքում իր պատմական հայրենիքում ոչնչացուել է շուրջ 2 միլիոն հայ: Ցեղասպանութիւնը որակւում է որպէս մարդկութեան դէմ ուղղուած յանցագործութիւն, այդ պատճառով վաղեմութեան ժամկէտները դրան չեն վերաբերում»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.