ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Անցեալ Հոկտեմբերին, Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի (USC) «Թորնթըն» երաժշտանոցին ու Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցին միջեւ գոյացած կրթական փոխանակման համաձայնագրին իբրեւ առաջին արդիւնք, Լոս Անճելըս կը գտնուի Կոմիտասի անուան երաժշտանոցի վարիչը՝ դոկտ. Սերգէյ Սարաճեանը, որ համալսարանի ուսանողներուն եւ երաժշտանոցին յատուկ ձեռնարկներուն կողքին, համայնքին համար կազմակերպուած ձեռնարկներու եւս պիտի մասնակցի: Անոնցմէ առաջինն է Հինգշաբթի, Ապրիլ 15ին, կ.ե. ժամը 2:30էն 5, համալսարանի «Ճենեթ Մըք Տանըլտ» սրահին մէջ (840 W. 34th St.) կազմակերպուած դասախօսութիւն-դաշնակի համերգը:
Նաեւ, Ուրբաթ, Ապրիլ 16ին, համալսարանի «Մարիք Լուքըս» շէնքին սրահին մէջ (3451 Watt Way), առաւօտեան ժամը 10-11, դոկտ. Սարաճեան դասախօսութիւն մը պիտի տայ:
Յիշեցնենք, թէ փոխանակման ծրագիրը իրականացած էր Օտրի Պապախանեան-Կրեկորիի խոստացած 200,000 տոլարի հիմնադրամին շնորհիւ, որ կը կրէ նուիրատուին անունը:
Այս համաձայնութեան մէջ կարեւոր դերակատարութիւն ունեցաւ նաեւ համալսարանին մէջ գործող Հայկական երաժշտութեան բարեկամներ կազմակերպութիւնն ու անոր նախագահ Արտեմիս Պելեան-Պետրոսը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.