Ազգային առաջնորդարանի Տիկնանց օժանդակ մարմինը, ընդառաջելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի հայրապետական պատգամին, որ 2010 տարին հռչակած է Հայ Կնոջ տարի՝ կազմակերպած է շարք մը ձեռնարկներ։ Այս ձեռնարկներու շարքին է դասախօսական-ճաշի երկրորդ հանդիպում մը, որ տեղի պիտի ունենայ Հինգշաբթի, Ապրիլ 15ին, առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ, հովանաւորութեամբ առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի։
Բանախօսն է ծանօթ մանկավարժ եւ հոգեբան դոկտ. Իտա Գարայեանը, որ պիտի ներկայացնէ «Հայ Կնոջ դերը զաւակներու դաստիարակութեան մէջ» նիւթը։
Մուտքի նուէրն է 20 տոլար։ Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, հեռաձայնել առաջնորդարան՝ (818) 248-7737 թիւով։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.