ՊՕՂՈՍ ԳՈՒԲԵԼԵԱՆ
Այս է բազմակողմանի գրող հրապարակախօս դոկտ. Յովհաննէս Ահմարանեանի Հայոց Ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեան նուիրուած փաստագրական նոր հատորին խորագիրը։ Իսկ մեր կողմէ աւելցուած է ենթախորագիրը։
Մեխը թուրք պետութեան ճակատին գամող, ներկայ ուսումնասիրութիւնը ճիշդ ատենին հրապարակ ելաւ, մեկնելով այն իրողութենէն, թէ նորանոր անակնկալներով ու զարգացումներով յատկանշուող ՀՀ նախագահին ձեռնարկած ֆութպոլային դիւանագիտութիւնը կամ փրոթոքոլներու ստորագրութեամբ ստեղծուած խառնաշփոթը, տարիէ մը ի վեր կլանած է հայ քաղաքական միտքը ու իր ելեւէջներով, կը փոթորկէ ներազգային մեր կեանքը։ Այստեղ տեղին է յիշել հռովմէական ասացուածքը, թէ «Երբ թիւերը խօսին, աստուածները կը լռեն»։ Մենք ալ մեր կարգին ատոր հետեւողութեամբ պիտի կրկնենք. «Երբ փաստերը խօսին, թերահաւատները կը լռեն…»։ Անշուշտ եթէ լռեն… Սակայն հակառակ անոր որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը գիտականօրէն փաստարկուած իրողութիւն է, Թուրքիոյ հետ ստորագրուած տխրահռչակ փրոթոքոլներու պայմաններէն մէկը, հայ եւ թուրք յանձնաժողովի մը կազմութիւնն է, իբրեւ թէ 1915ին դէպքերը քննարկելու, քայլ մը որ կասկածի տակ կ՛առնէ 1809-1923 պատահած կոտորածներն ու ցեղասպանութեան արարքը։ Այս մէկը կը նմանի անհեթեթ ու մտացածին օրէնքի մը որ գլխատուած անհատը կը մղէ, արիւնլուայ իր գլուխը թեւին տակ դատարան ներկայանալ, դատաւորին եւ երդուեալներուն փաստելու համար իր գլխատուած ըլլալը։ Երբ Ահմարանեանին գիրքը ներկայացնելու աշխատանքով տարուած էի, ձեռքս «Ասպարէզ»ին Չորեքշաբթի օրուան (Մարտ 24) թիւը անցաւ, որուն առաջին էջին վրայ հետեւեալ խորագիրը կրող լրատուութիւնը կը տրուէր.
«Ըստ Հիլըրի Քլինթընին՝ Թուրքիոյ եւ հայերու միջեւ պատմական հարցերու քննարկման յանձնախումբը կազմուելու վրայ է»:
Պարզ հայերէնով՝ շուտով քննարկման, այսինքն կասկածանքի տակ պիտի առնուի Հայոց Ցեղասպանութիւնը։ Անշուշտ մեր պետական այրերը տարբեր տարազ, տարբեր իմաստ կը փորձեն հագցնել հաւատաքննիչ այդ յանձնախումբին վերապահուած մեզի համար բացայայտ դերին ու առաքելութեան։ Պետական այդ նոյն այրերը իրենց աճպարարութիւններով ու բառախաղերով խելքը գլուխը ոչ մէկ հայը ցարդ կրցան համոզել։
Ժամանակին, միջնորդ մը կը փորձէ հայ երիտասարդ մը հարսնցու աղջկայ մը ծանօթացնել։ Ճամբան երիտասարդը յանկարծ կ՛արթննայ իր թմբիրէն ու միջնորդը կը զգուշացնէ. «Միսաք ամմօ, չըլլայ որ ծանօթացնելիք աղջիկդ գէր ու կլորիկ բան մը ըլլայ…»
-Ո՛չ,- կը պատասխանէ պատրաստաբան միջնորդը,- գէր չէ եա քիչ մը լոփփիկ է։ Այսինքն հարիւր քիլօ…
Հայրենի մեր ղեկավարութեան ալ կատարածը բառախաղային ռազմավարութիւն է։
Թուրքիոյ վարչապետ Էրտողանին աջ ու ահեակ կատարած յայտարարութիւնները այն տպաւորութիւնը կը թողուն, թէ ցեղասպանութեան յղացքը հարցականի տակ պիտի դրուի կազմուելիք յանձնաժողովին կողմէն, քանի որ դոկտ. Ահմարանեանին եւ միւս ներհուն պատմաբաններուն պրպտումներէն ի յայտ կու գայ, թէ թուրքերը 1915էն ի վեր փճացուցած, մաքրազտած, մաղէ անցուցած են վտանգաւոր փաստաթուղթերը, ու 1890էն մինչեւ 1922ը երկարող դէպքերը փաստարկող հրահանգ հեռագիրները պարփակող արխիւները։ Երբ 1918-1919ին Պոլսոյ մէջ հայոց արիւնկզակ դահիճներուն դատավարութիւնը տեղի կ՛ունենար, դատարան ներկայացող թուրք պաշտօնեաներու վկայութիւններէն ի յայտ եկաւ որ արդէն իսկ պատերազմի աւարտին Թալէաթին եւ միւս դահիճներուն հրահանգով, հայոց տարագրութեան ու ցեղասպանութեան հայող բոլոր փաստաթուղթերը հրոյ ճարակ դարձած էին կամ ալ պարզապէս անյայտացած (տե՛ս էջ 88-128)։ Ահմարանեանի հատորին մէջ կը յիշուի անունը գերմանացի հրամանատարի մը, Վոն Սէէքդ, որ պաշտպանութեան նախարարութեան փաստաթուղթերը հետը Գերմանիա փախցուցած է (էջ 88)։ Արդ բոլոր ժամանակներու թերա֊ հաւատներուն հարց կու տանք. արդեօք թուրք պետութիւնը այնքա՞ն միամիտ է կամ այնքա՞ն մը յիմար, որ առօք-փառօք ելլէ իր գործած ցեղասպանութեան արիւնաթաթախ փաստաթուղթերը հրապարակով միջազգային ժողովականներու առջեւ փռէ։
Ահմարանեանի փաստագրական հատորին նիւթերուն ծանօթանալով ի յայտ կու գայ, թէ ինչո՞ւ եւ ի՞նչ պատրուակներու տակ թուրքերը ամբողջ ժողովուրդ մը տարագրեցին ու անոր բնաջնջումը ծրագրեցին ու գործադրեցին, օգտուելով Ա. Աշխարհամարտի շփոթէն ու իրարանցումէն։ Թուրք պատմագրութեան ու անոր ծախուած օտար մասնագէտներու կողմէ, ընդհանրապէս քաղաքական տարազ կը հագցուի ցեղասպանութեան արարքին եւ կատարուածը կը պատճառաբանուի այն մեղադրանքով, որ, իբրեւ թէ թուրք պետութեան ապահովութիւնը պահպանելու մտահոգութենէն թելադրուած Ռուսիոյ հետ սահմանակից շրջաններու հայ ազգաբնակչութիւնը աւելի ապահով վայրեր տարագրելու որոշումը կ՛առնուի, եւ այդ մէկը գործադրութեան կը դրուի զուտ ռազմավարական պահանջներէ թելադրուած։
Անոնց կողմէ առաջ քաշուող այս թեզը, կատարուած սարսափելի ոճիրին պաշտօնական հանդերձանք տալ է միայն։ Իրենց բուն նպատակը հայերը վերացնել էր իրենց պապենական հողերէն, որպէսզի Ա.
Աշխարհամարտին Օսմանեան կայսրութեան պարտութեան պարագային, յանկարծ ինքնավարութիւն կամ ազգային օճախ չպահանջէին անոնք։ «Թուրքիան թուրքերու համար» կարգախօսը ի զօրու էր, բան մը որ երկու ժողովուրդներուն համար ալ աղիտալի դարձաւ (էջ 87)։ Ատկէ դուրս ալ ըստ Ահմարանեանի նշած աղբիւրներուն, հակառակ հայ բնակչութեան զանցառելի թիւին, Օսմանեան կայսրութեան հարստութեան եւ առեւտուրի կէսը հայերու ձեռքը կեդրոնացած էին եւ երկրին խոշորագոյն ուղեղները, ճարտարագիտական, բժշկական, մտաւորական, երաժշտական ու վաճառականական բնագաւառներուն մէջ մեծ մասամբ հայեր եղած են, նախանձը շարժելով թուրք ազգայնականներուն (էջ 76-115)։
Ինչպէս արդէն շատերուդ ծանօթ է, Թալhաթ եւ իր ցեղասպան ընկերները կամ Իթթիհատական բորենիները, տարագրութեան չսկսած բանտերէն քրէականները ազատ արձակեցին եւ գաղտնի երդման արարողութիւն կատարելով ոճրագործներուն հետ դաշինք կնքեցին, թէ անտէր հայերուն թալանէն ու սպանութենէն վերջ, անոնց հարստութիւնը՝ ըլլայ հնչիւն ոսկի կամ թանկարժէք իրեղէն, ներքին նախարարութեան մականին տակ գործող գաղտնի սպասարկութեան կեդրոնը պիտի տարուէր եւ հաւասարէ հաւասար բաժնուէր Իթթիհատական բորենիներու ու քրէական աւազակախումբերուն միջեւ։ Չէթէական արիւնարբու խումբերը Իթթիհատականներու պատուէրով, ցերեկը կը թալանէին ու կը սպաննէին անտէր հայ գաղթականները, իսկ գիշերները գինարբուք կը սարքէին հայ կոյսերով։ Նոյեմբեր 1 1918ին երբ գերմանական ռազմանաւով փախուստ կու տային Իթթիհատական պարագլուխները, անոնք իրենց հետ կը տանէին հայ կիներուն կուրծքէն խլուած ոսկեղէնն ու այրերէն կողոպտուած աւար-ոսկեդրամները։ Ըստ Ահմարանեանի մէկտեղած փաստերուն, 18Օ միլիոն թրքական ոսկեդրամ բաժին ինկաւ 12000 չէթէներուն եւ տասնեակ մը Իթթիհատականներուն (էջ 44-45-76)։ Հաշիւ ըրէ՛ք Թալէաթին բաժին ինկած արիւնոտ ոսկեդրամներու քանակը։ Էրտողանները թող հազար ուրանան մարդկութեան դէմ իրենց նախահայրերուն կատարած ոճիրներն ու հայերու կողոպուտ-թալանումը։ Տակաւին անշարժ կալուածներու ու հողատարածքներու վերաբերող էջերը չենք ալ բացած։
Եւ այս մէջբերումները կը կատարեմ բարեկամիս դոկտ. Յովհաննէս Ահմարանեանին փաստագրական նոր հատորէն, որ մեզի պէս գրող- հրապարակագիրներու համար ոսկեհանք է կամ փաստերու ծով։
Յովհաննէս Ահմարանեանի «Թուրքերը ճանչցած են Հայոց Ցեղասպանութիւնը» ներկայ հատորը կազմուած է 196 էջերէ։ Անոր յառաջաբանը գրած է հանրայայտ պատմաբան՝ դոկտ. Աւետիս Փափազեան։ Հեղինակին կողմէ գիրքը չակերտներու մէջ «ձօնուած» է պատմութիւնը խեղաթիւրող հետեւեալ պատմաբաններուն. Թիւրքայա Աթայոֆին, Սալահի Սոնյէլին, Իզկի Օմէրին, Եէլմազ Օսթունային, Հիւսէյն Ղէլլիկին, Եուսուֆ Հալաճօղլուին, Սուլէյման Սէյֆի Օկիւնին։
Գիրքը հրատարակուած է Նազարէթ Պուլղուրճեանի ցեղասպանութեան զոհ գացած գերդաստանի անդամներու յիշատակին։
Հեղինակին մեծագոյն ձեռքբերումը կամ որպէս պրպտող միտք ու պատմագէտ անոր առաքինութիւնը, հատորը անգլերէն լոյս ընծայած ըլլալն է եւ բարեբախտաբար զայն չէ խճողած հազար անգամ յանկերգուած վայվայներով ու զգացական տողերով։ Այլ իբրեւ իրաւ պատմագիր ու պրպտումներու ձեռնարկած լրջախոհ մտաւորական, անիկա իր ուշադրութեան առարկան դարձուցած է օտար աղբիւրները։
Արդարեւ, 90 թրքական թերթերէ ու աղբիւրներէ մէջբերումներ կատարած է հեղինակը։ 17 ֆրանսական, 5 անգլիական, 5 յունական, 1 պարսկական։ 28ը օտար աղբիւրներու դիմաց 90ը՝ թրքական։
…
Վերջացնելու համար հարց կու տանք. Ե՞րբ պիտի վերջ գտնէ հայու Գողգոթան:
Խօսուած՝ Ուրբաթ 3-26-2010
—————————————————————————————
Յովհաննէս Ահմարանեանի Կենսագրականը

Ծնած է Պէյրութ, Նոյեմբեր 12, 1935ին:
Աստուածաբանութեան եւ փիլիսոփայութեան վկայականները ստացած է Հռոմ՝ պապական համալսարանէն։ Ապա 198Օին փիլիսոփայութեան մէջ տոքթորան ստացած է Գահիրէի համալսարանէն։ Իսկ հայագիտական ուսմանց տոքթորան՝ Երեւանի համալսարանէն 2ՕՕ5 թուականին։ Ունի նաեւ թարգմանչական վկայական՝ տեղւոյս Մաշտոց Գոլէճէն։ Կը տիրապետէ հետեւեալ լեզուներուն. հայերէն, արաբերէն, ֆրանսերէն, իտալերէն եւ
անգլերէն։
Եղած է հարիւրաւոր օտարալեզու ֆիլմերու թարգմանիչ։ Արաբական թերթերու թղթակից։ Վատիկանի ռատիոյի հաղորդիչ։ Հայերէն թերթերու թղթակից։ Հայկական վարժարաններէն ներս եղած է հայերէն լեզուի ուսուցիչ։ Արաբերէն լեզուն ու մշակոյթը աւանդած է Իրաք մեկնող ամերիկեան բանակայիններուն։
Արժանացած է Եգիպտոսի նախագահ Անուար Սատաթի անուամբ շքանշանի ու հրապարակագրութեան բնագաւառին մէջ այլ մետալներու։ Ընտրուած է տարուան թղթակիցը եւ տարուան ուսուցիչը եւ ունի բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններ, որոնք հրատարակուած են առանձին հատորներով: Անոնց շարքին են՝
«Կեանքը՝ մահուընէ վերջ», «Տէ՛ր, ո՞վ եմ ես, ո՞վ ես դու», «Հայերը», «Պիտանի ե՞ս աշխարհին», «Երկխօսութիւն քրիստոնեաներու եւ մահմետականներու միջեւ», «Գեղեցիկ է կեանքը», «Մարգար աղբարը Լոս Անճելըսի մէջ», երգիծական, «Հայերուն Աւետարանները», «Քրիստոս ինչպէս որ ճանչցայ զինք», «Իսլամը երէկ եւ այսօր», «Պատասխան թրքական ուրացմներուն»՝ անգլերէն, «Թուրքերը ճանչցած են հայոց ցեղասպանութիւնը», եւայլն:
Վեհափառ հայրապետին հրաւէրով մեր սիրելի դոկտոր փրոֆէսէօրը Սուրբ Գիրքը կը դասաւանդէ Սուրբ Էջմիածնայ դպրեվանքը։
Դոկթ.Ահմարանեանի եզրաբանութիւնը շատ ճիշտ է իթթահականները 1915էն ի վեր փճացուցած, մաքրազտած, մաղէ անցուցած են վտանգաւոր փաստաթուղթերը:Բայց ըստիս շատ կարեւոր փաստաթուղթեր կարելի է գտնել Գերմանական արխիւներու եւ Իսրայէլական արխիւներու մէջ:Առաչի աշխարհամարտի տարիներուն Օսմանական բանակի մէջ մեծ թիւով Հրեայ ծագումով Գերմանացի սպաներ կը պաշտօնավարէին:Այս սպաները, իրենք էին որ կազմակերպեցին հայոց ցեղասպանութեան ծրագիրը: Արթէն իսկ գիտենք որ Իթթահականներուն գրեթէ բոլորն ալ հրեայ ծագում ունէին եւ հրեայներ էին:Ես կը հաւատամ թէ Գերմանական արխիւներու մէջ շատ արժէքաւոր փաստաթուղթեր պէտք է ըլլայ: րԱսկէ զատ Քուրտերուն հիմա ըրած խոստովանանքները շատ կարեւոր են:1915 ի շրջանին հայերը սպանողներուն մեծամասնութիւնը Քուրտ ցեղախումբերն էին:Հիմա անոնց թոռները կը խոստովանին ըսելրով թէ իրենց մեծ հայրերը մասնակցած են հայոց ցեղասպանութեան խաբուած ը լլալով Թուրքերէն:Անոնց խոստովանութիւններն ալ ըստիս արժէքաւոր է :