ԳԷՈՐԳ ՄԱՆՈՅԵԱՆ
Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի կողմէ առաջ քշուող «Մէկ ազգ՝ երկու պետութիւն» նշանաբանին վնաս չհասցնելու նպատակով, Անգարա վերջերս յատուկ ջանք կը թափէ, յատկապէս որովհետեւ Պաքու նեղացած է Երեւանի հետ Անգարայի շփումներէն:
Պաքուն սիրաշահելու ծիրէն ներս առնուած ոչ շատ համոզիչ քայլ մըն էր նաեւ Անգարայի արտայայտած այն դժգոհութիւնը, թէ Ատրպէյճան ինչո՞ւ չէ հրաւիրուած 47 երկիրներու եւ մանաւանդ Հայաստանի մասնակցութեամբ Ուաշինկթընի կազմակերպած հիւլէական ապահովութեան հարցերու նուիրուած գերաստիճանին, հակառակ այն իրողութեան, որ այդ հարցումին պատասխանը շատ յստակ էր:
Արդարեւ, Ուաշինկթըն ժողովին հրաւիրած է այն երկիրները, որոնք հիւլէական որոշ ծրագիրներ ունին ու Ատրպէյճան չի լրացներ այդ պայմանը:
Հայաստան ժողովին հրաւիրուած է, սակայն Անգարա Ուաշինկթընի փոխանցած է, թէ գերաստիճանէն Ատրպէյճանի բացակայութիւնը եւ մանաւանդ նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի հանդիպումը կրնան այն տպաւորութիւնը ստեղծել, թէ Թուրքիա-Հայաստան մերձեցումի գործընթացէն բոլորովին դուրս կը մնայ Ատրպէյճանը։
Շատ հաւանաբար այս պատճառով էր, որ Անգարա փորձած է աղմուկ բարձրացնել Պաքուի բացակայութեան հարցով, գիտակցելով, որ դիմումը տեղ պիտի չհասնի: Սակայն Անգարայի համար կարեւորը ատրպէյճանցիներուն ցոյց տալն էր, թէ Թուրքիա ե՛ւ մտահոգ է Ատրպէյճանի բացակայութեամբ, ե՛ւ Թուրքիա-Հայաստան մերձեցումը կը կապէ Թուրքիա-Ատրպէյճան յարաբերութիւններուն:
Կը թուի, թէ Անգարայի այս առարկութիւնը որոշ գոհունակութիւն ստեղծած է Ատրպէյճանի մէջ: Ան նաեւ ցոյց կու տայ, թէ Թուրքիա-Հայաստան մերձեցման իւրաքանչիւր քայլին վրայ Ատրպէյճանի շուքը կայ:
Անցեալ շաբաթ եւս, երբ Թուրքիոյ վարչապետը Երեւան ղրկած էր Ֆերիտուն Սինիրլիօղլուն, բողոքի ձայներ լսուած էին Պաքուէն, եւ այդ պատճառով է, որ Սինիրլիօղլու Երեւան այցելութենէն երկու օր վերջ, նաեւ Պաքու այցելեց եւ հանդիպում մըն ալ ունեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։ Այս քայլով, Անգարա դարձեալ յայտնի դարձուց, որ Հայաստանի հետ յարաբերութեան ընթացքին միշտ նկատի պիտի ունենայ Ատրպէյճանի շահերը: