ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ
Հետաքրքրական ու դաստիարակչական հետեւեալ հարցազրոյցը ունեցանք Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուս. եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ, հայր Վաղինակ Մելոյեանի հետ, մեր ժողովուրդին մէջ արմատացած կարգ մը յոռի սովորութիւններու մասին, որոնք մեզ փոխանցուած են դարերէ ի վեր: Միջին Արեւելքի մէջ սովորութիւն դարձած կարգ մը սխալ արարքներ, որոնք մենք եւ միջին արեւելքի ժողովուրդները շարունակած ենք գործադրել, անմեղօրէն եւ առանց անդրադառնալու անոնց հետեւանքներուն ու այդ հետեւանքներով մեր գործած սխալներուն ու մեղքերուն: Շահեկան է լսել հայր սուրբին պատասխանները մեր հարցումներուն, նաեւ պէ՛տք է հրաժարիլ այդ անհիմն ու երեւակայական սովորութիւններէն:
Հայր Վաղինակ Մելոյեան հետեւած է բարձրագոյն ուսման, Փիթցպըրկի աստուածաբանական համալսարանին մէջ. իր հետաքրքրութեան աշխարհը եղած է Աստուածաշունչն ու անոր մեկնաբանութիւնը. հրատարակած է 12 գիրք, որոնք հոգեւոր բնոյթ ունին:

Ն. ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ.- Հայր սուրբ, ես անձամբ սուրճ խմող եմ, սակայն սուրճի գաւաթ նայիլը անհեթեթ ու իմաստազուրկ կը կարծեմ. արդեօք սուրճի գաւաթ նայիլը մե՞ղք է։
Վ. ՎՐԴ. ՄԵԼՈՅԵԱՆ.- Այո՛, մեղք է՝ եօթը պատճառներով.
ա) Մեղք է, որովհետեւ մարդս ստախօս կը դարձնէ։ Երկու վայրկեան գաւաթ նայելու համար առնուազն տասը սուտ պէտք է խօսիլ։ Հիմա դուք ըսէք, սուտ խօսիլը մեղք չէ՞։ Աստուածաշունչը չ՛արգիլե՞ր սուտ խօսիլը:
բ) Մեղք է, որովհետեւ սուտ եւ խաբուսիկ յոյս տալ է։ Սուրճի գաւաթ նայողը «ստիպուած» կ՛ըլլայ հազար ու մէկ սուտ խօսելու՝ դիմացինը յոյսով լեցնելու համար։ Ուրիշին սուտ յոյսեր ներշնչելը մեղք չէ՞։
գ) Մեղք է, որովհետեւ մարդիկ կ՛ուզեն գաւաթի նայիլ տալ որպէսզի գիտնան, թէ ի՛նչ պիտի պատահի իրենց հետագային։ Ապագան գիտնալ փորձելը մեղք չէ՞, Աստուածաշունչին հակառակ չէ՞:
դ) Մեղք է, որովհետեւ սուրճի մնացորդը մեր աչքին դիմաց տեսակ-տեսակ կերպարանքներ կը ստանայ, եւ ատիկա սատանային առաջնորդութեամբ է, որ կ՛ըլլայ։
ե) Մեղք է, որովհետեւ «ժամանց է»՝ սուրճի գաւաթ նայողներուն իսկ վկայութեամբ։ Երբ սուրճի գաւաթ նայողները ինծի կ՛ըսեն՝ «Ժամանցի համար է», անմիջապէս հարց կու տամ իրենց. «Ժամանցը մեղք չէ՞։ Ժամանակ վատնելը մեղք չէ՞»։ Պօղոս առաքեալ չի՞ պատուիրեր ըսելով. «Օգտագործեցէ՛ք ժամանակը, որովհետեւ այս օրերը չար են» (Եփ 5.16)։
զ) Մեղք է, քանի որ ատիկա անուղղակիօրէն առնչութիւն ունի հմայութեան հետ։ Այսօր կան տարբեր-տարբեր տեսակի գաւաթներ, որոնցմով հմայութիւններ կը կատարուին։ Աստուած կը հրահանգէ քարկոծել եւ այրել այդպիսի բաներ ընողները (Ղւ 19.31, 20.27։ Բ.Օր 18.10-11։ Բ.Մն 33.6):
է) Մեղք է, որովհետեւ գաւաթ նայողը իր ամբողջ ուշադրութիւնը կը կեդրոնացնէ սեւ գոյնին վրայ։ Սուրճի սեւ գիծերն ու շարժումները դիտելն ու քննելը, զանոնք բացատրելն ու մեկնաբանելը կ՛ազդեն մարդուն ուղեղին վրայ, մարդուն հոգիին ու հոգեկանին վրայ, մարդուն մտածումներուն եւ մտածելակերպին վրայ։
Ն. ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ.- Ոմանք «Կապար (ղուրշուն) թափել» կու տան իրենց գլխուն վրայ, կամ կախել կու տան իրենց տուներու դրանդիներուն կամ բարաւորին վրայ՝ չար ու անակնկալ փորձանքներէն զերծ մնալու համար։ Ճի՞շդ է ասիկա։
Վ. ՎՐԴ. ՄԵԼՈՅԵԱՆ.- Եթէ «կապար թափելը» չար ու անակնկալ փորձանքէն հեռու պահելու համար է, հապա ի՞նչ բանի համար է խաչը։ Չարին գլուխը ճզմելու համար Յիսուս կապար չթափեց, այլ իր արի՛ւնը թափեց խաչին վրայ։ Ուստի, չար փորձանքէն ազատելու համար, խա՛չ պէտք է կախենք եւ ո՛չ թէ կապար։ Աստուած իր օրհնութիւնը չի թափեր մեր վրայ, երբ կապար թափենք մեր գլխուն վրայ։
Ըսեմ նաեւ, որ ոմանք կապարը ջուրի մէջ նետելէ ետք, կը նային, թէ անիկա ի՞նչ ձեւ կ՛առնէ, եւ կապարին ձեւերը դիտելով ու քննելով՝ գուշակութիւններ կ՛ընեն իրենց ապագային վերաբերեալ. այդպէս ընողներուն հարց կու տամ. Աւելի լաւ չէ՞ Աստուածաշունչ կարդալ եւ տեսնել, թէ Աստուածաշունչը ինք ի՛նչ կ՛ըսէ մեր ապագային վերաբերեալ, մեր յաւիտենականութեան վերաբերեալ:
Կապարը ջուրին մէջ նետուած ատեն թեթեւ պայթումի ձայներ կ՛արձակէ։ Մարդիկ այդ ձայները լսելով՝ կ՛ըսեն. «Մեր վրայ եղող չար աչքերն են, որոնք կը պայթին»։ Այս խօսքը ուրիշը անիծելու պէս բան մըն է։ Եւ ասկէ յայտնի է, որ սատանայական բան է կապար թափելը, որովհետեւ մեր Տէրը պատուիրեց օրհնել մեզ անիծողները եւ ո՛չ թէ անիծել (Մտ 5.44)։
Ն. ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ.- Ոմանք «Կապոյտ աչք» կը կախեն՝ չար ու նախանձոտ աչքէն ազատելու համար։ Ճի՞շդ է այսպէս ընելը։
Վ. ՎՐԴ. ՄԵԼՈՅԵԱՆ.- Մեր վիզէն, պատէն, ինքնաշարժին մէջ, կամ որեւէ տեղ կապոյտ աչք կախելը ճիշդ չէ։ Կապոյտ աչքը Սատանային աչքն է, որ կը հսկէ զայն կախողին։ Քրիստոնեայ մարդուն հսկող աչքը Տէր Յիսուսի աչքն է։
Երբեմն կը տեսնենք, որ մարդիկ կապոյտ աչքն ու խաչը քով-քովի դրած են. ես չեմ կրնար պատկերացնել ասկէ աւելի մեծ անարգանք՝ ուղղուած Տէր Յիսուսի։ Կապոյտ աչքն ու խաչը քով-քովի դնել կը նշանակէ իրարու հաւասար նկատել սատանան եւ Քրիստոսը, եւ անոնց զօրութիւնը։ Դո՛ւք դատեցէք, հաւասա՞ր են իրարու մեզ կործանելու համար մեր վրայ դրուող կապոյտ աչքն ու մեզ կործանումէ փրկելու համար մեզի հսկող Տիրոջ աչքը:
Ն. ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ.- Ոմանք «Ձիու պայտ» կը կախեն, որպէսզի բարի բախտ գայ իրենց։ Ճի՞շդ է այսպէս ընելը։
Վ. ՎՐԴ. ՄԵԼՈՅԵԱՆ.- Նախ ըսեմ, որ ճշմարիտ քրիստոնեան չի հաւատար բախտի, այլ կը հաւատայ Աստուծոյ նախախնամութեան։ Հարցում մը ունիմ անոնց, որոնք համոզուած են, որ ձիու պայտ կախելը կրնայ լաւ բախտ բերել: Եթէ ձեզմէ մէկը աղօթքի համար զիս իր տունը կանչէ, անհանգիստ պիտի չըլլա՞յ եթէ ես իմ պայուսակէս խաչ ու աղօթագիրք հանելու փոխարէն՝ կապոյտ աչք եւ ձիու պայտ հանեմ, եւ զանոնք ձեռքս բռնած աղօթեմ։ Ձիու պայտ դնելը հրաւէր մըն է՝ ուղղուած սատանային, իր ոտքը դնելու մեր կեանքէն ներս։
Ն. ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ.- Հայր Սուրբ, ոմանք ալ բախտագուշակի կ՛երթան. բախտագուշակի դիմելը սխա՞լ է։
Վ. ՎՐԴ. ՄԵԼՈՅԵԱՆ.- Աստուածաշունչը կը պատուիրէ քարկոծել վհուկն ու հմայողը (Ղւ 20.27)։ Կ՛արգիլէ հմայութիւն եւ գուշակութիւն ընելը (Ղւ 19.26)։ Կը պատուիրէ չդիմել վհուկին ու հմայողին, որպէսզի չպղծուինք (Ղւ 19.31)։ Զօրեղ կերպով կը շեշտէ, որ բախտի նայիլը, գուշակութիւն, հմայութիւն եւ դիւթութիւն ընելը, կախարդ, վհուկ, նշանագէտ կամ մեռելահմայ ըլլալը՝ մեզ Աստուծոյ աչքին գարշելի կը դարձնեն (Բ.Օր 18.10-12)։ Աստուած կը հաստատէ, որ կախարդութիւն եւ հմայութիւն ընելը կամ այդպիսիներուն քով երթալը ՉԱՐՈՒԹԻՒՆ է (Դ.Թգ 17.17, 21.6։ Բ.Մն 33.6։ Թւ 22.7։ Ես 47. 9, 12։ Եզ 21.21-23, 29։ Ես 2.6-12։ Դն 2.2, 5.7, 15։ Ա.Տմ 4.1-2)։ Եւ այլն։
Ինչո՞ւ մարդիկ բախտագուշակի կ՛երթան։ Կ՛երթան՝ գիտնալու համար իրենց ապագան։ Ասիկա Աստուծոյ կամքին հակառակ բան է, որովհետեւ Աստուած չ՛ուզեր, որ մենք ապագան գիտնանք (Դն 2.27, 4.7)։ Աստուած կ՛ուզէ, որ մենք օրը օրին հաւատքով ապրինք։ Կ՛երթան՝ մէկուն գործի «յաջողութիւն» բերելու համար, իսկ ուրիշի մը՝ գործերու ձախորդութիւն, մէկ մը նեղութիւն տալու համար, ուրիշի մը՝ նեղութիւնը փարատելու։ Այդպիսիներ կը մոռնան, որ Աստուած ի՛նքն է մարդոց օգնողն ու օրհնողը, զօրացնողն ու զօրավիգ կանգնողը։ Կ՛երթան՝ ասոր-անոր թուղթ ընելու համար։ Այդպիսիներուն կ՛ըսենք.- Թո՛ւղթ ընելու փոխարէն, աղօ՛թք ըրէք իրարու համար։ Թուղթով ձեր նմանը չարի կապանքին տակ առնելու փոխարէն, աղօթքով զանոնք ազատեցէք չարին կապանքէն։ Երբ թուղթ ընէք, կը դառնաք գործակիցները սատանային, իսկ երբ աղօթք ընէք՝ կը դառնաք գործակիցները Աստուծոյ։
Կ՛եզրակացնեմ ըսելով.
Սուրճի գաւաթ կարդալու փոխարէն՝ Աստուածաշո՛ւնչ կարդացէք։
Կապար թափելու փոխարէն՝ արցո՛ւնք թափեցէք խաչին առջեւ։
Կապոյտ աչք կախելու փոխարէն՝ խա՛չ կախեցէք ձեր վիզերէն:
Ձիու պայտ դնելու փոխարէն՝ սրբապատկերնե՛ր դրէք։
Բախտագուշակի դիմելու փոխարէն՝ աղօթողներո՛ւ դիմեցէք։
Իրարու դէմ թուղթ ընելու փոխարէն՝ աղօ՛թք ըրէք իրարու համար։
Shat hetaqrqir er.
Shnorhakalutjun.
Eskancheli nout eh. Menk, dzaraveh ounink aysbisi lousapanoutunnerou…
Shnorhagaloutiun
Երանի՜ թէ այսպիսի տեղեկութիւններ աւելի մատչելի ըլլան հանրութեան, որպէսզի հոգեւոր խաւարէն դուրս բերենք զանոնք: